Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2011 - Անարատ Յղութեան տօնը Հալէպի մէջ


Հալէպ, Սուրիա

Անարատ Յղութեան եղբայրակցութեան նախաձեռնութեամբ, չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր երեկոյեան ժամը 6-ին, Հալէպի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր կրթութիւն, Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ:
Երեք օրերու վրայ երկարող հոգեւոր կրթութեանը պատարագեց Անարատ Յղութեան եղբայրակցութեան հոգեւոր հայր՝ գերպ. Անտոն վրդ. Թահանը եւ քարոզեց հայր Էլիաս Ատեսը:

Եզրափակիչ պատարգը տեղի ունեցաւ ուրբաթ երեկոյեան ժամը 6-ին «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեանը:
Պատարագի ընթացքին Անարատ Յղութեան եղբայրակցութիւն համալրուեցաւ 5 անդամներով եւս եւ դարձան 65 հոգի:

Պատարագէն ետք, Անարատ Յղութեան արձանը բարձրացուցած հոգեւորականները թափօրով դարձան եկեղեցւոյ շրջաբակը:
Արարողութեան աւարտին Միրիաթեան Գերապայծառը, հայր Էլիաս Ատեսը, «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, Անարատ Յղութեան եղբայրակցութեան անդամները ընդունեցին հաւատացեալներուն շնորհաւորանքները:

Յիշենք, որ 2012-ին Անարատ Յղութեան եղբայրակցութիւնը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 260 ամեակը (1752-2012):



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ