Երկուշաբթի, 27 Փետրուար 2012 - Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հաղորդագրութիւն


Պուրճ Համուտ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը սոյն գրութեամբ կու գայ իր երախտագիտական զգացումները փոխանցելու ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան, որ իր ազգային եւ նուիրական առաքելութեան կողքին, նաեւ ի սպաս կը ծառայէ հայ դպրոցին:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի կազմակերպած հայկական վարժարաններու 2011-ի պրէօվէի պետական քննութիւններուն գերազանց արդիւնք արձանագրող աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը էապէս ծառայեց եւ վստահաբար յառաջիկային եւս պիտի ծառայէ իր նպատակին, որ կ’առաջնորդուի հայ դպրոցը հայկական վարժարաններուն մէջ պահելու սրբազան առաջադրանքով, եւ որուն հիմքն է քաջալեր հանդիսանալ հայ աշակերտութեան:
Այս եւ նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ լիբանանահայ աշակերտութեան մօտ կրնան ստեղծել հոգատարութեան եւ գուրգարանքի մթնոլորտ, ինչ որ վստահաբար արժանի են գնահատանքի: Տակաւին, պարգեւատրման հանդիսութիւնը, իր խօսուն պատգամով եւ հնչեղ գեղարուեստական յայտագիրով առաւել եւս ամրապնդեց նախաձեռնութեան կարեւորութիւնն է մեկնակէտը:
Ուստի, կը շնորհաւորենք ՀՅԴ ԼԵՄ-ը, եւ միութեան կը մաղթենք նորանոր նուաճումներ:
Վերջապէս, այս առիթով անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք Մեսրոպեան վարժարանի մրցանակակիր աշակերտները` «շատ լաւ» յիշատակութեան արժանացած Մեղրի Չարըքեանը եւ «լաւ» յիշատակութեան արժանացած Րաֆֆի Աբրահամեանը, Սանտրա Չէօլմէքեանը, Սերուժ Ճապրայեանը, Մանուելլա Օհաննէսեանը, Եղիա-Մանուէլ Մարսիմը, Ալիս Աբարթեանը եւ Մարիա Գէորգը, որոնց կը մաղթենք աւելի մեծ յաջողութիւններ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ