Ուրբաթ, 17 Յունուար 2014 - Անթուան Գալուստին յիշատակին

Պէյրութ

Անթուան Գալուստ,  որուն մահուան քառասունքը կը նշենք այսօր, ծանօթ էր իր երկար տարիներու ծառայութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ համայնքին, զոր ներկայացուցած էր բազմաթիւ ազգային բարեսիրական հաստատութիւններուն մօտ։ Ան համեստութեան եւ լուսարձակներէ հեռու կանգնած հաւատացեալ մարդու տիպար էր, որուն յիշատակին նուիրուած է զաւակին՝ Պր. Կրէկուար Գալուստին հետագայ վկայութիւնը։

Կորուստը մեծ է, բայց միեւնոյն ատեն առիթ է մտածելու եւ խորհրդածելու: Մտածել արտասովոր մարդու մը մասին, որուն նախ եւ առաջ կը պարտիմ գոյութիւնս, երկրային աշխարհին վրայ ներկայութիւնս:

Հայր մը, որ կեանքի օրինակ էր` իր մարդասիրութեամբ, իր նուիրումով, իր հաւատարմութեամբ, իր համեստութեամբ, իր աշխատասիրութեամբ եւ իր ծառայութեամբ:

Հայր մը, որ 42 տարի գիշեր ու ցերեկ նուիրուեցաւ, որպէսզի իր ընտանեկան բոյնին տայ լաւագոյնը, որպէսզի իր զաւակները ստանան ուսում, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն:

Հայր մը, որուն համար խօսքը անարժէք էր, ու ինք զուսպ էր արտայայտութիւններուն մէջ, մինչ գործը` տիրական, խօսուն ու ազդեցիկ:

Հայր մը, որ իր կողակիցին` մօրս հետ տարիներ շարունակ նուիրուեցաւ մարդկութեան, ազգին ու համայնքին:

Հայր մը, որ աղքատ ընտանիքի զաւակ ըլլալով հանդերձ, ինքնաշխատութեամբ յաղթահարեց կեանքի ամէն տեսակի դժուարութիւն, ոտքի կանգնեցաւ եւ ձեռք երկարեց բոլոր անոնց, որոնք կարիքաւոր են, օժանդակութեան պէտք ունին: Օգնեց` «Ճինիշեան»-ին, «Գարակէօզեան»-ին,  «Էհլան»-ին եւ «Քարիթաս»-ին ճամբով:

Հայր մը, որ ունէր Յիսուսեան հայրերու դաստիարակութիւնը, ունէր սկաուտական կազմաւորում եւ հպարտ էր Տիգրանակերտի պատկանելիութեամբ: Դաստիարակութիւն մը, որ փոխանցեց ընտանիքի բոլոր անդամներուն:

Հայր մը, որ դժբախտաբար իր թոռնիկները վայելելու մեծ առիթը չունեցաւ, սակայն անոնցմով ապրեցաւ, անոնցմով եռանդ ու կորով ստացաւ:

Հայր մը, որ սխալը չէր կրնար ընդունիլ, դէմ կը կենար ու կը պահանջէր արդարութիւն:

Հայր մը, որ կը սիրէր ուրախութիւնը, ճոխութիւնը, կեանքը…

Հայր մը, որ հաւատացեալ էր եւ իր կենդանութեան մինչեւ վերջին վայրկեանը ու, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու ցաւերուն, Աստուծոյ շնորհակալ եւ երախտապարտ եղաւ:

Հայր մը, որ սիրոյ աղբիւր էր, գուրգուրանքի ալիք էր եւ զոհաբերութեան մատաղ էր:

Հայր մը, որուն զաւակները ըլլալու հպարտանքն ու պատիւը ունինք:

Այսօր մենք հարուստ ենք իր յիշատակներով, հարուստ ենք իր պայքարելու ոգիով եւ օրինակով, չյանձնուելու կամքով, ընտանեկան սիրով, հայրենասիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ եւ մարդասիրութեամբ:

Ինք հեռացաւ, սակայն մնաց իր մեծատառ անունը, մնաց իր ընտանիքը, որ միեւնոյն ոգիով, միեւնոյն դաստիարակութեամբ պիտի շարունակէ ուղին:

Ինք մեզմէ ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ, բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շունչ տուաւ…։ Մենք այսօր աւելի քան երբեք իրմով կը շնչենք, իրմով ուժեղ ենք…։ Այդ շունչը չէ դադրած…։ Մարմինը չկայ, շունչը կայ, մեր մէջն է առյաւէտ…

Ներէ, եթէ սխալեցանք, անգիտակցաբար վիրաւորեցինք, կամքդ չկատարեցինք:

Ինչպէս երէկ, այսօր եւս կը համբուրենք քու սուրբ ձեռքերդ, կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ եւ երախտապարտ ենք:

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ