Ուրբաթ, 19 Հոկտեմբեր 2012 - Նոր աւետարանացման սիւնհոդոսի «Քննարկումէ ետք տեղեկագիրի» ներկայացում


Վատիկան

Չոքրեքշաբթի 17 հոկտեմբերի սիւնհոդոսական յետ միջօրէի նիստի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետին ներկայութեամբ, Գերմանացի կարդինալ Տոնալտ Ուիլլիամ Ուերել ամփոփելով սիւնհոդոսական հայրերու ցայժմ կատարած միջամտութիւններու առաջարկները, ի պատրաստութիւն վերջնական վաւերաթուղթին, ներկայացուց «Քննարկումէ Ետք Տեղեկագիրը» ըսելով. «Նոր աւետարանացումը ժամանակաւոր յայտագիր մը չէ, այլ նոր եղանակ մըն է տեսնելու Եկեղեցւոյ ապագան եւ յանձնառումով վերանորոգելու մեր հաւատքը, որովհետեւ Եկեղեցւոյ գլխաւոր առաքելութիւնն է Աւետարանի քարոզչութիւնը։

Սիւնհոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն ընդգծեց թէ հոգեւոր վերանորոգումին հարկաւորութիւնը, որուն Եկեղեցին կանչուած է, զայն պէտք է հռչակէ եւ իրականացնէ։ Ան ապա գործնական մատնանշումներ կատարեց նոր աւետարանացման վայրերու մասին, ինչպէս ժողովրդապետութիւնը, փոքր հասարակութիւնները, դպրոցը, համալսարանը, ուխտագնացութեան վայրերը եւ կրօնուսոյցները, որոնց հարկաւոր է շնորհել մնայուն պաշտօն մը Եկեղեցւոյ մէջ։

Կարդինալ Ուերլ վերակոչեց մասնաւորապէս ամունութիւնը, ընտանիքը` որպէս պաշպանութեան կարօտ հաստատութիւն մը ու հաւատքի փոխանցման լաւագոյն վայր։ Կարդինալ Ուերլ անդրադրաձաւ նոյնպէս Եկեղեցւոյ մէջ կնոջ հիմնական դերին։ Իր միջամտութեան մէջ, ծիրանաւորը, բնականաբար լայն տեղ յատկացուց հոգեւորականներուն, վանականներուն, որոնց առաքելութիւնը անփոխարինելի է, եւ ընդգծեց անոնց լաւ կազմաւորումի անհրաժեշտութիւնը ու անոնց կուսակրօնութեան կարեւորութիւնը:
Սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն հուսկ մատնանշեց աշխարհականներու կարեւոր դերին` նոր աւետարանացման համար։ Բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են հրաւիրելու հաւատացեալները ապրելու իրենց հաւատքը թէ խօսքով եւ թէ գործով։
Իր միջամտութեան աւարտին սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատուն ժողովական հայրերէն խնդրեց պատասխանել սիւնհոդոսական քարտուղարութեան կողմէ պատրաստուած 14 հարցումներուն, որոնց պատասխաններու հիման վրայ պիտի պատրաստուի Սիւնոդոսի վերջնական վաւերաթուղթը։
Ան ապա իր միջամտութիւնը եզրափակեց ըսելով. «Այժմ, որ Եկեղեցին կը ճանչնայ իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, լարուածութիւնները, մտահոգութիւնները, մեղքերն ու մարդկային տկարութիւնները, ժամանակն է սպասելու նոր Պենետեկոստէն եւ ապրելու Աստուծոյ խօսքը եւ զայն ուրախութեամբ բաժնելու ուրիշներու հետ։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=630926


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ