Հինգշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2012 - Վատիկանի արտգործ նախարարի ելոյթը Մակի 67-րդ վեհաժողովին


Նիւ Եորք

«Սուրիոյ Տագնապը կը լուծուի Միջազգային Օրէնքները Յարգելով։ Մակը Բարեկարգումի Պէտք ունի» ըստ Սուրբ Աթոռի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի:

Սուրբ Աթոռի Արտգործ Նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթի` Նիւ Եորքի Մակի 67-րդ վեհաժողովին ելոյթ ունենալով հաստատած է թէ Սուրիոյ տագնապի ոչ մի լուծում կարելի է եթէ չյարգուին միջազգային օրէքները»։ Ապա մատնանշած է թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը բարեկարգումի կարիքը ունի։ Մակը - ըսած է գերապայծառ Մամպերթին - իր հիմնադրութենէն 67 տարիներ ետք կը նմանի հսկայի մը կաւէ ոտքերով ու այսօրուայ իրողութեամբ ազդեցութիւն չունի միջազգային իրադարձութիւններուն վրայ։ Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Մակը խաղաղութեան ի սպաս «տիեզերական» հանգամանք ունեցող օրէնսդրութիւններ հաստատեց։ Մարդու իրաւունքի պաշտպանութիւն, հիւլէական զինադափում, տարածաշրջանային, քաղաքացիական եւ երկողմանի հակամարտութիւններու կարգաւորում... արդ ինչպէս ուրեմն կարելի չէ արդար ու ճշմարիտ համաշխարհային կառավարելիութիւն մը ստեղծել - հարց տուած է Վատիկանի դիւսանագէտը» ու մէջբերելով Բենեդիկտոս ԺԶ. խօսքերը կոչ ուղղած է Մակին վերատեսնելու համար իր իքնութիւնը, հաստատելով որ Սուրբ Աթոռի այս առաջարկը, բարոյական պահանջի մը պատասխանն է: Հարց տալու ենք - աւելցուցած է գերապայծառ մամպերթին - եթէ երկրագունդը յուզող ճգնաժամերը կապակցութիւն չ̓ունին մարդաբանական խոր տագնապի հետ, այսինքն այն ընդհանուր ըմբռնումի պակասին թէ իրականութեան մէջ ի՞նչ է մարդը ։Այս կէտէն մեկնելու ենք վերակարգելու համար Մակի զանազան մասնճիւղերը, ունենալով հիմնական արժէքներու շուրջ համատեղ ըմբռնում իչպէս մարդկային արժանաւորութեան յարգանքը, ի մասնաւորի կրօնի ազատութիւնը եւ մադկային ամբողջական զարգացումի յառաջացումը, որ իրաւական, տնտեսական, հասարակական պայմաններ ստեղծէ, որոնք կարենան արտացոլել մարդու արժանաւորութեան կարեւորութիւնը, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=626589


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ