Չորեքշաբթի, 2 Յուլիս 2008 - Թուղթ Շրջաբերական Քահանաներու Սրբութեան Միջազգային Աղօթքի Օրուան Առթիւ

 

 Թ Ո Ւ Ղ Թ    Շ Ր Ջ Ա Բ Ե Ր Ա Կ Ա Ն

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ

ՈՂՋՈՅՆ ԵՒ  ԱՍՏՈՒԱԾԱՒԱՆԴ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Պատուական Արհի. Արհի. Արքեպիսկոպոսներուն, Եպիսկոպոսներուն, Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներուն եւ
Արժանապատիւ Քահանաներուն

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետը, Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտի Տօնին առիթով, Քահանաներու Սրբութեան  Միջազգային Աղօթքի Օրը հաստատեց: Անցեալ տարի, մենք եւս մեր Պատրիարքական Աթոռին Զմմառու Վանքին մէջ գումարեցինք Քահանայից Վերանորոգումի Համաժողով մը,  գիտակից ըլլալով որ մեզի յանձնուած ժողովուրդը հոգեպէս վերանորոգելու եւ սրբացնելու համար՝ հարկ  է որ նախապէս մենք սրբանանք եւ վերանորոգուինք: Ամէն օր, Ս. Պատարագին սկիզբը՝ հաւատացեալներուն առջեւ կ’ընդունինք մեր մեղաւոր ըլլալը եւ կը խոստովանինք, ըսելով. "Խոստովանիմ առաջի Աստուծոյ եւ սրբուհւոյ Աստուածածնի եւ առաջի ամենայն սրբոց՝ զամենայն մեղս զոր գործեալ եմ: Քանզի մեղայ խորհրդով, բանիւ եւ գործով… մեղա՛յ մեղա՛յ: Աղաչեմ զձեզ, խնդրեցէ՛ք վասն իմ յԱստուծոյ զթողութիւն": Այս աղօթքը կը յիշեցնէ մեզի մեր մեղքերու վրայ խորհրդածելու  կարեւորութիւնը եւ Ս. Հոգիին օգնւթեամբ նոր արահետներ որոնելու, հանդիպելու համար ամէն օր Յարուցեալ Քրիստոսի դէմքին:

 ԱՂՕԹՔ ԵՒ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

Հարկ է  շեշտել, թէ  քահանային աղօթքը անոր կատարած գործին մէջ գերադասելի եւ գերակշիռ դեր ունի,  որովհետեւ քահանային ստանձնած  առաքելութեան ու հովուական գործունէութեան արդիւնքը կախեալ է անոր աղօթքի կեանքէն,  կախեալ է Յիսուսի հետ անոր անձնական յարաբերութենէն: Հովուական առաքելութեան անհրաժեշտ սնունդը՝ աղօ՛թքն է: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, "Աստուած Սէր է" իր առաջին Շրջաբերական Թուղթին մէջ, կը գրէ. "Ատենը հասած է վերարժեւորելու  աղօթքին կարեւորութիւնը ի դիմաց "աքթիվիզմ"ի եւ հետզհետէ ծաւալող աշխարհականացումի" (թիւ 37):

Յարգելի Եղբայրներ, մենք կանչուած ենք ըլլալու Աստուծոյ Գթութեան փորձագէտները, համոզուած ըլլալով որ աստուածային գթութիւնը կը գերազանցէ մեր մարդկային սահմանափակումները եւ մեզի կ’ուսուցանէ ներել իրարու: Այս ձեւով, մենք կը դառնանք  Աստուծոյ Գթութիւնը սփռող միջնորդներ՝ վիրաւոր մարդկութիւնը դարմանելու համար:

Մենք կանչուած ենք մեր քահանայական կոչումը ապրելու հաւատքով եւ խնդութեամբ, քանի որ մեր քահանայական կեանքը կ’արժեւորուի  ո՛չ թէ մեր  գործունէութիւններով, այլ՝ Քրիստոսի փրկչագործութեան ծրագրին մեր մասնակցութեամբ: Ասոր համար՝ մենք չենք երկնչիր Քրիստոսին նմանելու ամէն բանի մէջ, ցմահ: Մեր տիպարը Քրիստո՛սն է: Ան մեզմէ կը խնդրէ որ իրեն հետեւինք եւ  ըլլանք բոլոր տնեցիները լուսաւորող աշտանակի վրայ դրուած  ճրագներ (տես Մտթ. 5, 15): Այս նպատակին հասնելու համար, եղբայրնե՛ր, պարտինք ներթափանցել մեր կեանքը, քանի որ Յիսուս աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայէ մեր իսկութեան քան թէ մեր գործունէութեան: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը պիտի ըլլայ աղօթքի կեանքը, որուն հոգեւոր պտուղները պիտի քաղենք մեր հովուական գործունէութիւնները կատարելու ատեն, յատկապէս աղքատներուն, տառապեալներուն ու մանաւանդ Աստուծոյ խօսքին ծարաւ հոգիներուն մօտ
:
Հովիւին պարտականութիւնն է աղօթել իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն համար, աղօթել  անոնց համար, որոնք աղօթել չեն գիտեր կամ չեն ուզեր եւ կամ աղօթելու ժամանակ չունին: Հովիւին համար  Աստուծոյ աղօթելը՝ անոր հովուական առաջնահերթ զբաղումն ըլլալու է: Սաղմոսերգուն կ’ըսէ. "Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է եւ իմ շաւիղներուս՝ լոյս" (Սղ. 119, 105):

Մեր բազմազբաղութիւնը դժբախտաբար քահանաներս կը մղէ շատ անգամ զոհելու մեր հոգեւոր կեանքը, հակառակ որ գիտակից ենք թէ  մտածական աղօթքով եւ ամփոփումով պատրաստուած Ս. Պատարագը կրնայ մեծապէս լուսաւորել մեր առօրեայ գործունէութիւնը եւ մեր մարդկային փոխ յարաբերութիւնները : Իսկ ժամասացութիւնը կ’օժանդակէ մեզի աւելի ընտելանալու Աստուծոյ խօսքին հետ, Յիսուս աւելի լաւ ճանչնալու եւ անոր հետ մտերմանալու: Ժամասացութեան յատկացուած պահը՝ ո՛չ թէ կորսուած է, այլ հովուական գործին մաս կազմող թանկագին օժանդակութիւն մըն է:

ՄԵՐ ՆՕՍՐԱՑՈՂ ՇԱՐՔԵՐԸ

Մեր կղերական նօսրացող շարքերը մեզ անբաւարար դարձուցած են մեզի յանձնուած պարտականութիւնները կատարելու եւ նորանոր առաքելավայրերը հոգալու, յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի անհամար կարիքներուն պարագային: Այս իրավիճակը սակայն պէտք չէ մեզ յուսահատութեան մատնէ,  այլ մեզ աւելի խթանէ եւ  աւելի յանձնառու եւ  համոզկեր քարոզիչներ դարձնէ, որպէսզի կրկնապատկուած եռանդով Աւետարանին հարազատ վկաները հանդիսանանք: Եւ որովհետեւ մեր թիւը նօսրացած է, Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ՝ բարձր դրուած աշտանակի վրայ աւելի շողշողուն ճրագներ ըլլալու, որպէսզի մեզ դիտողները ա՛լ աւելի լուսաւորուին:

Քահանայական կոչումներուն առատութեան կամ սակաւութեան հարցը մեծ մասամբ կախեալ է քահանաներու կեանքէն ու վարքէն: Հոն ուր  քահանաները վերանորոգ ներքին կեանք մը կ’ապրին, այնտեղ անպատճառ կոչումներ կը ծաղկին: Քահանայական նոր կոչումներուն ծաղկումը՝ մեր յոյսի աղբիւրն է: Սակայն կոչումներ որոնելու համար՝ հարկ է նաեւ յղանալ հովուական յատուկ ծրագրեր ու չվարանիլ երիտասարդները յորդորել որ Յիսուսի հետեւին՝ միակը որ կարող է գոհացում տալ անոնց սիրոյ անձկութեան ե երջանկութեան պապակին:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԱՐՈՒԻԼ

Մեր հովուական բազմաթիւ կարիքներուն դիմաց՝ մեր ներկայ կղերին թիւով անբաւարարութիւնը կրնայ ոմանց յուսալքումի առաջնորդել: Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը այս լուրջ հարցին շուրջ Ալպանոյի քահանաներուն շնորհած տեսակցութեան մը ընթացքին այսպէս կ’արտայայտուէր. "Ամէն օր ինծի  բազմապիսի իրադարձութիւններ կը ներկայանան, որոնց բոլորին  պատասխան  տալ ես կարող չեմ: Կրցածս կը կատարեմ, ջանալով անոնց մէջէն առաջնահերթութիւնները զատորոշել: Ժողովրդապետը իր բազմատեսակ գործերուն դիմաց՝ ան եւս  ինքզինք առանձին կը զգայ: Անոր կ’ըսեմ թէ իր առաջին գործը պիտի ըլլայ՝ խոնարհաբար ճանչնալ իր սահմանափակութիւնը եւ յօժարիլ իր գործին մեծ բաժինը յանձնելու Տիրոչ": Ապա Սրբազան Պապը իբր օրինակ կը բերէ Աւետարանին հաւատարիմ ծառային առակը, "որ Տէրը պատասխանատու կարգեց տնեցիներուն վրայ, որպէսզի իր "ատենին" կերակուր տայ անոնց" (Մտթ. 24, 45): Այս խոհեմ եւ իմաստուն ծառան գիտէ իր գործերը յարմար ատենին եւ այլազան ժամանակին մէջ խոնարհութեամբ  կատարել, ապահով ըլլալով որ կը վայելէ իր տիրոջ վստահութիւնը:

Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը կը խրախուսէ  քահանաները, որ "րենց ոտքերը գետին ամրացուած եւ իրենց աչքերը երկինք սեւեռած պահեն" Եւ կ’աւելցնէ. "Քրիստոնէութեան էութիւնը չի կայանար միայն ճշմարտութիւններ դիզելու մէջ: Աւետարանացումի լաւագոյն ձեւը՝ կը մնայ սիրոյ կեանքը":

Անհրաժեշտ կը նկատեմ որ Սրբազան Քահանայապետին քարոզները եւ ճառերը կարդանք, որպէսզի մօտէն հետեւինք Եկեղեցւոյ կեանքի իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ  կաթողիկէ վարդապետութեան մեկնաբանութիւններուն՝ պատասխան տալու համար նորելուկ եւ թիւր ուսուցումներուն, որոնք կը վխտան ամենուրեք: Որքա՛ն հոգեշահ է նաեւ կարդալ մեզի ժամանակակից  սուրբերուն եւ երանելիներուն վարքը, իրազեկ դառնալու համար այս հարազատ քրիստոնեաներու կեանքին եւ նեղութիւններուն կամ հալածանքներուն ատեն իրենց վարուելակերպին:

Քահանային համար հարկաւոր է նաեւ ապաշխարանքի սուրբ խորհուրդին մերձենալ, որպէսզի ըմբռնէ եւ վայելէ Աստուծոյ սէրը եւ ողորմութիւնը, ապա իր հերթին՝ համոզիչ յորդորներով քաջալերէ  յատկապէս կարծրասիրտ  հաւատացեալները, որ մերձենան այս սրբարար խորհուրդին:

ՀՈՎԻՒԸ ԵՒ ՀՕՏԸ

Երբեմն կարգ մը քահանաներ կը գանգատին, թէ  ի՛նչ ալ ընեն՝ ապարդիւն է, որովհետեւ մարդիկ իրենց մտիկ չեն ըներ, այլ աշխարհի քարոզչութեան աւելի կը հաւատան եւ անոր կը հետեւին: Այս պատճառով, կը խորհին թէ իրենց ուժերը ընդունայն կը սպառեն: Ճիշդ է թէ աշխարհի քարոզչութիւնը յաճախ հրապուրիչ կերպարանք ունի, որովհետեւ անոր գործածած քարոզչական միջոցները՝ գիտութիւն դարձած են: Բայց եւ այնպէս, Եկեղեցւոյ հովիւները ընդհանրապէս կը շարունակեն ժողովուրդին անժխտելի վստահութիւնը  վայելելու երբ իրենց անբասիր կեանքով կը ցոլացնեն Քրիստոսի բարեգութ եւ քաղցր դէմքը եւ հաւատարմութեամբ կը կատարեն իրենց հովուական պարտականութիւնները: Ս. Պետրոս կ’ըսէ. "Հովուեցէ՛ք ձեզի յանձնուած Աստուծոյ հօտը, Աստուծոյ կամքին համաձայն անոր վրայ հսկեցէ՛ք, ո՛չ թէ ստիպումով, այլ սիրով, ո՛ չթէ գձուձ ակնկալութեամբ, այլ յօժարութեամբ" (Ա.Պետ. 5, 2): Վարձկանը կը տարբերի հովիւէն, որովհետեւ ան "հոգ ’չ’ըներ ոչխարներուն վրայ" (Յովհ. 10, 13): Վարձկանին համար կարեւորը՝  շա՛հն է, մինչդեռ "բարի հովիւը իր կեանքը կը զոհէ ոչխարներուն համար" (Յովհ. 10, 11):

Եկեղեցականը իր ժողովուրդէն ընդունուելու համար՝ անոր հետ պարտի վարուիլ իբր հայր, դաստիարակ  եւ մխիթարիչ, եւ "ո՛ չ թէ իրեն բաժին յանձնուած հօտին վրայ տիրելով, այլ անոր օրինակ հանդիսանալով" (Ա. Պետր. 5, 3): Չմոռնանք որ հօտին գլուխը մենք՝ հովիւներս չենք,  մեր հօտը Աստուծո՛յ կը պատկանի:

Յիսուս իր բարեգութ սիրտը կը փոխանցէ մեզի՝ քահանաներուս, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին մեր սրտերը տանք ժողովուրդին: Սէրն ու գթութիւնը Աստուծմէ առնե՛նք եւ զանոնք մարդոց բաշխե՛նք:

ՔԱՀԱՆՅԱԿԱՆ ՈԳԻՆ

Հարկ է վերադառնալ  Յիսուսի քահանայական խոնարհութեան եւ սրտակցութեան օրինակին, կ’ըսէ Սրբազան Պապը, որպէսզի կարենանք իրապէս մասնակից դառնալ անոր փրկարար գործին: Քրիստոսի իր առաքեալներու կատարած ոտնլուան՝ նորութիւն կը հանդիսանայ Նոր Ուխտի Քահանայութեան համար: Այս խորապէս խոնարհ կեցուածքին մէջն է, որ կ’իրագործուի Նոր Քահանայութիւնը, Քրիստոս սրտակցելով մեզի մեր տկարութիւններուն, մեր վիշտերուն, մեր փորձութիւններուն՝ անդադար կերպով:

Ուստի, քահանայական ոգին հակառակ է ասպարէզ փնտռելու ցանկութեան եւ յաջողելու մարմաջին: Քահանայական հոգին հակառակ է եկեղեցական բարձր պաշտօններու հետապնդումին, որ  փոխանակ ուրիշին ծառայութիւն մատուցանելու՝ կը ձգտի ծառայութիւնները իբր առիթ գործածել, կարեւոր անձնաւորութիւն մը դառնալու համար: Այսպէս վարուեցան Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոս եւ Յովհաննէս, որոնք խնդրեցին լաւագոյն տեղերը ունենալ երկինքի արքայութեան մէջ, այսինքն՝ Յիսուսի աջ ու ձախ կողմը բազմիլ: Քրիստոսի հարազատ աշակերտը  ձգտելու է մէ՛կ նպատակին, որ է մասնակցիլ Յիսուսի առաքելութեան եւ չարչարանքներուն, առանց որեւէ վարձատրութիւն ակնկալելու:

Քրիստոնեան - որքա՛ն աւելի՝ քահանան - կանչուած է հետեւելու Քրիստոսին ծառայական կերպին, իր կեանքը ուրիշներու համար անսակարկ զոհելով: Ասիկա է "նեղ դուռը", որմէ քահանան պէտք է անցնի, որպէսզի Աստուծոյ արքայութիւնը նախ ի՛նք մտնէ եւ ապա աշխատի իր հոգածութեան յանձնուած ժողովուրդը մտցնել: Եկեղեցականը պէտք չէ փնտռէ իր "ես"ը, իշխանութիւնը եւ յաջողութիւնը, այլ պարտի ապրիլ խոնարհաբար,  Քրիստոսի նման՝ ինքզինք նուիրելով Եկեղեցւոյ եւ իր հօտին, որովհետեւ մարդուն իսկական մեծութիւնը կը կայանայ ծառայելու եւ ո՛չ թէ տիրելու մէջ:

Եկեղեցականներս,  երիտասարդ ըլլանք թէ տարիքով յառաջացած, լաւ ըմբռնելու ենք տառապանքին եւ փորձութիւններուն անհրաժեշտութիւնն ու նշանակութիւնը մեր կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ զանոնք կրելու եւ գերազանցելու կերպը: Այսպէս՝ մեր կեանքը կ’ամրապնդուի եւ կը ճոխանայ: Սեւեռելով մեր աչքերը դէպի Յիսուսի վէրքերը, աւելի լաւ պիտի ըմբռնենք անոր կրած չարչարանքներուն ու  մահուան անողոք վայրագութիւնը: Պիտի հասկնանք նաեւ թէ անո՛նք եղան Քրիստոսի յաղթանակին կնիքը, եղան անոր սիրոյն նշանը մեզի հանդէպ: Հետեւաբար մենք ալ պէտք է սիրով տանինք ամէն տագնապ եւ նեղութիւն, որոնք յառաջ կու գան կեանքէն կամ ուրիշի հետ ապրելու դժուարութենէն: Տառապանքի երկար ուղեւորութեան ընթացքին է, որ կը զարգանայ մեր  սէրը: Այսպէս՝ աւելի լաւ պիտի հասկնանք ու գնահատենք Խաչին եւ Յարութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող անքակտելի զօդը:
 

ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Ս. Յովհաննէս իր առաջին թուղթին մէջ կը գրէ. "Ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհին: Եւ այս է յաղթանակը, որ տարուեցաւ աշխարհի դէմ. մեր հաւատքը"(Ա. Յովհ. 5, 4):

Բողոքականութեան հիմնուելուն եւ Եւրոպայի մէջ արագ տարածումին դիմաց՝ մարդիկ կարծեցին թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր վերջին տարիները կ’ապրի: Եւ ահա  Տրիդենտեան Ժողովը գումարուեցաւ  եւ ան Եկեղեցին վերաշխուժացուց  ու զայն մեծապէս կենսունակ դարձուց, մանաւանդ երբ որ նոյն շրջանին մեծանուն  սուրբեր հրապարակ եկան:

Հիթլեր օր մը գոչեց. "Նախախնամութիւնը զիս, կաթողիկէս՝ ընտրեց, որպէսզի վերջ տամ կաթողիկէ կրօնքին: Մի միայն կաթողիկէ մը կրնայ քանդել կաթողիկէութիւնը»: Խեղճ մարդը կը կարծէր թէ ինք Կաթողիկէութիւնը քանդելու կարողութիւնը ունէր:

Քարլ Մարքս եւ ուրիշներ եւս նոյնը մտածեցին: Պատմութիւնը փաստեց Եկեղեցին ի՛նչ աստիճան զօրաւոր ըլլալը եւ թէ Եկեղեցին միշտ յաղթական պիտի մնայ՝ Քրիստոսի իրեն հաղորդած կեանքով ու կենսունակութեամբ:

Եկեղեցւոյ նոր դարաշրջանի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարողութեան մեծագոյն փաստը եղաւ  Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովը եւ անոր բերած նոր ոգին, նոր ըմբռնումները եւ նոր լոյսը: Ապա Քրիստոսի Յարութեան փաստն են նաեւ մեր ժամանակներուն անհամար սուրբերը եւ երանելիները, որոնք խորաններու վրայ բարձրացան Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի կողմէ, որոնցմէ էր հայազգի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը:

ՍՈՒՐԲԵՐԸ

Այս տուեալները մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնեն, թէ ո՛վ որ իր կեանքը եւ իր գործը Աստուծոյ Խօսքին վրայ կը կառուցանէ՝ զանոնք ժայռանման հիմերու վրայ կը կանգնէ: Այս պատճառով՝ մեր վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ միշտ անսասան պիտի մնայ:

Աստուա՛ծ է միակ կերտողը սուրբերուն: Անոնք  Աստուծոյ գլուխ գործոցները կը հանդիսանան մահկանացուներուս մէջ: Սակայն Ամենակարողն Աստուած, սրբացումի այս գործին համար, քահանաներու կը կարօտի: Սուրբերու կեանքը երբ կը կարդանք, հոն յաճախ կը հանդիպինք խոստովանահայրերու կամ քահանաներու, որոնց խրատին հետեւելով՝ հաւատացեալներ գտած են սրբութեան ճամբան: Եւ քանինե՛ր իրենց կեանքը փոխած են, հետեւելով իրենց հոգեւոր հօր ցուցմունքներուն:

Խօսքս անպայման չի վերաբերիր Եկեղեցւոյ կողմէ պաշտօնապէս հռչակուած Սուրբերուն կամ Երանելիներուն, այլ Ս. Պօղոսին կողմէ "սուրբ" կոչուած  այն քրիստոնեաներուն, որոնք իրենց կեանքի սրբացումը իբր հաստատ կոչում ընտրեցին: Անոնք այն այրերը եւ կիներն են, զորս ամէն օր կը տեսնենք, որոնք մեր մէջ անշուք կերպով կ’ապրին, առանց հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելու. ծնողներ, որոնք գիշեր ցերեկ լուռումունջ կը կատարեն իրենց պարտականութիւնները. մարդիկ, որոնք կը պայքարին բարոյական արժէքներու պաշտպանութեան համար. քահանաներ, որոնք խոնարհութեամբ եւ եղբայրսիրութեամբ կը նուիրուին Աստուծոյ  սէրը իրենց շուրջ տարածելու գործին. վերջապէս՝ բազմաթի՛ւ ուրիշներ, որոնց ծանօթ ենք  մեր հովուական գործին բերումով: Մենք քահանայ ձեռնադրուեցանք՝ նման սուրբեր կերտելու համար:

 

ՓԱԿՈՒՄ

Այս հայրական խորհրդածութիւնները փակելէ առաջ, կը ցանկամ վերյիշեցնել թէ քահանային սրբութիւնը կը մնայ արդիւնաշատ աւետարանացումին լաւագոյն երաշխաւորութիւնը: Որովհետեւ մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջէն՝ մեր սրբութիւնն է ամենակարեւոր  եւ ամէնէն ազդեցիկ վկայութիւնը՝ մեզի յանձնուած հաւատացեալներուն եւ յատուկ կերպով երիտասարդներուն մօտ: Սրբութիւնը մեզմէ կը պահանջէ նկատառելի ոստում մը կատարել մեր հոգեւոր կեանքին մէջ եւ հովուական քաչարի գործունէութիւնը ստանձնել, հեռու՝ մակերեսութենէն: Առ այս՝ հարկաւոր է տեւական  կերպով մերձենալ Ս. Հաղորդութեան եւ Ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդներուն:

Այս Շրջաբերականը կը փակեմ Ս. Պօղոսի Կողոսացիներուն ուղղած հետեւեալ յորդորով. "Դուք ուրեմն՝ իբրեւ Աստուծոյ ընտրեալները, "սուրբերը" եւ սիրելիները, լեցուեցէ՛ք գութով, ողորմութեամբ, քաղցրութեամբ, խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ: Հանդուրժեցէ՛ք իրարու՝ փոխադարձ ներողամտութեամբ: Եթէ մէկը միւսին դէմ գանգատ ունի, իրարու ներեցէ՛ք, ինչպէս որ Տէրը ձեզի ներեց Քրիստոսի միջոցաւ: Ամէն բանէ վեր՝ սիրո՛վ լեցուեցէ՛ք: Սէրը կատարելութեան զօդն է: Ասով՝ Քրիստոսի խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի ձեր սրտերուն մէջ: Ա՛յս է նպատակը կոչին, որ ձեզ համախմբեց նոյն Մարմինին մէչ» (Կողս. 3, 12-15). Ամէն:

Սուրբ Կոյս Աստուաամայրը եւ քահանաներու մայրը թո՛ղ ըլլայ բոլորիս համար օրինակ խոնարհութեան եւ հովանի սրբութեան:

հայրական սիրով եւ աղօթքով՝  

 Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց


Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյս,  որ ի Զմմառ,
յաւուր երեսներորդի, ամսեանն Մայիսի, յամի Տեառն 2008,
$իններորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի Համաշխարհական Աւուրն Աղօթից վասն Սրբութեան Քահանայից

    

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ