Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015 - Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ Աւագ Շաբթուան յայտագիրը

 

 

 

Պէյրութ

2015-ի Աւագ Շաբթուան ընթացքին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 2 ապրիլին՝ Աւագ Հինգշաբթի, պիտի այցելէ «Սուրբ Խաչ» ժողովրդապետական եկեղեցի, ուր պիտի նախագահէ սուրբ Պատարագին եւ Ոտնլուայի արարողութեան: Երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ նոյն եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ հսկումի եւ չարչարանաց գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները: 3 ապրիլ՝ Աւագ Ուրբաթ օրը, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ երեկոյեան ժամերգութեան եւ Յիսուսի թաղման յիշատակի արարողութեան «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ: 4 ապրիլ՝ Աւագ Շաբաթ օրուան ժամը 5:30-ին ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ ճրագալոյցի սուրբ Պատարագին «Սրբոյ Կուսին Աւետման» եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի պատարագէ եւ քարոզէ արժանապատիւ տէր Կարապետ քհն. Թադէոսեան:

Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ