Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2014 - Հոգեւոր Տիրոջ նամակը Նորին Ամենապատուութիւն Սագօ Պատրիարքին

Պէյրութ

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նամակ մը յղեց իրաքի Նորին Ամենապատուութիւն Լուիս Ռուֆայիլ Ա. Սագօ քաղդէացիներու պատրիարքին, որով կը նշէ, թէ մեծ էր իր փափաքը անձամբ կիսելու Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան տառապանքը, բայց կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ միանալ հոգեւոր առաջնորդներու խումբին, որոնք առաքելութեամբ մը Լիբանանէն ուղուեցան Արպիլ: Հոգեւոր Տէրը նոյն նամակով կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Իրաքի մէջ տառապող քրիստոնեաներուն յիշեցնելով՝ հայ ազգի կրած արհաւիրքները պատմութեան ընթացքին, երբ 1915-ին, օսմանեան իշխանութեան ձեռքով զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ:

Ան յայտնեց նաեւ իր սէրն ու ջերմ աղօթքները առ Աստուած, որ  շուտով հեռացնէ այս ամպը անմեղ ու տառապեալ ժողովուրդէն յիշելով, որ Գողգոթայի ճամբան Տէր Յիսուս Քրիստոս փրկիչի շնորհքով հաւատքի նահատակութեան կը տանի:


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ