Հինգշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2011 - Շնորհաւորական ուղերձ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին առթիւ


Պէյրութ‚ 16 Սեպտեմբեր 2011
Դիւան թիւ 201/11

Վսեմաշուք Տիար Սերժ Սարգսեան
Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ անկախութեան 20-ամեակին առիթով, խնդակցութեամբ Ձեզ կը շնորհաւորենք, ինչպէս նաեւ Ձեր գործակիցները  եւ համայն Հայ ժողովուրդը:

Մեր շնորհաւորութիւններուն կը միացնենք մեր աղօթքը առ Աստուած որպէսզի իր հովանին անպակաս ընէ Ձեր վրայէն եւ զօրացնէ Ձեզ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան անսասանութեան, հզօրացման եւ բարգաւաճման բարօրութեան համար:

Ուրախ ենք, որ Հայտասանի Հանրապետութեան անկախութեան այս ժամանակաշրջանին մեծ յառաջդիմութիւններ արձանագրեց բոլոր ոլորտներուն մէջ, մանաւանդ ձեր յանձնառութեամբ եւ անձնական զգալի ներդրումով։

Վստահ եղէք, Տիար Նախագահ‚ որ Մենք՝ որպէս Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ, բոլոր մակարդակներու վրայ նեցուկ կը կանգնինք Հայաստանի պետականութեան հզօրացման ու բարգաւաճման, հայրենիք-սփիւռք սերտ գործակցութեան կամուրջները միշտ հաստատ պահելով։

Թող Զմմառու հրաշագործ Աստուածամօր բարեխնամ հայեացքը անպակաս ըլլայ Ձեր եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդին վրայէն:

Հայրական օրհնութեամբ՝

† Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ