Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբեր 2009 - Հայ Կաթողիկէ եկեղեցասէր միութեան ճաշկերոյթ Աթէնքի մէջ


Աթէնքի, Յունաստան

 

Կիրակի, 15 Նոյեմբեր 2009 կէսօրին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցասէր միութեան ճաշկերոյթ «Ալքիոնէս» ճաշարանէն ներս։

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց, վարչութեան հաշուապահ երեցկին Թալին Զարուքեան-Շէֆիքճեան։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Տէր Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքճեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ճաշարանին տիրոջ, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ վարչութեան անդամներուն։ Ժողովրդապետը իր խօսքի աւարտին, աղօթքի միութեամբ հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Ջոլաքեանին հետ, օրհնեց սեղանը։

Ճաշկերոյթը ընդգրկեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիր ընկերակցութեամբ պրն. Կարապետ Աճեմօղլուի եւ իր նուագախումբին, ինչպէս նաեւ վիճակահանութիւն եւ նուիրատուութիւններ եկեղեցւոյ վարչութեան։      


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ