Շաբաթ, 16 Մայիս 2009 - «Կռունկ» Երգչախումբի Ելոյթ

Լիբանան

 
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ու Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի երաժշտութեան ամպիոնի տնօրէնութեան, Ուրբաթ, 15 Մայիս 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Կռունկ» երգչախումբի բազմալեզու համերգը՝ ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստասէրներու:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Հոգի համալսարանի պատասխանատուներէն Քլոտ Աշքար, որ նշեց, թէ «Կռունկ» երգչախումբը կ’առաջնորդուի կռունկ թռչնատեսակի հասկացողութեամբ՝ հանրութեան տարածելով երգարուեստն ու ի մասնաւորի հայ երգը:

Բացման խօսքէն ետք իր սրտի խօսքը արտասանեց Ս. Հոգի համալսարանի տնօրէն հայր Հետի Մահֆուզ, որ բարձրօրէն գնահատելով հայութեան ներդրումը մարդկային ընկերութեան մէջ, շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին կրցած է պահպանել իր արժէքներն ու մշակութային հարստութիւնը: Մահֆուզ նաեւ իր գնահատական խօսքը փոխանցեց «Կռունկ» երգչախումբի խմբավարին եւ անդամներուն, որոնք արուեստի ընդմէջէն մարդոց կը փոխանցեն յստակ պատգամներ:

Ապա բեմ բարձրացաւ «Կռունկ» երգչախումբը, որուն խմբավարն է դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան: Խումբին դաշնակով կ’ընկերակցէր Թամար Գասապեան:

Երգչախումբը ներկայացուց հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով 14 ստեղծագործութիւններ: Ներկայացուած ստեղծագործութիւններէն հարկ է նշել «Կապոյտ մանուշակը», «Նիւ Եորք»ը, «Կրանատա»ն եւ այլն: Հանդիսութեան աւարտին խմբավար Եդուարդ Թորիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին յաջողութեան:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ