Չորեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2008 - Զմմառու Դպրեվանքի Պաշտպան Ս. Միքայէլ Հրեշտակապետի Տօնը

 

Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի մէջ նշուեցաւ դպրեվանքի հովանաւոր ու խնամատար Ս. Միքայէլ հրեշտակապետի եւ միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի անուան տօնը։ Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2008-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, վանական եկեղեցւոյ մէջ հրաւիրեալները, մեծ թիւով հոգեւորականներէ, պետական բարձրաստիճան այրերէ եւ ազգայիններէ բաղկացած, ներկայ գտնուեցան սուրբ պատարագին, զոր մատուցեց եւ քարոզեց Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ Մուրատեան։ Ապա տեղի ունեցաւ հացկերոյթ որ սկիզբ առաւ ժառանգաւորներէն Ֆատի Պարգեւ Պաշխանճեանի հայերէն բացման խօսքով ։ Ան անդրադառնալով դպրեվանքին մէջ հայրենաւանդութեան դաստիարակութեան ՝ ըսաւ Հաւատացած ենք, որ մասնաւորաբար այս տարի,երբ միաբանութիւնը,գլխաւորութեամբ վանքի մեծաւոր հօր եւ վարչութեան, նախաձեռնած է հայոց լեզուի ու գրականութեան միամեայ դասընթացք, միտուած մեր՝ ժառանգաւորներուս հայոց լեզուի ու գրականութեան իմացութիւնը խորացնելու եւ մեր մայրենիին հանդէպ սէրը բոցավառելու եւ Ս. Միքայէլ հրեշտակապետին օրհնութեամբ կը փորձէ Աստուածային գիտութեան հզօր լոյսը իբրեւ պատգամ մատուցել մեզի։ Միաբանութեան մեծաւորին

անուանակոչութիւնը շնորհաւորելով՝ ան եզրափակեց խօսքը. Երկու տարիէ ի վեր տօնը առաւել փայլք ստացաւ, որովհետեւ միաբանութեանս տնօրինութիւնը վստահուեցաւ խոհեմ, իմաստուն եւ ամէնէն կարեւորը՝ ազգային մեծաւոր հօր մը՝ յանձինս Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ Մուրատեանի։ Ան ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ մեր բարօրութիւնը ապահովելու ու կը հաւատայ, որ միայն ու միայն կրթութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ հնարաւոր է իրագործել ապագայի բոլոր ծրագիրները, եւ որ մարդը Աստուծոյ շնորհքով եւ գիտութեամբ միայն կրնայ հասնիլ զարգացման բարձրագոյն աստիճանի։ Ապա արաբերէնով խօսք առաւ ժառանգաւորներէն Էլի Եղիա Մարսուանեան։ Ան ժառանգաւորներուն անունով ուխտի վերահաստատման խոստում տալով ըսաւ. Սոյն տօնը մեզի համար ոչ միայն օրացուցային տօն է, այլ նաեւ՝ ուխտի վերանորոգման տօն, արժանի ըլլալու այն վեհ կոչումին, որուն համար համախմբըւած ենք սրբազան այս վայրին, մէջ եւ որուն իրականացման համար դուք ալ՝ միաբան հայրեր, ձեր կարգին ջանք ու եռանդ չէք խնայեր։ Այնուհետեւ խմբավար Էտի Թորիկեանի ղեկավարութեամբ ժառանգաւորները հնչեցուցին կոմիտասեան Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւը, Ղ. վրդ. Տէր Մինասեանէն Կարօտի երգը եւ դպրեվանքի քայլերգը՝ Յովսէփ Ծ. վրդ Ֆերահեանէն Օ՛ն դու ակումբը։ Ապա խօսք առաւ միաբանութեան մեծաւոր Միքայէլ Թ. Ծ. վրդ Մուրատեան, ան ողջունելէ ետք ներկաները, զեկուցեց միաբանութեան խնամքին յանձնուած նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն ծաւալած աշխատանքներուն մասին՝ ըսելով


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ