Չորեքշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2012 - Մշակութային կեդրոնի եւ Մատենադարանի նոր սրահներու բացում Զմմառու վանքին մէջ

Զմմառ

Երեքշաբթի, 27 նոյեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 5.30-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ վանքի Մշակութային կեդրոնի եւ Մատենադարանի նոր սրահներու բացման հանդիսութիւնը, կազմակերպութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան վարչութեան, ներկայութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան եւ բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան հոգեւոր եւ բարձրաստիճան անձաւորութիւններ։

Այս առթիւ, համագործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրեցին Զմմառու վանքի մեծաւոր գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան եւ Մաշտոցի մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան: Ըստ համաձայնագրին, Զմմառու վանքը խտասալիկներով Մաշտոցի մատենադարանին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ Զմմառու մատենադարանի սեփականութիւնը եղող եւ մշակութային մեծ արժէք ներկայացնող ձեռագիրներ, զանոնք ուսումնասիրելու եւ վերլուծելու նպատակով։ 

Յիշենք, որ «Ձեռագիր եւ Հնատիպ Մատեաններ» ցուցահանդէսը եւ մշակութային կեդրոնի բացումը տեղի կ'ունենան հայ տպագրութեան 500 ամեակին առթիւ եւ անոնք կ'ամբողջացնեն Զմմառու վանքի մշակութային ձեռնարկներու շարքը, որ կազմակերպուած էր վերջին տարիներուն: Ցուցահանդէսը կ'ընդգրկէ հին ձեռագիրներու եւ վանքին մէջ պահուած հնագիտական իրերու ցուցադրութիւն վերանորոգ մատենադարանին մէջ, եւ պիտի ընթանայ մինչեւ 15 դեկտեմբեր 2012։

Այս առթիւ, 48 էջնոց և մեծ չափով գունազարդ ու պատկերազարդ ցուցակ մը հրատարակուեցաւ «Երեք դարեան հաւատարմութեան վկայ Զմմառու Մայրավանքի Ձեռագիր եւ Տպագիր Մատեաններ» խորագրով, հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Ան լոյս տեսաւ Զմմառու վանքի վարչութեան եւ Քասլիքի «Սուրբ Հոգի» համալսարանի աշխատակազմի համատեղ գործակցութեամբ:

Իսկ նորաստեղծ Մշակութային կեդրոնը պիտի զբաղի վանքի մշակութային կեանքով եւ անոր հետ առընչուող հարցերով, ծառայելով Զմմառու վանքին մշակութային եւ ազգային վերելքին ու բարգաւաճման։ 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ