Հինգշաբթի, 6 Մարտ 2014 - Հրաւէր՝ Սրբազան Հօր հետ հանդիպելու Սուրբ Երկրին մէջ
Պէյրութ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 19 փետրուար 2014-ին  պաշտօնական հրաւէր մը ստացաւ Սուրբ Երկիրի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Խորհուրդէն՝ հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, Անոր՝ Ամման, Բեթղեհէմ եւ Երուսաղէմ կատարելիք առաքելական այցելութեան ընթացքին (24-26 մայիս 2014):

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ընդառաջելով այս հրաւէրին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին, որ  պիտի մատուցուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու մասնակցութեամբ, Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ 24 մայիսի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին: Յաջորդ օրը՝ 25 մայիսին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Յորդանանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ