Երկուշաբթի, 23 Յուլիս 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Թաբորական Վիճակիդ Եւ Առօրեայիդ Ի Խնդիր…

 

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Յիսուս Քրիստոսի «Այլակերպութիւն», «Պայծառակերպութիւն» է, որ մեր եկեղեցիին «տաղաւար» կոչուած աւագ հինգ տօներէն մին է: Հայացուած այս տօնը կը կոչենք նաեւ «Վարդավառ»:
Այս լուսապայծառ տօնառիթին կը շնորհաւորեմ այն բոլոր հայ քոյրերը, որոնք կը կրեն «-վարդ» վերջնավանկով անձնանունը, ինչպէս ալ` հայադրոշմ «Վարդանուշ»-ները, «Վարդիթեր»-ները, «Վարդուհի»-ներն, «Պայծառ»-ները, «Աստղիկ»-ներն ու «Նուարդ»-ները, եւ այն բոլոր հայ եղբայրները, որոնք կը կոչուին «Վարդ», «Վարդավառ», «Վարդօ», «Վարդգէս» ու «Վագօ»:
Հայագեղ մեր տօնախմբումը կը յիշեցնէ մեզի այն հրաշադէպ դրուագը Թաբոր լերան վրայ, զոր առաջին երեք աւետարանիչները եւ Ս. Պետրոս աւանդած են քրիստոսական ժամանակին ու մարդկութեան (Մտթ. 17,1-9. Մրկ. 9,2-10. Ղկ. 9,28-36 եւ 2 Պետ. 1,17-18):
Յիսուսի այլակերպութեան դէպքէն անմիջապէս առաջ իրարու յաջորդեցին երեք շատ կարեւոր պատահարներ, որոնք գալիք պայծառակերպութեան խորհուրդին դիմաց` ունեցան իրենց խոր նշանակութիւնն ինչպէս առաքեալներուն, նոյնպէս ալ մեզի համար:
Առաջին պատահարն է «Պետրոսի դաւանումը», որով ան Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոսը խոստովանեցաւ «կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտթ. 16,16):
- Դուն կ՛ընդունի՞ս եւ կը խոստովանի՞ս, թէ, ո՜վ Տէր Յիսուս, «Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին»…: Եթէ այո՛, ապա արժանի կ՛ըլլաս իմանալու Երկնաւոր Հօր յայտնութիւնը:
Երկրորդ պատահարն է «Յիսուսի խաչամահին ու յարութեան աւետումը», որուն ժխտումովդ եւ անկէ գայթակղութեանդ համար պիտի լսես Տիրոջ յստակ յանդիմանութիւնը. «Քու ըմբռնումներդ աստուածային չեն, այլ` մարդկային» (Մտթ. 16,23):
Երրորդ պատահարն է «Յիսուսի հետեւելու պայմանին յայտարարութիւնը», որով Քրիստոս յստակացուց անցեալին, ներկային եւ ապագային մէջ իր աշակերտներուն անշեղ ուղեգիծը, ցնծաբաշխ կենսուղին ու յաւերժատար գիտակցութիւնը. «Եթէ մէկը ուզէ հետեւիլ ինծի, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ գայ իմ ետեւէս» (Մտթ. 16,24):
Այս երեք պատահարները կ՛առաջնորդեն պայծառակերպութեան խորհուրդին, որուն անվերապահ ընկալումովդ քու հոգիդ կ՛այլակերպուի, դէմքդ կը լուսաւորուի, մարմինդ կը սպիտականայ եւ միտքդ կը պայծառակերպուի…
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն հաղորդակից կը դառնաս երկնայիններուն, որոնք խորհրդատուներ եւ աջակիցներ կը հանդիսանան քեզի, երբ կարիքը կ՛ունենաս անոնց օժանդակութեան:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն սիրահամը կ՛առնես Յիսուսի մտերմութեան, ա՛յնքան, որ միշտ կ՛ուզես հետն ըլլալ:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին, նոյնիսկ երբ կը սայթաքիս, դուն արժանի կ՛ըլլաս լսելու աստուածային Մտերիմիդ քաջալերանքը. «Ոտքի ե՛լ, մի՛ վախնար»:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն կը գիտակցիս, թէ Յիսուս լիովին կը բաւէ քեզի այսօր, վաղը եւ յաւիտենապէս:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն կը կրկնես Ս. Պետրոս առաքելապետին վկայութիւնը. «Տիրոջ մեծ վայելչութեան ականատես վկաներն եղանք, երբ մենք Քրիստոսի հետն էինք սուրբ լերան վրայ» (2 Պետ. 1,16 եւ 18):
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն կը համոզուիս, թէ կեանքիդ վերջին բառը «մահը» չէ, այլ` անմահութիւնը:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին` դուն կ՛ապրիս, թէ աւարտականը քու տառապանքդ չէ, այլ` ուրախութիւնդ:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին պայծառակերպութեան խորհուրդէն դուն կ՛իմանաս, թէ ամէնօրեայ կեանքիդ մէջ Յիսուսի սիրոյն համար կրած խաչդ ստոյգ ապացոյցն է Աստուծոյ  սիրազեղ ներկայութեան ու գործօն հզօրութեան:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն կ՛ընդունիս Հայր Աստուծոյ վկայութիւնն ու հրահանգը. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս, զոր ես հաճեցայ ընտրել: Անոր մտիկ ըրէ՛ք»:
Այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքին դուն կ՛անդրադառնաս, թէ Աստուծոյ Որդիին մտիկ ընողներուն առաջինն է Մարիամ` Պայծառակերպեալին Կուսամայրը, որ հանդիսացաւ Խաչեալին Մայրը` միշտ մնալու համար Մայրը Յարուցեալին, Համբարձեալին ու Փառաւորեալին…
Վերջապէս, այս «Թաբոր»-ական վիճակիդ մէջ եւ առօրեայիդ զբաղումներուն ընթացքով կենսաղավարողիդ կը յիշեցնեմ «Այլակերպութեան» կամ «Վարդավառ» տօնին մեր ժողովրդական աւանդութիւններէն ջրախաղի եւ աղաւնի թռցնելու սովորութիւնները:
Ջուրը խորհրդանիշն է մաքրութեան, իսկ աղաւնին` անմեղութեան…
Հոգեմտաւոր մաքրութիւնդ եւ անմեղութիւնդ քեզ կը դարձնեն աւելի՛ մարդ, աւելի՛ հայ եւ աւելի՛ քրիստոսական: Ուստի` աւելի՛ առաքինի եւ աւելի՛ յիսուսանման:

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 15 յուլիս 2012


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ