Երեքշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի նոր համացանցային հաշիւը «Twitter» վրայ
Վատիկան

Երէկ՝ երկուշաբթի 3 դեկտեմբերին,  Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը իր նոր համացանցային հաշիւը ունեցաւ «Twitter» վրայ: Պաշտօնական հասցէն է՝ Benoît XVI @Pontifex (twitter.com/Pontifex_fr):

Ան իր առաջին խորհրդածութիւնները եւ հաւատքի շուրջ հարցումներուն պատասխանները «Twitter» վրայ պիտի հրատարակէ 12 դեկտեմբերէն սկսեալ: Այս նոր համացանցային հաշիւին մասին յայտարարուեցաւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Վատիկանի մէջ, ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ քարտուղարութեան եւ հաղորդամիջոցներու պատասխանատուներուն: Սրբազան Քահանայապետի նոր համացանցային հաշիւը պիտի ըլլայ զանազան լեզուներով:

Յիշենք, որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ունի իր նոր համացանցային հաշիւը «Twitter» վրայ, անցեալ սեպտեմբերէն սկսեալ: Ան շաբաթական հերթականութեամբ խորհրդածութիւններ կը հրատարակէ Նոր Աւետարանացումի եւ հաւատքի մասին:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ