Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015 - Մարդկութեան ամէնէն գեղեցիկ ծաղիկին ամիսը

 

 

Փարիզ

 

 

Փարիզի «Սուրբ Խաչ» Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդութեան պարբերաթերթին մայիս ամսուան խմբագրականը

 

            «Քրիստոնեայ աշխարհը կ’ապրի Մայիս ամիսը, նուիրուած սուրբ Կոյսին, տօնելով սուրբ Յովսէփը, որ յատուկ դէռ մը ունեցաւ փրկչագործութեան խորհուրդին մէջ: Աւետարանիչը զինք կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ մարդը, արդարը, խոնարհ ու համեստ սակայն քաջ ու առատաձեռն: Ան նուիրուեցաւ անվերապահշ ինք զինք մոռնալով,  Աստուծոյ փրկչական կամքին: Ան ապրեցաւ ծածուկ կեանք մը: Ճանչցաւ սուրբ Կոյսն ու Յիսուսը ու անոնց ընկերացաւ իրենց ուրախ եւ տրտում առօրեային: Ան զանոնք շրջապատեց իր սիրով եւ զանոնք պաշտպանեց իր հայրական խնամքներով ու ապահովցուց պարզ ու պատշաճ կեանք մը:  Հաւատարիմ փեսայ մըն էր եւ սքանչելի պահապան հակառակ կեանքի դժուարութիւններուն: Իր գործօն ու նուիրումի կեանքովշ ան կը հասկցնէ մեզի թէ գործերը աշխարհի վրայ, անցնելով կեանքի ուրախ ու տխուր օրերէն, սրբացած Աստուծոյ ներկայութեամբ, ու սրբացնելով ուրիշները, բոլորն ալ կ'ուղղուին դէպի Աստուած ու կը ձգտին մարդկութեան երջանկութեան: Ան ապահով առաջնորդ մըն է իւրաքանչիւրիս պատուելու համար մարդկութեան գեղեցկագոյն Ծաղիկը, սուրբ Կոյսը Մարիամը, իր Մայիս ամսոյն մէջ:

Սուրբ Յովսէփ ճանչցաւ սուրբ Կոյսը եւ սիրեց, տեսնելով անոր մէջ մեղքի խաւարին մէջ գալող ժողովուրդներուն խոստացուած Մեսիային մայրը: Մեծարանքով ճանչցաւ իր մէջ Մարիամի Անարատ Յղութիւնը, Պիոս Թ. սրբազան Քահանայապետին հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854, թուականէն եւ նոյնիսկ հայ, յոյն, լատին... սուրբ հայրերէն շարադրած անարատ յղութեան բանաձեւումէն առաջ:

Սուրբ Յովսէփ իր սրտին մէջ պահեց Մարիամի կուսութեան գաղտնիքը եւ իր առօրեայով եղաւ առաջինը, ազգերէն առաջ, որ զինք հռչակեց «երանելի», ան որ պիտի ճզմէր գլուխը օձին եւ պիտի գործակցէր փրկչագործութեան՝ ամէնէն վսեմ ու  իմաստալից գործը մարդկութեան պատմութեան: Ան մեծարեց Մարիամի մէջ Քրիստոսի փրկչակիցը եւ օգնեց որ կարենայ ուրախութեամբ կատարել իր այս աստուածային առաքելութիւնը:

Սուրբ Յովսէփ մեծարեց զինք բծախնդրութեամբ յանձն առնելով իր պատասխանատուութիւնները, տրամադրելով իր ժամանակը նախատեսելով անոր ու Յիսուսի կարիքները ու դիւրինցնելով անոր մտերմութիւնը սուրբ Երրորդութեան հետ: Կիներուն մէջ օրհնեալին եւ Յիսուսի դիմաց, ան ինք զինք կը մոռնար, կը խորհէր լոկ պաշտպանել զիրենք, ու ապահովել անոնց բարեկեցութիւնը:

Ան կը հիանար տեսնելով անոր աշխատալակերպն ու մտածելակերպը, աղօթքն ու ամփոփումը, ընկերային կեանքն ու ծառայասիրութիւնը, գուրգուրալիր իր զաւկին նկատմամբ:

Սուրբ Յովսէփ կը մեծարէր Մարիամը՝ յոյս ներշնչող իր անվերապահ «Այո»ով Աստուծոյ ծրագիրներուն եւ ի նպաստ մեր երջանկութեան: Արդարեւ ան, իր հաւատքոէ, յոյսով եւ սիրով, գործակցեցաւ մեր հոգիներուն յաւիտենական կեանքին վերահաստատումին համար: Ան տիպար է առաքինութեան ու աղօթքի:

 

Այս օրհնեալ ամսուան ընթացքին, սուրբ Յովսէփի հետ, ջանանք խոնարհաբար դիմել Աստուածամօր հաղորդաբար հետը ապրելու համար, խորապէս թափանցելու համար անոր ներքին կեանքը, սերտօրեն զինք սիրելու համար ու մեծարելու զինք Թագուհի քրիտոեաներուն: Աշխատինք ըլլալ անոր ճշմարիտ զաւակները ու անոր վստահինք մեր անգոյն ու անհամ ջուրերը որպէսզի զանոնք փոխէ համեղ գինիներու եւ իր բաեխօսութեամբ սիրենք իր զաւակը ու դառնանք անոր հարազատ եղբայրները:  

«Մեր Հայրապետներուն սուրբ Կոյսին հանդէպ ցուցաբերած բացառիկ յարգանքն ու սէրը աստուածաբանօրէն առընչուած են Յիսուսի փրկչագործական արարքին հետ» (հայր Կռանեան): Հայկական Եկեղեցին սուրբ Կոյսին հինգ տօները (Աւետումը, Անարատ Յղութիւնը, Ծնունդը, Ընծայումն ու Վերափոխումը) կը դասէ «տէրունական» տօներուն շարքին:  

Քրիստոնեայ ընտանիքները միասին կ'աղօթէին վարդարանը շաբաթ օրերը ընտանիքին բոլոր անդամներով, երբեմն ալ դրացիներով:  

Աստուածամօր ջերմեռանդութիւնը սկսաւ Խաչին ստորոտըշ երբ Քրիստոս էսաւ իր մօր. «Ահա որդիդ»: Այդ օրէն այս ջերմեռանդութիւնը աճեցաւ ու զարգացաւ:

Խոկանք սուրբ Կոյսի կեանքին: Խօսինք հետը եւ յատկապէս բանանք անոր մեր խոցելի ու խոցուած սրտերը, որպէսզի մեզ պահէ ամէն տեսակ հոգեւոր փոթորիկներէն:

Սրբուհի Մարիամ, առաջնորդէ՛ մեզ զաւկիդ»:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ