Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2011 - Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդի 45-րդ տարեկան ժողովը


Պքերքէ, Լիբանան

Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսաց խորհուրդը իր 45-րդ տարեկան ժողովը գումարեց 21-էն 26 նոյեմբեր 2011, Պքերքէյի մէջ Լիբանան։ Ժողովին մասնակցեցան մարոնիթ պատրիարք Ալ Րային, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, յոյն կաթողիկէ Լահհամ պատրիարքը, Ասորի կաթողիկէ Եունան պատրիարքը եւ կարդինալ Սֆէյր պատրիարքը։ Բացման արարողութեան մասնակցեցաւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ մոնսինիոր Կապրիէլ Քաչչա։

Փակման հաղորդագրութեան մէջ, հոգեւոր պետերը քննարկեցին երիտասարդներուն ներկայ տագնապալի իրավիճակը Լիբանանի մէջ, անոնց դիրքն ու դերը Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան մէջ եւ  Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութիւնը անոնց հանդէպ։ Հոգեւոր պետերը անդրադարձան Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի ներկայ իրավիճակին, կոչ ուղղելով հանդարտ երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ խաղաղ լուծումներու որդեգրման միջազգային օրէնքներուն համաձայն, ինչպէս նաեւ անոնք արծարծեցին Եկեղեցւոյ ներքին կազմակերպչական հարցեր։   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ