Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլ 2015 - Ապրիլեան Նահատակաց Յիշատակը համամիութենական պահ մը Մոնթրէալի մէջ

 

 

Մոնթրէալ

 

 

Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015-ին, Մոնթրէալի «Սեն Ժոզէֆ» եկեղեցիէն ներս, տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Նահատակաց ոգեկոչման արարողութիւն, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն, որք ի կատարածան ի ձեռն ցեղասպան թուրքիոյ։

Ներկայ էր մօտաւորապէս 3000 հաւատացեալ հաշուող բազմահոծ ժողովուրդ, հայ եւ օտար մասնակիցներով։ Արարողութիւնը կատարուեցաւ կազմակերպութեամբ Հայաստանեաց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներուն եւ մասնակցութեամբ Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդին, Մոնթրէալի Անկլիքան Եկեղեցւոյ, Անտիոքայ Եկեղեցւոյ, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Յոյն Կաթողիկէ եւ Ռումանական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։

Թափօրի շքերթին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ալէքս Մանուկեան, Նարեկ եւ Սուրբ Յակոբ Դպրոցներու աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտները։ Թափօրի ընթացքին երգուեցաւ «Հրաշափառ»ը, Մոնթրէալի միացեալ երգչախումբին կատարողութեամբ եւ ղեկավարութեամբ տիկին Հասմիկ Գասպարեանի։  

Գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան խօսք առնելով, բացումը կատարեց ու ապա Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ արարողակարգը։ Օտար եկեղեցապետեր աղօթքներով ու պատգամներով յիշեցին զոհերը եւ դատապարտեցին մարդկութեան նկատմամբ կատարուած ոճիրներն ու անարդարութիւնները։ 

Արարողութեան ընթացքին միացեալ երգչախումբը ոգելից շարականներով տիրող մթնոլորտին տուաւ առաւել հմայք, խորհուրդ եւ ապրում։ Ղեկավարուհի Տիկին Հասմիկ Գասպարեանը մեներգեց Կոմիտաս Քէշիշեանի մշակած շարականներէն մին, ապա թէնոր Էլի Պէրպէրեան մեներգեց Ալպէրթ Հէյ Մալօթթի մշակած Տէրունական Աղօթքը, հայերէն եւ անգլերէն։ Կատարուեցաւ մոմավառութիւն, աշակերտները եւ սկաուտները եկեղեցական դասէն առնելով լոյսը, տարածեցին համայն ներկաներուն։ Ներկայ հաւատացեալները միաբերան երգեցին «Տէր Ողորմեան»։ Հոգեշնորհ տէր Վարդան աբղ. Թաշճեան  ճաճանչաձեւ սրբատուփը, որ կը ներառէր Տէր Զօրի եղեռաբախտ նահատակներէն մէկուն աճիւնը, կարմիր շղարշով,  ձեռամբարձ միացաւ շքերթին ու զայն զետեղեց եկեղեցւոյ խորանի զոհասեղանին վրայ։ 

Մոնթէալի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Քրիստիան եպիսկոպոս Լէբին դարձաւ օրուան գլխաւոր պատգամախօսը։ 

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ նահատակներու հոգիներուն համար կատարուած աղօթքով, որուն յաջորդեց Կիլիկիոյ քայլերգի եւ Էջմիածին մաղթերգի երգեցողութիւնը թափորին յառաջընթացով, որուն կը գլխաւորէին Մեղրիկ եպս. Բարիքեանն ու Աբգար եպս. Հովակիմեանը։ 

 

       

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ