Հինգշաբթի, 10 Սեպտեմբեր 2009 - Նոր Խաչքարի զետեղում Քեսապի մէջ

 

Քեսապ

Քեսապ հայաւանը վերջերս զարդարուեցաւ հայկական խաչքարով մը: Խաչքարը զետեղուեցաւ Էսքիւրէն գիւղի գեղատեսիլ բլուրի մը վրայ ուր մի քանի տարի առաջ Քամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Հովիւ Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ. վրդ Այվազեանի ջանքերով կառուցուեցաւ «Տիրամայր նահատակաց»  վանքը, որ կը ծառայէ Սուրիոյ զանազան շրջաններէ ժամանած քրիստոնէական, երիտասարդական եւ այլեւ այլ խումբերուն որպէս ամառնային  կազդուրման ու կրթութեան կեդրոն: Ահաւասիկ  սքանչելի բնութեան գիրկը գտնուող այս վանքի մուտքին տպաւորիչ ժայռաբեկորի մը վրայ կանգնած է այսօր նրբակերտ խաչքարը որ առաջինն է Քեսապի շրջանին մէջ: Խաչքարը հայկական տուգ քարի վրայ պատրաստուած է Մայր հայրենիքի մէջ ու ձօնուած հայ ազգի նահատակներուն: 30 Յուլիսին խաչքարը զետեղուեցաւ  կանխաւ պատրաստուած  պատուանդանին վրայ Գերյարգելի Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Այվազեանի յատուկ գուրգուրանքով ու անմիջական հսկողութեամբ: Իսկ Յաջորդ օրը 31 Յուլիսին կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ Խաչքարի օրհնութիւնն ու օծումը: 

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Այվազեան Գերյարելիի կողքին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետ Հ. Գարեգին վրդ. Քէօշկերանը ու Զմմառու միաբանութեան վարչութեան անդամ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանը:
Ներկայ գտնուեցան Էսքիւրէնի բնակիչները, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Պատանեկանի անդամները որոնք իրենց տարեկան բանակումի առիթով կը գտնուէին Քեսապ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսէն ժամանած բարեկամներ: Հայկական ծէսի համաձայն Խաչքարը օծուեցաւ գինիով, ջուրով ու սրբալոյս միւռոնով ու օրհնուեցաւ աղօթքներով ու շարականներով հոգեւոր հայրերու կողմէ, ապա ներկաները «Խաչի քո» շարականի երգեցողութեամբ երկրպագութիւն մատուցեցին նորակերտ խաչքարին ու տէրունական աղօթքով վերջ գտաւ արարողութիւնը: Գերյարգելի Հ. Անդրանիկ մաղթեց որ այս սուրբ խաչքարը իր հովանիին տակ ապահով կը պահէ Քեսապի հայութիւնը ու բարօրութիւն կը պարգեւէ ու Յիսուս Քրիստոս այս խաչքարին մօտեցողներու աղօթքները կ՝ընդունի ու խնդրանքները կը կատարէ:   
                       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ