Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2011 - Նորվեկիոյ դեսպանը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Պէյրութ

Չորեքշաբթի, 21 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսրօուան ժամը 12:00-ին, Նորվեկիոյ լիազօր դեսպան Սվէյն Աասս այցելեց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ, Ժէիթաուի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ժողովրդապետ սուրբ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ: 

Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ հայ Եկեղեցւոյ պատմականին մասին, նշելով հայոց քրիստոնէացումը 301 թուին, ապա պատմական հոլովոյթը մինչեւ 1915-ի ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին աւելի քան 1.5 միլիոն հայեր։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց նաեւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ արմատներն ու նուիրապետական աթոռին հաստատումը Զմմառու վանքին մէջ 18-րդ դարէն սկսեալ։ Ան դեսպանին պարզեց նաեւ հայ կաթողիկէ համայնքին իրավիճակը Լիբանանի մէջ,  ժողովրդապետութիւնները ու կրթական հաստատութիւնները, որոնք միշտ կը պահեն հայ լեզուն ու մշակոյթը լիբանանեան իրականութեան մէջ։

Հոգեւոր Տէրը եւ դեսպանը անդրադարձան նաեւ արաբական երկիրներու մէջ ներկայիս տեղի ունեցած յեղաշրջումին ու զարգացումներուն մասին, նկատի առնելով անոր լուրջ հետեւանքները շրջանի կայունութեան ու քրիստոնեաներու գոյավիճակին համար։  

Հանդիպման աւարտին, ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց դեսպանը այցելելու Զմմառու հնադարեան վանքը, եւ անոր նուիրեց երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի յուշագիրքը։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ