Երկուշաբթի, 5 Յունուար 2009 - Ս. Ծննդեան Տօնը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ

 
Դամասկոս, Սուրիա
 

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին  այս տարի եւս  ցնծութեամբ տօնեց Ս. Ծնունդը: 24 Դեկտեմբերի երեկոյեան, միութեան պատանիներն ու երիտասարդները  մուտք գործեցին Առաջնորդարան երգելով «Խորհուրդ մեծ» շարականը, ստանալով համայնքի Առաջնորդ՝ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանին ու Գերապատիւ Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանին օրհնութիւննները եւ լսելով անոնց հայրական յորդորները, ապա փոքր խումբեր կազմած անոնք այցելեցին համայնքի ընտանիքներու ու միութեան համակիրներու տուները, աւետելով ծնունդը Փրկչին ու երգելով Ծննդեան շարականներ: Այս առթիւ անոնք ամէն տուն ներկայացուցին յուշանուէր մը որ այս տարի նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետին, անոր ծննդեան 140 ամեակի առթիւ: Կէս գիշերին, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ զոր մատոյց Հայր Մովսէսը ու քարոզեց  յաւուր պատշաճի: Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Դամասկոսի Հայոց թեմի Առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, որ ինչպէս միշտ այս տարի եւս իր ներկայութեամբ բազմապատկեց համայնքի զաւակներու ուրախութիւնը, նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ Առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Աբգար Քահանայ Գահքէճեանը: Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնը կատարեցին «Քնար» երգչախումբի անդամները:  Պատարագէն ետք բոլոր հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ Ռ.Պասմաճեան սրահ ուր Հ.Կ.Մ.ի տիկնանց վարչութեան նուիրեալ անդամուհիները պատրաստած էին ճոխ հիւրասիրութիւն մը : Բարեկամներ, համայնքի զաւակներ հաճելի ժամանակ անցուցին փոխանակելով շնորհաւորութիւններ  ու բարեմաղթանքներ:

 
25 Դեկտեմբերի առաւօտեան Արհի.Յովսէփ եպս. Առնաութեան մատուցանեց Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագը, որուն ներկայ գտնուեցաւ
 
Դամասկոսի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան՝ Տոքթ. Արշակ Փոլատեանը ու դեսպանատան Ա. գարտուղար Պրն. Կարէն Գրիգորեանը: Գերապայծառ Տէրը տուաւ իր տօնական քարոզը, ապա  պատարագէն  ետք «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերապայծառ տիրոջ, հաւատացեալները թափօր կազմած ուղղուեցան Առաջնորդարանի դահլիճ ուր  ընդունուեցան շնորհաւորութիւններ:
  
Կէսօրէ ետք Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Ս.Ծննդեան աւանդական հանդէսը եկեղեցւոյ Ռ.Պասմաճեան սրահէն ներս: Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Գերապայծառ Տէրը ու Հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանը ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ծնողներ ու փոքրիկներ: Ջահակիրներն ու պատանիները ներկայացուցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը: Յայտագրի հաճելի պահերէն էր խումբ մը պատանիներու  կատարած նուագները, որոնք մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:

 
Գերապայծառ Տէրը այս առթիւ իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն վեր առնելով Քրիստոսի Ծննդեան տօնին արժէքն ու խորհուրդը:
 
  
  
 Հանդէսի կիզակէտն էր Կաղանդ-Պապայի ժամանումը որ մեծ  ուրախութիւն սփռելեց  շուրջը: Փոքրիկները շուրջպար բռնած զուարճացան, մինչ Կաղանդ Պապան բոլոր փոքրիկներուն բաժնեց նուէրներ ու ձեռային աշխատանքներ որոնք պատասխանատուները ու ջահակիր-պատանիները պատրաստած էին այս առիթով: Ի վերջոյ Հ.Կ.Մ.-ի փոքրիկները խօսք տուին   Կաղանդ Պապային  կանոնաւոր կերպով հաճախել եկեղեցի ու ակումբ եւ ըլլալ օրինակելի ու հնազանդ  փոքրիկ Հ.Կ.Մ.ականներ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ