Երկուշաբթի, 20 Փետրուար 2012 - Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Քէլէկեանի Քառասնորդացի պատգամ

 

Սիրելի եւ պատուական եղբայրներ ու քոյրեր,
Հաւատացեալ հայ կաթողիկէ ժողովուրդ,
Որ ի Սուրբ Քաղաքն Երուսաղէմ եւ ի Յորդանան.

Քրիստոնէական եկեղեցիներու դարաւոր սովորութիւնն է Յիսուսի Յսրութեան տօնէն առաջ` կատարել ապաշխարանքի, աղօթքի, ծոմի եւ պահքի շրջան մը, որ կը տեւէ քառասուն օր, ի յիշատակ Քրիստոսի պահած ծոմին, քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր, անապատին մէջ, իր մկրտութենէն ետք, առ ի պատրաստութիւն իր հանրային կեանքին եւ Աստուծոյ արքայութեան քարոզութեան։
Մինչ այդ` Յիսուսի կեանքը ընթացած էր շատ համեստ պայմաններու մէջ, Գալիլիոյ աննշան մէկ քաղաքը, Նազարէթ, իր ծնողաց հովանիին ներքեւ, արտասովոր որեւէ երեւոյթէ խուսափելով, աշխատանքի միապաղաղ ընդելուզումովը խոնարհ ընտանեկան կեանքի հետ։
Նազարէթէն լաւ բան կրնա՞յ ելլել, բացագանչած էր իր ապագայ առաքեալներէն մին, երբ իր ընկերը` Փիլիպպոս, զինք բերած էր Յիսուսի մօտ։ Այո՛, Քրիստոս խնամքով ծածկած էր իր ինքնութիւնը խոնարհ եւ աննշան կերպարանքի մը տակ, թաքուն` աշխարհի մեծամեծներէն ու գիտուններէն, աննշմար` շրջանի նոյնիսկ տեղական կրօնական իշխանութիւններէն։
Եւ ահա կը հասնի ժամը. Իր գալուստը պատրաստող անձը, Յովհաննէս, սկսած է արդէն դարձի եւ ապաշխարութեան բերել ժողովուրդէն շատերը, որպէսզի պատրաստ հոգիով կարենան ընկալել Մեսիան, Քրիստոսը, խոստացուած Փրկիչը։ Յիսուս կու գայ անոր մօտ, ինք եւս, խոնարհաբար, նման բոլորին, մկրտուելու Յովհաննէսի ձեռքով, ցոյց տալով մարդկութեան թէ ինչ է պայմանը մասնակից դառնալու Աստուծոյ պատրաստած փրկութեան։
Մկրտութենէն ետք` ՙՅիսուս Հոգիէն անապատ առաջնորդուեցաւ, սատանայէն փորձուելու համար։ Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմ պահեց եւ անօթեցաւ՚ (Մատթ. Դ. 1-2)։ Յիսուս անապատ կ՛երթայ եւ ծոմ կը պահէ, որպէսզի կարենայ դէմ դնել սատանայի փորձութիւններուն։ Քարոզութենէն առաջ` Հայր Աստուած թոյլ կու տայ սատանային փորձելու այն անձը որ սահմանուած է ըլլալու փրկիչը մարդկային ցեղին. Թերեւս սատանան յաջողի զինք հրաժարեցնելու իր ծրագրէն եւ մարդկութիւնը դարձեալ մնայ գերի իր ճիրաններուն ներքեւ։
Ուստի զօրանալու համար հոգեպէս եւ դիմադրելու փորձիչի սադրանքներուն` Յիսուս յանձն կ՛առնէ ծոմապհութեան այս ծանր փորձառութիւնը։ Յետագային, երբ կ՛ուղարկէ իր աշակերտները քարոզելու եւ բուժելու հիւանդները, ու անոնք անկարող կ՛ըլլան չար ոգի մը հանելու պատանիի մը մէջէն, ու միայն Յիսուս կրնայ հանել դեւը, կը հարցնեն Յիսուսի. ՙԻսկ մենք ինչու՞ չի կրցանք հանել զայն՚  Յիսուս` իր պատասխանին մէջ կ՛ըսէ. ՙԱյս տեսակ դեւերը չեն արտաքսուիր եթէ ոչ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ՚ (Մատթ. ԺԷ. 19-21)։
Այս օրերուս` աշխարհի մէջ այնքան հզօր եւ ուժեղ դարձած են չարի ուժերը, որ նոյնպէս` կարելի չէ պայքարիլ անոնց դէմ մեր սովորական միջոցներով, ամենօրեայ մեր աղօթքներով ու զոհողութիւններով։ Ուստի հարկ է գործածել աւելի ուժեղ միջոցներ, աւելի հզօր զէնքեր, դիմակալելու համար թշնամիի բազմազան ու խորամանկ յարձակումներուն, որոնք օրէ օր աւելի յանդուգն ու աներես ձեւերով կը ներկայանան։
Քրիստոսի խօսքերը այսօր կու գան դարձեալ հաստատելու մեզի թէ մեր հզօրագոյն զէնքերն են աղօթքն ու ծոմապահութիւնը, որոնց մեզ կը հրաւիրէ Եկեղեցին`Քառասնորդաց այս շրջանին։ Եթէ տարւոյն ընթացքին` երբեմն ծոմ կը պահենք, այս օրերուս առաւել եւս հարկ է որ դիմենք ծոմապահութեան. Եթէ առօրեայ մեր սովորական աղօթքներով կը գոհանանք, այս շրջանին աւելի ժամանակ պէտք է որ յատկացնենք աղօթքի։
Ափսոս սակայն` որոշ ժամանակէ մը ի վեր, քառասնորդաց­ի ծոմն ու պահքը այնքան մեղմացած են Եկեղեցւոյ օրէնքներուն համաձայն, որ այլեւս չեն կրնար օգտակար դառնալ մեզի չարին դէմ մեր պայքարին մէջ. Անոնց ազդեցութիւնը այնքան տկարացած է որ հաւատացեալը կը մնայ յաճախ անպաշտպան փորձութիւններու դիմաց։ Ունինք զէնքերը դիմադրելու անոնց, սակայն զանոնք պահած ենք հին արկղերու մէջ, կամ առ յաւէտ թաղած ենք մոռացութեան դամբարանին մէջ։
Ժամանակն է, սիրելի հաւատացեալներ, դուրս հանելու մեր հզօր զէնքերը, յաջողագոյն կերպով պայքարելու համար սատանային դէմ. Եթէ հիմա չօգտագործենք զանոնք, այլեւս ուշ պիտի ըլլայ եւ չարի իշխանութեան դէմ մեր պայքարը անհաւասար պիտի դառնայ, ի վնաս մեզի եւ ի յաղթութիւն աշխարհի իշխանին. լոյսը պիտի նուաղի եւ խաւարը պիտի տիրէ ամենուրեք։
Արդէն խաւարի հետեւորդները ամէն տեղ են եւ օրէ օր աւելի ուժգին հարուածներով` կը ջանան տկարացնել Քրիստոսի Եկեղեցին ու ջլատել անոր հաւատացեալները, ցրուելով անոնց ուժերը։ Գայթակղութիւնները իրենց որոմը կը սերմանեն նոյնիսկ Եկեղեցւոյ մէջ, ներքսապէս փորձելով տկարացնել այն Հաստատութիւնը զոր Յիսուս հիմնեց ամուր ժայռի վրայ։
Ամէն քրիստոնեայ, ամէն հաւատացեալ, առանց ժամանակ կորսնցնելու, հարկ է որ զինուրագրուի եւ պատրաստուի պայքար մղելու չարի իշխանութեան դէմ. Այլեւս ժամանակ չկայ եւ արդէն ուշ է պատերազմը հռչակելու համար։ Եթէ այսօր չսպառազինուինք եւ չօգտագործենք ծոմապահութեան ու աղօթքի մեր հզօրագոյն զէնքերը, մօտօրէն անձնատուր կ՛ըլլանք մենք եւս չարի ուժին առաջ։
Իմ պատգամս է այսօր որ ձեզմէ ամէն մէկը, բոլոր անոնք որոնք տակաւին իրենք զիրենք հաւատացեալ կրնան կոչել եւ չեն ամչնար իրենց հաւատքը դաւանելէ բոլորին առջեւ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող խիստ ծոմ պահէ եւ պահք բռնէ Քառասնորդաց այս շրջանին, այնպէս ինչպէս մեր հայրերն ու մայրերը կը կատարէին ասկից տասնեակ տարիներ առաջ, գերազանցելով համայնքային եկեղեցիներու տուած թելադրանքները, որոնք միայն նուազագոյն զոհողութիւնը կ՛առաջարկեն։
Բարի նախանձ մը թող արթննայ ձեր բոլորին մէջ` հանդէպ մանաւանդ այն ոչ­քրիստոնեայ կրօնքներուն, որոնք պահած են տակաւին ու կը գործադրեն ծոմապահութեան իրենց խստագոյն օրէնքները. Անոնք առանց երկիւղի ու մարդկային զգացումի, յաչս բոլորին, կը պահեն ծոմը, զրկելով իրենք զիրենք կամաւորապէս սնունդէ եւ ըմպելիքէ, արշալոյսէն մինչեւ վերջալոյս, Աստուծոյ աւելի հաճելի դառնալու համար։
Ինչու՞ մենք, քրիստոնեաներս, պիտի չկարենանք պարտադրել մենք մեզի այն ինչ որ ուրիշները կը յաջողին ընել եւ ամէն տարի կը կրկնեն առանց մասնաւոր դժուարութեան։
Այսօրուայ աշխարհը մեր առջեւ կը դնէ զանազան մարտահրաւէրներ։ Անոնցմէ մին թող հանդիսանայ ծոմապահութիւնը եւ վստահաբար` մարմնաւոր այս զոհողութեամբ` հոգեպէս աւելի հզօր պիտի դառնանք, հասնելու համար Քրիստոսի Յարութեան պանծալի յիշատակումին, յաղթելով չարին, ինչպէս որ ինք յաղթեց մահուան ու ստացաւ փառք ու պատիւ, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։ 

ԳԵՐՊ. ՅՈՎՍԷՓ Թ.Ծ.Վ. ՔԷԼԷԿԵԱՆ
Առաջնորդի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
յԵրուսաղէմ եւ ի Յորդանան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ