Ուրբաթ, 18 Մայիս 2012 - Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտներու ամավերջի հանդէս


Պուրճ Համուտ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աւարտական աշակերտեներու վկայականներու բաշխումի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ հինշգաբթի, 17 մայիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի hայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական գործիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները լսելէ ետք, խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ նշեց, թէ շրջանաւարտները տքնեցան տարիներ շարունակ եւ անոնք շուտով պիտի անդրադառնան, որ իրենց ձեռքբերածը տքնանքին վերջը չէր, այլ նոր սկիզբ մը` աւելի լուրջ եւ աւելի պատասխանատու աշխատանքի:
Պրն. տնօրէնը ըսաւ. «Մենք մեր արձանագրած նուաճումներով` թիւի աճով, կազմակերպուածութեամբ, պետական քննութիւններու յաջողութիւններով ու ազգային դաստիարակութեամբ չենք բաւարարուած եւ պիտի չբաւարարուինք, որովհետեւ մեր ձգտումներնու երազները սահման չունին»: Պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով թիկունք կը կանգնին վարժարանին:
Նայիրի Սգայեան ասմունքեց «Վերջին զանգ»ը, որուն յաջորդեց շրջանաւարտ Լորի Եթերեանի հայերէն խօսքը: Եթերեան նշեց, թէ շրջանաւարտները ապագային դժուարութիւնները պիտի յաղթահարեն, քանի որ վարժարանին մէջ անոնք զինուած են գիտութեամբ, վստահութեամբ եւ անվախութեամբ: Եթերեան ըսաւ. «Մեր ծառը (դպրոցը) կանգուն է եւ բոլոր մրրիկներուն դիմաց պիտի մնայ վեհու խիզախ: Մեր ծառը նոր թռչուններու ամուր եւ վստահելի բոյնն է, ուրկէ անոնք երամ-երամ պիտի անցնին եւ հպարտօրէն պիտի ըսեն, որ իրենք ալ Մեսրոպեանական են»:
«Ղարաբաղցին» երգի խմբային կատարումին յաջորդեց շրջանաւարտներու արաբերէն խօսքը, որ ներկայացուց Ռիթա Պօղոսեան: Ան ըսաւ, որ Մեսրոպեանի մէջ աշակերտները ստացան արժէքներ, որոնք առյաւէտ պիտի մնան: Պօղոսեան նշեց, որ Մեսրոպեանի յիշատակները իրենց մտքերուն մէջ պիտի մնան թարմ: Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան գիտութեան յեղափոխութեամբ կը վերադառնայ իր անցեալի փայլուն օրերուն:
Իսկ հայկական պարի մը ներկայացումէն ետք, ֆրանսերէնով խօսք առաւ Նուարդ Օհաննէսեան, որ շեշտեց, թէ Մեսրոպեանի վերջին տարին տարբեր էր մնացեալ տարիներէն, երբ շրջանաւարտները միասնաբար անցուցին ուրախութեան եւ տխրութեան պահեր, որոնց շնորհիւ զօրացաւ ինքնակառավարման սկզբունքն ու վճռակամութիւնը, որոնց շնորհիւ պիտի չյանձնուին, այլ` դէմ պիտի կանգնին բոլոր տեսակի մարտահրաւէրներուն:
Սարա Սարաֆեան եւ Մեղեդի Մսըրեան ներկայացուցին Ուիլիըմ Սարոյեանի մտածումներէն հատուած մը, որմէ ետք անգլերէնով խօսք առաւ Նայիրի Սգայեան, որ նշեց, թէ Մեսրոպեանի մէջ ուսուցիչները ե՛ւ բարեկամներ էին, ե՛ւ ծնողներ ե՛ւ առաջնորդներ: Ան ըսաւ, որ ուսուցումը Աստուածատուր շնորհք է, որովհետեւ ուսուցիչները նոր սերունդներ կը պատրաստեն: Սգայեան հաստատեց, որ շրջանաւարտները ապագայի յոյսերն են:
Մնջախաղի իւրայատուկ ներկայացումով եւ Սինթիա Արապկիրլեանի կողմէ □Եա Պէյրութ□ երգի կատարումով շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը: Օրուան պատգամը փոխանցեց Հայր Պութրոս Ազար, որ շեշտեց, թէ Համբարձման օրը այս հանդիսութիւնը կազմակերպելը էապէս ունի քրիստոնէական իր յատուկ նշանակութիւնը: Հայր Ազար նշեց, թէ հայութիւնը իրենց արմատներուն կառչելով եւ Լիբանանին ծառայելով էապէս կը կատարեն իրենց ազգային եւ քաղաքացիական պարտականութիւնները: Լիբանանի դպրոցներու վիճակին մասին խօսելով, Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ, որ պէտք է այդ մարզին մէջ մեծ բարեկարգումներ եւ փոփոխութիւններ կատարուին: Հայր Ազար շրջանաւարտներուն յայտնեց, որ պէտք է պայքարին իրենց ի խնդիր իրենց իրաւունքներուն եւ ի դէմ խաւարին:
Գեղարուեստական բաժինը շարունակուեցաւ խառն պարերու կատարումով, որմէ ետք խումբ մը շրջանաւարտներ երգեցին «Պատերազմ ենք գնում» երգը: Ապա ներկաները դիտեցին շրջանաւարտներու վարժարանի օրերուն նուիրուած տեսաերիզ մը:
Յառաջիկայ տարեշրջանի շրջանաւարտներուն «Մեսրոպեանի Վահան»ի փոխանցումին յաջորդեց «Վերջին զանգ» խմբերգի հաւաքական կատարումը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ պրն.Անդրանիկ Մսըրլեան եւ վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը: Նշենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը երրորդ տարին ըլլալով աւարտական դասարանի գիտական եւ գրական բաժիններու ամենաբարձր միջին ապահոված աշակերտներուն կը նուիրէ նիւթական պարգեւներ:
Իր կարգին, արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Դուք բարիքներով եւ գիտութեամբ պիտի երթաք դէպի նոր աշխարհ: Կ՚երթաք մեծ երազներով, բայց մի մոռնաք որ կեանքը փորձառութիւններու դպրոց է»: Հայր Թէյրուզեան կոչ ուղղեց պահպանելու լեզուն, եկեղեցին, հայրենիքը, աւանդութիւններն ու Մեսրոպեան վարժարանը:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ շնորհաւորութիւններու ընդունում:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ