Չորեքշաբթի, 13 Մայիս 2015 - Յարգանքի եւ երախտեաց տուրք գերապայծառ Չոլաքեանին

 

 

Իսթանպուլ

 

 

Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՏԷՐ ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԶԷՔԻԵԱՆ

Հաճոյքն ունի հրաւիրելու Ձեզ

Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վաստակաւոր Վիճակաւոր

ԱՐՀԻԱՊԱՏԻՒ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉՈԼԱՔԵԱՆԻ

ի պատիւ յոբելինական հանդիսութեան,

որ տեղի պիտի ունենայ 24 մայիսի հոգեգալստեան կիրակին,

Գատըգիւղի «Սուրբ Լեւոն» եկեղեցւոյ մէջ, որպէս յարգանքի եւ երախտեաց տուրք

Գերապայծառ Չոլաքեանի Թեմին մատուցած եօթը տասնեակ տարիներու քահանայական

եւ գրեթէ կիսադարեան արքեպիսկոպոսական ծառայութեան:

Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցանէ թեմիս վիճակաւորը, ժամը 11-ին:

Սուրբ Պատարագին պիտի յաջորդէ սիրոյ սեղան եւ Յոբելեարի մեծարանք:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ