Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2011 - «Հայաստանի հանրապետութիւն - սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողով


Պէյրութ

Երկուշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ կազմակերպուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» նիւթով գիտաժողովին պաշտօնական բացումը, որուն մասնակցեցան արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեան, գերյ. հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ դոկտ. Արամ Սիմոնեանին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտարարեց, որ Հայկազեան համալսարանին մէջ հաստատուած է եւ 2011-2012 տարեշրջանին պիտի սկսի գործել Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց կեդրոն, որուն հիմնական կեդրոնացումը պիտի ըլլայ Միջին Արեւելքի վրայ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ