Հինգշաբթի, 26 Յունուար 2012 - Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները երախտագիտութիւն կը յայտնեն ֆրանսային


Զալքա

23 Յունուար 2012-ը պատմական օր մը եղաւ հայութեան համար: Այն օր Ֆրանսայի Ծերակոյտը որդեգրեց ցեղասպանութիւններու, ընդ որում Հայոց Ցեղասպանութեան, ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:  Այս օրը ոսկեայ տառերով պիտի գրուի ոչ միայն հայ ժողովուրդի 95-ամեայ պայքարի էջերուն մէջ, ոչ միայն Ֆրանսայի ու Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ, այլ նաեւ համաշխարհային մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գիրքին մէջ:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 25 Յունուարի առաւօտեան սուրբ Պատարագին արարողութենէն ետք, վարժարանիս բոլոր աշակերտութիւնը հաւաքուեցաւ շրջափակին մէջ, ուր կը հնչէր հայրենական երաժշտութիւն եւ հպարտօրէն կը ծածանէր Հայաստանի ու Ֆրանսայի դրօշակները, ինչպէս նաեւ «Merci France» շնորհակալական արտայայտութիւնը կրող ցուցապաստառները:
Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով, իւրայատուկ նկատեց այս առիթը, որովհետեւ □Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ կատարուած այս մեծ քայլը յաղթանակ մըն է ամբողջ հայութեան համար: Յաղթանակ մը, ընդ որում աշխարհի մեծագոյն երկիրներէն մին բանտարկութեան կամ տուգանքի կ՚ենթարկէ այն, որ կը ժխտէ ցեղասպանութիւնները, որոնց շարքին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Այս օրինագիծը կու գայ քայլ մը առաջ տանելու ջարդարար թուրքին դէմ մեր տարիներու պայքարին ընթացքը□: Տիկ. Պոյաճեան աւելցուց նաեւ, որ «հայութիւնը այսօր երախտապարտ է հայերու բարեկամ երկիր Ֆրանսային եւ կը յուսայ, որ Ֆրանսայի պետութեան այս քաջ արարքը օրինակ հանդիսանայ այլ պետութիւններու, մինչեւ հասնի այն օրը, երբ Թուրքիան քաջութիւնը ունենայ ընդունելու մեր նախահայրերը ջարդած ըլլալու իր աններելի յանցանքը եւ անցնի փոխ-հատուցում կատարելու հանգրուանին»:
Վարժարանիս աշակերտութիւնը, Մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանները, միաբերան շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանսային՝ այս իսկապէս շնորհակալ եւ գնահատելի օրինագիծին համար, որուն յաջորդելիք նորանոր նուաճումներու յոյսերով զարդարուած են հայ ժողովուրդին Հայ Դատին հետ առընչուած երազները:
Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ժառանգորդ հայ ժողովուրդը ամենուրէք միակամ հաւատքով դարձեալ խօսքը աշխարհին ուղղելով կ'ըսէ, թէ իրականութիւնները կարելի չէ քօղարկել, ճշմատութիւնները կարելի չէ չբացայայտել, եւ պիտի գայ այն օրը, երբ հակառակ թուրք ղեկավարներուն կողմէ ի գործ դրուած ճիգերուն եւ պատմական փաստացի իրողութիւնները զեղծելու տեւաբար կատարած քայլերուն, հայոց անժամանցելի դատը պիտի ստանայ իր արդար լուծումը եւ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, շնորհիւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի վճռակամ աշխատանքին եւ անզիջելի պայքարին:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
       
   

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ