Երեքշաբթի, 11 Մայիս 2010 - Գոյժ՝ քոյր Նարդուհի Ուստաքարայեանի


Պէյրութ, Լիբանան

 

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Նարդուհի մկրտութեան անունով՝ Ալիս Ուստաքարայեան, որ պատահեցաւ կիրակի 9 Մայիս 2010։

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի 10 Մայիսին, Զմմառու մէջ։

Քոյր Նարդուհի Ուստաքարայեան ծնած է Այնթապ, 29 Մարտ 1919-ին։ Ան կը յաճախէ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Քեսապի դպրոցը: 1936-ին կը մեկնի Հռոմ մաս կազմելու համար քոյրերու միաբանութեան: 3 տարիներ ետք, 1939-ին, կրօնաւորական սուրբ ուխտերը կը կատարէ:

Քոյր Նարդուհին կը պաշտօնավարէ Պէյրութի, Քեսապի, Պուրճ Համուտի, Դամասկոսի, Զահլէյի, Անճառի, Ամմանի, Թեհրանի, Հալէպի եւ Զմմառու մէջ:

 

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանը եւ կայքէջի պատրիարքական յանձնախումբը կը ցաւակցին անոր պարագաներուն եւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան, այս մեծ կորուստին համար: Թող Աստուած ընդունի զինք իր Արքայութեան մէջ եւ Եկեղեցւոյ եւ միաբանութեան տայ նորանոր կոչումներ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ