Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015 - Հայաստանի Քայլերգը հնչեցուցին ոչ-հայ աշակերտներ

 

Պէյրութ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Անտոնեան մարոնիթ քոյրերու վարժարանը (Մար Տումիթ, Ռումիէ, Լիբանան) 5 մայիս 2015, երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, կազմակերպեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած հանդէս մը, որուն բացման եւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ  ուղղուած բարիգալուստի խօսքը արտասանեց քոյր Պասիմա Խուրի եւ որուն ընթացքին աշակերտները երգեցին նաեւ Հայաստանի քայլերգը հայերէնով։ Ոչ հայախօս աշակերտներու կողմէ Հայաստանի օրհներգին հայերէնով կատարումը, ոչ միայն յուզիչ էր, այլ նաեւ կը հանդիսանար հայ ժողովուրդին հանդէպ իրենց յարգանքին ու սիրոյն վկայութիւնը։  Այնուհետեւ, անոնք ներկայացուցին նաեւ թատրոն մը՝ որ կը պատկերացնէր հայոց Մեծ Եղեռնը, ինչպէս նաեւ հայկական պար մը:

Յայտնապէս յուզումնախառն ուրախութեամբ մը՝  Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հայրական խօսքով, ապա աղօթքով փակումը կատարեց այս գեղեցիկ հանդէսին, որուն յաջորդած հիւրասիրութիւնն ալ հայկական դրոշմ կը կրէր։ Արդարեւ, մարոնիթ քոյրերը եւ վարժարանին ուսուցիչները  հանդէսին մասնակիցները հիւրասիրեցին իրենց կողմէ խնամքով պատրաստուած հայկական համադամ  ճաշատեսակներով զարդարուած սեղանին շուրջ։

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ