Երկուշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աստուծոյ Ժպիտը» …


Սիրելի՛ ընթերցող, կ՛առաջարկեմ, որ այս անգամ դուրս ելլենք մեր հայկական ծիրէն եւ շրջագայինք օտարազգիին, օրինակի համար` հայասէր իտալացիին շրջագիծէն ներս` բնականաբար միշտ հաւատարիմ ու բծախնդիր մնալով մեր հայատունկ արմատներուն:
Իտալացիի՛ն, քանի ճիշդ այսօր հարիւր տարի առաջ ծնաւ Ալպինօ Լուչիանի` ապագային հռչակեալ Յովհաննէս-Պօղոս Ա. պապը: Իր աղքատ ծնողքին իբր անդրանիկ զաւակը, 17 Հոկտեմբեր 1912-ին աշխարհ եկած եւ ապա Ս. Պետրոս առաքելապետին իբրեւ 263-րդ յաջորդը,  26 օգոստոս 1978-ին ընտրեալը վախճանեցաւ սեպտեմբեր 28-ին` միայն 33 օր հանդիսանալով սպիտակազգեստ «ծառան ծառաներուն»:
Իրապէս կ՛արժէ ծանօթանալ «Ժպտուն պապը» եւ «Աստուծոյ ժպիտը» յորջորջեալ այս բացառիկ անձնաւորութեան. անոր «սրբադասում»-ին դատը սկսաւ Վատիկանի մէջ, 2009-ի յունիսին` նախ անցնելով «երանացում»-էն, որուն համար կը պահանջուի հրաշագործութիւն մը: Տակաւին «Սրբադասումի ժողով»-էն չհաստատուած հրաշքը տեղի ունեցաւ 1992-ին, երբ Յովհաննէս-Պօղոս Ա. պապին նկարին առջեւ աղօթող Ճիուզեփէ Տենորա դրամատնային պաշտօնեան բուժուեցաւ իր անբուժելի քաղցկեղէն: Ուրիշ սքանչելիքներ ալ դիպած են այս «Աստուծոյ ծառայ»-ին բարեխօսութեամբ:
7 յուլիս 1935-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեալը զանազան տեղեր պաշտօնավարեց մինչեւ 1941` իբրեւ օգնական ժողովրդապետ,  փոխտնօրէն եւ դասատու: Հիթլերական նացիներուն ներխուժումէն ընդհատուած 1942-1947 տարիներուն աւարտին` «magna cum laude-մեծ գովասանքով» ձեռք ձգեց իր տոքթորականը: 1947-1949 ընդհանուր փոխանորդն էր Պելլունօ քաղաքին, ուր 1949-1958 պատասխանատու կարգուեցաւ թեմին քրիստոնէական ուսուցումին: 15 դեկտեմբեր 1958-14 դեկտեմբեր 1969 վիճակաւորն եղաւ Վիթթորիօ Վենեթօ քաղաքին («Ես կը փափաքիմ ըլլալ եպիսկոպոս մը, որ ուսուցիչ եւ ծառայ է») եւ իբրեւ այդպիսին` մասնակցեցաւ Վատիկանեան Բ. տիեզերական  ժողովին (1962-1965): Վենետիկի Կարտինալ պատրիարք (1969-1978) կարգուեցաւ Պօղոս Զ. պապէն (1963-1978):
Յովհաննէս-Պօղոս Ա. նորընտիրը անակնկալի բերաւ աշխարհը իր երկանունին հնարքով, որ աննախընթաց էր Կաթողիկէ եկեղեցիին պապերուն պատմութեան մէջ: Նոյնպէս` զարմացուց կարտինալներու ժողովը, երբ, կարծես մարգարէի մը նախատեսութեամբ, իր ստեղծած անունին կցեց «Ա.» տառը, որ կը դրուէր միայն յետմահու` երկրորդ «Յովհաննէս-Պօղոս»-ի մը գալու պարագային լոկ, ինչ որ ալ դիպեցաւ 16 հոկտեմբեր 1978-ին, անոր լեհ յաջորդին` Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ին ընտրութեամբ…
Ապա, Յովհաննէս-Պօղոս Ա. նորընտիրը իր առաջին իսկ ելոյթով նուաճեց սրտերն ու մտքերը իր պարզ խօսքով եւ յատկապէս իր լայն ժպիտով,  որ մնաց ու կը մնայ խորհրդանիշը անոր անունին: Կու գայ նաեւ անոր ջերմութիւնը,  խոնարհամտութիւնը, ազնութիւնը, որով գրաւեց ոչ միայն զանգուածները, այլեւ լրատուական միջոցները: Երկուքը զայն անմիջապէս յորջորջեցին եւ դեռ կը յորջորջեն «Ժպտուն պապը», այո՛, «Աստուծոյ ժպիտը»:
Ընտրութեան յաջորդ օրերուն կարտինալներ իրաւացիօրէն յայտարարեցին, թէ մեծամասնական ցնծութեամբ ընտրեցին «Աստուծոյ թեկնածուն»: Արժանթինի ծիրանաւորը խոստովանեցաւ. «Վկաներն էինք հոգեբարոյական հրաշքի մը»: Աւելի ուշ, Կալկութայի Մայր Թերեզա (1910-1997) հաստատեց. «Աստուծոյ մեծագոյն նուէրն եղած էր: Աստուծոյ սիրոյն ճառագայթը` շողացող աշխարհին մէջ»: Յովհաննէս-Պօղոս Բ.,  իր ընտրութեան յաջորդ օրը, վեր հանեց իր նախորդին եղբայրասիրութեան ջերմութիւնը» մանաւանդ` «սիրոյ առատահոս բխումը, որ անկէ ծորեցաւ իր ծառայութեան քանի մը օրերու ընթացքին»:
«Humilitas-Խոնարհութիւն» ընտրած իր բնաբանին համապատասխան` «Ժպտուն պապը» ոչ միայն իր շրջապատը, այլ նաեւ արար աշխարհը հիացուց իր համեստութեամբ ու մարդկայնականութեամբ: Առաջին պապն եղաւ, որ արքայական «Մենք»-ը լքեց` կիրառելով եզակի «ես» դերանունը: Իր գահակալութեան ծիսակարգը կատարել տուաւ ամենայն պարզութեամբ` պատմութեան մէջ առաջին անգամ առանց պապական թագադրութեան եւ եռայարկ «tiara-խոյր»-ին: Նոյնպէս մերժեց «sedia gestatoria-ուսամբարձ գահ»-ին գործածութիւնը,  բայց ստիպուեցաւ տեղի տալ, «որպէսզի ներկայ հարիւր հազարները կարենային տեսնել ձեզ, նորին սրբութիւն», բացատրեց աւանդապահ արարողապետը:
33 օրերուն քահանայապետը դրոշմեց իր հետքերը թէ՛ Եկեղեցիին եւ թէ՛ աշխարհին մէջ, որոնց ներազդեցութիւնը տեսնուեցաւ ժամանակին հոլովոյթով` հասնելով «սրբադասում»-ի արժանիքին: Այս օրերուն հռչակուեցաւ «Հաւատքի տարի»-ն, որուն նախադուռն է Կաթողիկէ եկեղեցիին «Նոր աւետարանացում»-ին եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը` գումարուած Հռոմի մէջ: Երկուքին կարապետներէն մին կը նկատուի Յովհաննէս-Պօղոս Ա. պապը (1912-1978)ե որուն 100-ամեայ ծննդեան տարեդարձին օրը` այսօր կը տօնուի 50 ամեակը Վատիկանեան ժողովին բացման: Շատերու համար այս զուգադիպումը նախախնամական է, քանի ոչ միայն բերանացի ու գրաւոր անոր սրբակեաց ջատագովը հանդիսացաւ Ալպինօ Լուչիանի հոգեւորականը,  այլ նաեւ որովհետեւ իր ամբողջ կեանքը ջանաց ապրիլ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ սրբութեան մէջ` միշտ հաւատարիմ Աստուծոյ խօսքին:
Հուսկ, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն ինչէ վեր` աղօթքի հոգի էր Ալպինօ Լուչիանի զարգացած մարդը,  խոնարհ հոգեւորականը, ժպտուն պապը. «Ես կը խօսիմ առանձի՛ն Աստուծոյ եւ Աստուածամօր հետ` միշտ նախընտրելով իբրեւ տղայ, քան` չափահաս: Թագը, լանջախաչը եւ մատանին կ՛անհետին, ինչպէս ալ թէ՛ չափահասն ու թէ՛ եպիսկոպոսը կը ղրկեմ արձակուրդի` ինքզինքս նետելու այն րոպէաբուխ եւ անշպար քնքշութեան մէջ, զոր տղայ մը կ՛ունենայ իր հօր ու մօր հանդէպ»:
Միայն այսպիսի՛ անհատականութիւն մը այսպէ՛ս կրնար սրտանց աղօթել ամէն օր իր այս հայցագրած խնդրանքն անհատական. «Ո՜վ Տէր, ա՛ռ զիս, ինչպէս որ եմ, իմ բոլոր թերութիւններովս ու մեղքերովս, եւ ըրէ՛ զիս, ինչ որ եւ ինչպէս կը փափաքիս Դուն»:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Վիեննա, 17 հոկտեմբեր 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ