Երկուշաբթի, 29 Յունուար 2007 - Տիար Կրեկուար Գալուստ նշանակուած է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տնօրէն

Սոյն հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացնենք, որ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի որոշումով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Գործադիր Տնօրէն Տիար Կրեկուար Գալուստ, 18 Յունուար 2007ին նշանակուած է նոյն վարժարանի Տնօրէն, եւ այսուհետեւ պիտի գործէ այդ հաստատութեան բարձրագոյն պաշտօնին թելադրած իրաւասութիւններուն եւ պարտականնութիւններուն համաձայն:

Այս առիթով կը վերահաստատենք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարչական, միութենական եւ կրթական մարզերուն մէջ աշխարհականներու դերակատարութիւնը, որ կը բխի մեր համայնքային ու ազգային կեանքի թելադրանքներէն:

 Հայր Վարդան Եպս. Աշգարեան
Նախագահ՝
Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու Տնօրէններու Խորհուրդի


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ