Երկուշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2012 - Մալոյեանի երանացման 11 ամեակը Զալքայի մէջ


Զալքա

Կիրակի, 7 հոկտեմբեր  2012 առաւօտեան ժամը 10:30-ին, երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման 11-րդ տարեդարձին առթիւ սուրբ Պատարագ մատուցանեց Զալքաի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ`  հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանը: Ան իր քարոզին մէջ ըսաւ. «7 հոկտեմբեր 2001-ին,  հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան  բոլոր անդամները  նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին մասնակցեցան երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանի երանացման հոգեպարար արարողութեան  եւ սուրբ Պատարագի զոհին, զոր մատոյց Երջանկայիշատակ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան  Քահանայապետը, Հռոմի Սուրբ Պետրոսի փառաշուք հրապարակին վրայ ի ներկայութիւն  բազմահազար հայ եւ օտարազգի հաւատացեալներու:

«Երանելիները եւ Սուրբերը մեր պաշտպաններն են», ըսաւ հայր Նարեկ իր քարոզին մէջ: «Անոնք կը զոհուին եւ կը նահատակուին բոլոր մարդոց համար, որպէսզի սրբանան ճշմարտութեան մէջ: Եկեղեցին զանոնք մեզի իբրեւ տիպար կու տայ: Անոնք միայն բարեխօսներ չեն մեզի համար, այլ` հարազատ վկաններ եւ օրինակներ, որոնց պէտք է հետեւինք, որովհետեւ մեր նահատակներուն արիւնը սերմ է նոր կեանքի»:

Պատարագի աւարտին, երգչախումբին «Բազմաջարջար Նահատակ» շարականի երգեցողութեամբ, սուրբ խորանի սպասաւորներու  թափօրը ուղղուեցաւ դէպի երանելի Իգնատիոս արք. Մալոյեանին  խորանը,  որուն առջեւ հայր Նարեկը խոնարհելով  երկրպագեց եւ խնկարկեց  սուրբ խորանը, ապա հաւատացեալ ժողովուրդին հետ միաբերան աղօթեցին «Շնորհք Խնդրելու» աղօթքը:

Ապա «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ սրահին մէջ ժողովրդապետ վարդապետը ընդունեցաւ հաւատացեալներուն շնորհաւորութիւնները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ