Երկուշաբթի, 12 Մարտ 2012 - Ուսուցչաց տօնի հանդիսութիւն Գ. Հարպոյեան վարժարանին մէջ


Զալքա, Լիբանան

Հինգշաբթի, 8 մարտ 2012-ին, Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին ու պատուեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, որոնք իրենց սուղն ու աժանը կը զոհեն ի խնդիր վարժարանիս յառաջդիմութեան եւ աշակերտներու դաստիարակութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղեդի Մինասեան, որ անդրադարձաւ, թէ «բոլորս ալ առաւօտ կանուխ կ’արթննանք եւ մեր առաջին քայլերը կ’ուղղենք դէպի վարժարան, ուր կը ստանանք մեր ուսումնական, մշակութային, ազգային եւ հաւատքի լիցքը, ուր ուսուցիչները կը ջամբեն անհրաժեշտն ու էականը, զորս այսօր ընկալելով…վաղը պիտի կիրառենք»:

Մինասեանի հակիրճ բայց տպաւորիչ խօսքէն ետք նախակրթարանի Ա. եւ Բ. դասարաններու աշակերտական խմբակներ իրենց ուսուցիչներուն նուիրուած բանաստեղծութիւններ արտասանեցին, գովերգելով եւ բարձր գնահատելով ուսուցիչին նուիրական աշխատանքը եւ վեհանձն հոգին, մանաւանդ հայ ուսուցիչին, որ իր ստանձնած անհամար պարտականութիւններուն կողքին իր ուսերուն առած է այլ անսակարկելի գիտակցութիւն մը, որն է Հայրենիքէն դուրս հայը հայ պահելու առաքելութիւնը, զոր օտար ափերու վրայ գտնուելու դժուարին պայմաններուն մէջ իր վսեմագոյն նպատակներէն համարելով՝ հասցուցած է մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր երկիրները: Հայ ուսուցիչը ոգի ի բռին կ՚աշխատի ի խնդիր հայ աշակերտին հայավայել դաստիարակութեան, ի խնդիր ազգապահպանման եւ հաւատարիմ ազգասիրութեան սկզբունքներու գոյատեւման:
Ապա բեմ բարձրացան երրորդ դասարանի տղաքը եւ իրենց գլխարկները վար առին իրենց ուսուցիչներուն առջեւ խոստովանելով, որ իրենց ուսուցիչներուն մէջ անոնք կը տեսնեն սէր, հոգածութիւն, խնամք, գիտութեան եւ երջանկութեան աղբիւր: Իսկ առաջին դասարանի աշակերտները արաբերէն երգելով ու պարելով իրենց զգացումները յայտնեցին իրենց դասատուներուն ըսելով, թէ «միասնաբար մենք պիտի անցնինք կեանքի ճամբաները, միասնաբար պիտի կերտենք մեր ուղիները ու միասնաբար պիտի հասնինք մեր նպատակներուն»:
9-րդ դասարանի աշակերտ Յակոբ Փամպուքեան ճկուն մատներով կիթառի նուագ մը մատուցելով մասնակցեցաւ օրուան հանդիսութեան:

Իսկ հանդիսութեան վերջին բաժինով 8-րդ դասարանի աշակերտներուն պատրաստած powerpoint-ով ներկայացումը արժանացաւ բոլորին գնահատանքին եւ վառ զգացումներով լեցուց ամէնուն հոգիները անխտիր: Անոնք իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն նկարները ներկայացնելով անոնց մասին գովասանական խօսքեր արտայայտեցին, ուր կը շեշտուէր բոլորին նուիրումը, լաւագոյն ուսում ջամբելու պատրաստակամութիւնը, աշակերտը հասկնալու եւ անոր ճամբան լուսաւորելու վճռակամութիւնը, եւ դպրոցը նորանոր բարձունքներու հասցնելու նպատակով մեղուաջան աշխատանք տանող վարժարանիս տնօրէնուհիին նուիրուածութիւնը:

Ուսուցել կը նշանակէ անհատին կեանքին մէջ յաւիտենական հետք ձգել եւ դպչիլ անոր հոգիին: Այս խօսքին գիտակից մօտեցումով տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան եզրափակեց ձեռնարկը ըսելով. «Տարուան ընթացքին ուսուցիչներն են, որ իրենց սիրտէն ու հոգիէն կու տան աշակերտներուն, կու տան այն ամէնը, զորս անհրաժեշտ է աշակերտին համար, բայց այսօր աշակերտները տուին իրենց ուսուցիչներուն, արժեւորեցին զիրենք եւ իրենց սիրտերը լայն բացին իրենց ուսուցիչներուն դիմաց»: Ան մաղթեց, որ «աշակերտները ամէն օր նոյն բաց սիրտով մօտենան իրենց դասատուներուն, համագործակցին անոնց հետ, որպէսզի ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնը ամուր հիմերու վրայ հիմնուած ըլլալով ուսուցիչները կարենան կատարելագործել իրենց վեհ առաքելութիւնը՝ փոխանցեն գիտելիքներ եւ սատարեն վաղուան մարդը կերտելու կարեւորագոյն նպատակին»:
Տիկին Պոյաճեան յարատեւութիւն եւ կորով մաղթեց Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի ուսուցչակազմին անհատ առ անհատ, որովհետեւ անոր սահմանումով «ամէն մարդ կ’աշխատի իր օրապահիկ հացը ճարելու, սակայն ուսուցիչներուն գործը պարզ եւ ամէն մարդու տրուած գործ մը չէ, որովհետեւ անոնք մեծ բեռ ունին իրենց ուսերուն, մարդակերտումի եւ հայակերտումի պարտաւորութիւն ունին իրենց աշխատանքի ծիրէն ներս, հետեւաբար անոնց գործը անցած է պարզ գործի սահմանները եւ դարձած է վսեմ առաքելութիւն»:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ