Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2011 - Սրբազան քահանայապետին դիտաւորութիւնները օգոստոս ամսուան ընթացքին


Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը հաւատացեալները կը հրաւիրէ աղօթելու այն երիտասարդներուն համար, որոնք պիտի մասնակցին Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրերուն Մատրիտի մէջ, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն համար։

Ընդհանրական աղօթքին դիտաւորութիւնը հետեւեալն է. որպէսզի Երիտասարդաց Համաշխարհային տօնակատարուած Օրերը Մատրիտի մէջ քաջալերեն աշխարհի բոլոր երիտասարդները արմատացնելու եւ ամրապնդելու իրենց կեանքը Քրիստոսի մէջ։

Անոր առաքելական դիտաւորութիւնը նաեւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներուն համար է, որպէսզի Արեւմուտքի քրիստոնեաները, որոնք հնազանդ են սուրբ Հոգւոյն գործողութեան, վերագտնեն հաւատքի թարմութիւնն ու խանդավառութիւնը։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ