Հինգշաբթի, 25 Ապրիլ 2013 - Ապրիլեան նահատակներու յիշատակը՝ Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս հայոց եկեղեցւոյ մէջ

Հռոմ

Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2013, երեկոյեան ժամը 5: 30-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանէն ներս եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ ոգեկոչում ու հանգստեան պաշտօն՝ Ապրիլեան աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու հոգիներուն համար, որոնք 98 տարիներ առաջ, ցեղասպանութեան ենթարկուեցան Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ:

Այս  յուզիչ, սակայն մխիթարիչ ոգեկոչման արարողութեանը ներկայ էին՝ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի ենթաքարտուղարը՝ Գերյարգելի Հայր Մաուրիցիո Մալվեսդիդի, Արեւելեան ու Պատրիարքական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Սուրբ Աթոռի մօտ, Հոգեշնորհ Հայր Գառնիկ Մխիթարեան՝ ժողովրդապետ Հռոմի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Իտալիոյ մօտ՝ Պրն. Սարգիս Ղազարեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր դեսպան Սուրբ Աթոռի մօտ՝ Պրն. Միքայէլ Մինասեանը, Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Իտալիոյ մօտ՝ Պրն. Շարպէլ Սթֆէն, Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան Սուրբ Աթոռի մօտ՝ Պրն. Ժորժ Խուրի, ինչպէս նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, Հռոմի վարժարաններու տեսուչներն ու համալսարաններու տնօրէնները, Հայ-Իտալացի եւ Արաբ հաւատացեալներու խուռներամ մեծ բազմութիւն մը:

Այս սրբազան մեծ արարողութիւնը սկիզբ առաւ սուրբ եւ անմահ Պատարագով, որ մատոյց Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի տեսուչ՝ Գերյ. Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեան: Մեծաւոր գերյարգելին իր խօսքը սկսաւ նկարագրելով այս օրը որպէս յիշատակի եւ յուշի օր, ու շարունակեց ըսելով թէ այս օրը, աշխարհի չորս ծագերուն, տեղի կ'ունենան դասախօսութիւններ եւ հանդիպումներ, սակայն աշխարհի մութ քաղաքական անկիւններու մէջ վիճակներ կը ձգուին թէ ինչպէս կարելի է յետաձգել եւ կամ երկարաձգել այս աղետին ճանաչողութիւնը: Մենք այստեղ որ հաւաքուած ենք, ըսաւ տեսուչ հայրը, մեր նպատակը չէ այս բոլոր հարցերը լուծել, այլ՝ զԱստուած աղօթել որովհետեւ ինքն է միակ ճշմարիտն ու ճշմարտութիւնը ճանչցողը... սակայն այս մէկը մեզ սահման չդնէր որպէսզի հարց տանք ըսելով թէ ուր է մարդուս խիղճը եւ թէ միեւնոյն ժամանակ յիշել Աստուծոյ ձայնը երբ Կայէնին ըսաւ թէ ուր է քու եղբայրդ: Մարդս կը շարունակէ ծառեր ցանել որպէսզի անոնց ետին պահուըտի... սակայն այսօր վաւեր չէ «չեմ գիտեր» եւ կամ « ինք ըրաւ» պատասխանը: Պարզապէս լաւ զոհ նուիրելը տրամաբանական պատճառ չի հանդիսանար նախանձը գոհացնել՝ սպաննելով աշխարհի կէսը: Այսօր սպանութիւնը շատ մը իմաստները զգեցած է զոր օրինակ, երբ մանուկ մը կը սպաննուի կը կոչուի ոճիր սակայն երբ վիժում կը կատարուի՝ կը նկատուի որպէս մարդկային իրաւունք: Մենք յաճախ, աւելցուց գերյարգելին, զգայուն ենք անասուններու հանդէպ, սակայն երկրորդական՝ մարդու արժէքներու հանդէպ: Այսօր սրբավայրերն ու եկեղեցիները քիչեր են որոնք կ'այցելեն, որովհետեւ մարդ արարած կը փորձէ փախչիլ դէմ հանդիման գտնուելէ իր Տիրոջ հետ, ինչ որ վաւեր է նաեւ բոլոր նահատակներուն, որոնք կը նկտաուին մէկական սուրբ խորաններ ու սրբավայրեր՝ որոնց դիմաց պէտք ենք ծնրադրել ու յարգանք ցուցաբերել: Այսօր, շարունակեց տեսուչ գերյարգելին, այս մարդեղացած սուրբ խորաններն են, որոնք մեզ յոյս կը ներշնչեն ապագայի մարդկային սրբութեան եւ արժէքի վերահաստատմանը համար:
Մեծաւոր հայրը իր խօսքը աւարտեց, աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած որպէսզի դատապարտէ ՄԵՂՔԸ սակայն իր անչափ ողորմութեամբը՝ ՈՂՈՐՄԻ մեղաւորը:

Յետ Սուրբ Հաղորդութեան բաշխմանը, ներկայ ժողովուրդին բաժնուեցան մոմեր, ու մեծ թափօրով բոլորը ուղղուեցան դուրսը գտնուող խաչքարին առջեւ, ուր նախ կատարուեցաւ մշակութային փոքրիկ յայտագիր մը՝ մեկնած ու ներշնչուած այս յիշատակի շունչէն, որմէ ետք յաջորդեց հայր Գառնիկ Մխիթարեանի սրտի խօսքը եւ ծաղկեպսակը զետեղելէ ետք՝ վարժարանին նորընծաներու կողմէ կատարուեցաւ Հայկական քայլերգն ու Երանելի Մալոյեանի նուիրուած երգը:
Այս բոլորէն ետք, մեծաւոր գերյարգելին բոլոր ներկաներուն, վարժարանին քառանկիւնը հրաւիրեց՝ որպէսզի բաժնեկից դառնան հայկական ընտանեկան հացին ու հոգեճաշին.

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ