Sermons Sermons
Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2006 - Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսի փակման խօսք
Սիրեցեալ Եղբայրներ ի Քրիստոս,


Այս նիստով կը փակենք Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին աշխատանքները:

Նիստերուն ընթացքին, մեր ուշադրութեան առարկայ դարձուցինք մեր Եկեղեցւոյ կենսական հարցերը՝ թեմերու կացութիւնը, Մնայուն Սիւնհոդոսի եւ Լեւոնեան վարժարանի Մատակարարական Յանձնախումբի անդամներուն ընտրութիւնը, քահանայական Համաժողովին հարցը, պատրիարքական յանձնախումբերու աշխատանքները, կանոնական, ծիսական եւ տնտեսական նիւթեր ինչպէս նաեւ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի ընդհանուր Եկեղեցւոյ վարդապետի յառաջիկայ առնելիք քայլերը:

Կոչումներու հրատապ հարցը, ինչպէս գիտէք, սերտ կերպով առընչուած է եկեղեցականներու կեանքի եւ վկայութեան հարցին հետ: Անցեալ հոկտեմբերին, Հռոմի Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին ընթացքին, առիթը ունեցայ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետին հետ հակիրճ հանդիպում մը ունենալու: Առիթէն օգտուեցայ ու Սրբազան Հօրմէն խնդրեցի յատուկ աղօթք մը քահանայական կոչումներուն համար: Երբ սիրով ընդառաջեց իմ խնդրանքիս, համարձակութիւնը ունեցայ երկրորդ խնդրանք մ‏’ընելու՝ «Սրբազան Հա՛յր, ըսի, ոչ միայն քանակին այլ նաեւ որակին համար»: Ինծի շեշտակի նայեցաւ եւ յարեց. «առանց որակի, քանակը անօգուտ է» (senza la qualitՈ, la quantitՈ non serve): Սրբազան Հօր այս արթնամիտ պատասխանը զիս մեծապէս տպաւորեց:

Եթէ այսօր ցանենք, վաղը պիտի հնձենք: Եթէ կոչումներուն համար աղօթենք, ըստ Տիրոջ պատուէրին, երկինքը պիտի պատասխանէ անշուշտ եւ մեր Եկեղեցւոյ համար նորանոր կոչումներ պիտի յարուցանէ, երբեմն չսպասուած տեղէն: Յուսալքումը չի կրնար մեր վրայ տիրապետել, նոյնիսկ եթէ տասը, քսան կամ աւելի տարիներ աշխատեցանք առանց պտուղ քաղելու: Առաքեալներն ալ գիշեր մ‏’ամբողջ աշխատեցան եւ ոչ մէկ ձուկ չկրցան որսալ, բայց երբ իրենց հաւատքը դարձուցին Յիսուսի խօսքին, անհամար բերք ունեցան: Այս օրինակը մեզի քաջալեր պէտք է հանդիսանայ: Դժբախտաբար ներկայ աշխարհի մտայնութիւնը բնաւ նպաստաւոր չէ կոչումներուն համար, բայց ասիկա պատճառ մը աւելի պէտք է ըլլայ մեզ մղելու հնարամիտ դառնալու եւ անխոնջ աշխատանք տանելու՝ նորանոր հովուական ծրագիրներ մշակելով եւ կոչումներու յատուկ յանձնախումբեր կազմելով:

56րդ Ազգային Շաբթուան Հովուական Համաժողովին ընթացքին կայացած Իտալիոյ Փարմա քաղաքին մէջ անցեալ Յունիսին, Կարդինալ Ճիովաննի Պաթթիսթա Ռէ, նախագահ Եպիսկոպոսաց քահանայապետական Ժողովին, անդրադարձաւ Եպիսկոպոսի դէմքին մասին եւ ըսաւ. «այս վերջին տարիներուն, եպիսկոպոսին պատկերը փոփոխութիւններ կրեց դառնալով աւելի մօտ ժողովուրդին, որուն հետ մասնակից կը դառնայ անոր ուրախութիւններուն եւ տառապանքներուն, մտահոգութիւններուն եւ յոյսերուն: Այսօր, Եպիսկոպոսը ամէն ատեն եւ աւելի յստակ կերպով կ‏’անդրադառնայ այն անհամեմատութեան վրայ, որ կը տիրէ իր պարտականութիւններու եւ իր անձնական մարդկային կարողութիւններու միջեւ, եւ ինքզինք անկարող կը զգայ իրեն յանձնուած պաշտօնին ծաւալին դիմաց: Բայց, կը շարունակէ Ծիրանաւորը, Եպիսկոպոսը ունի ապահովութիւնը թէ Քրիստոս իրեն միշտ կ‏’ընկերակցի: Ան ունի նաեւ զօրակցութիւնը բոլոր անոնց որոնք կ‏’ընդունին իր խօսքը եւ կ‏’ընթանան Քրիստոսի ետեւէն»: Եւ եզրափակեց ըսելով՝ «անկէ կը բխի հաւատացեալներուն համար պարտականութիւնը սիրելու իրենց առաջնորդը եւ անոր նեցուկ կանգնելու՝ համայն հօտին բարիքին եւ հոգիներուն փրկութեան համար»:

Խօսքս փակելէ առաջ, ձեր բոլորին անունով կը փափաքիմ սրտաբուխ գնահատութիւնս արտայայտել Սիւնհոդոսի ատենավարներուն՝ Արհի. Արհի. Պետրոս Արքեպ. Միրիաթեանի եւ Մանուէլ Եպս. Պաթագեանի, որոնք յանձն առին եւ ձեռնհասօրէն առաջնորդեցին Սիւնհոդոսին նիստերը:

Գնահատանքս կ‏’ուղղեմ յատուկէն Սիւնհոդոսի առաջին քարտուղարին՝ Արհի. Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի եւ իր օգնականին՝ Գերյարգելի Միքայէլ Ծ. վրդ. Մուրատեանի, սիւնհոդոսական որոշումները արձանագրող՝ Արհի. Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեանի ինչպէս նաեւ հոգեւոր բաժնի պատասխանատու՝ Արհի. Գէորգ Արքեպ. Խազումեանին, առանց մոռնալու քուէախոյզ եպիսկոպոսները՝ Արհի. Արհի. Վարդան Պօղոսեան եւ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան:

Յուսկ ուրեմն, եղբայրական անկեղծ շնորհակալութիւնս ձեզի բոլորիդ, Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ սիրելի եղբայրներ, Ձեր գործօն մասնակցութեան նիստերու աշխատանքներուն, Ձեր նախաձեռնութիւններուն եւ շահաւէտ առաջարկներուն:

Թո՛ղ Սուրբ կոյս Աստուածածինը, Զմմառու Տիրամայրը եւ մեր Եկեղեցւոյ Պաշտպանը, իր մայրական գուրգուրանքով մեզ պարուրէ ինչպէս ըրած է շարունակ 257 տարիէ ի վեր:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ