Կիրակի, 16 Յուլիս 2006 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Ղարաբաղի Մէջ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Արկադի Ղուկասեանին հրաւէրով եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Արցախ ժամանեց 7 Յուլիս 2006, Ուրբաթ կէսօրէն ետք ժամը 4.00-ին, ընկերակցութեամբ բազմանդամ պատուիրակութեան մը, որուն մաս կը կազմէին Հայաստանի եւ Վրաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Հայր Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեան, այլ հոգեւորականներ, Պատրիարքական մարմիններու անդամներ, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ կաթողիկէ միութիւններու ներկայացուցիչներ: Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան ԼՂՀ այցելութիւնը պատմականօրէն աննախադէպ իրադարձութիւն մը եղաւ թէ՛ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ թէ՛ ազատագրուած Արցախի Հանրապետութեան համար, որովհետեւ՝

Առաջին անգամն էր որ սփիւռքէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը կ’ուղղուէր նախ ԼՂ Հանրապետութիւն եւ ապա Հայաստան, ինչ որ չէր վրիպած ԼՂՀ ղեկավարութեան ուշադրութենէն, Առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետը ոտք կը դնէր ազատագրուած Լեռնային Ղարաբաղի հողին վրայ, ուր կ’արժանանար ժողովրդային ու պաշտօնական ամենաջերմ ընդունելութեան,

Առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ հոգեւորական մը հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ կը մատուցանէր եւ հանգստեան պաշտօն կը կատարէր ազատագրուած Արցախի մէջ,

Առաջին անգամն էր որ ուղղակի շփում կը հաստատուէր ԼՂՀ պետական իշխանութիւններուն եւ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ հա- մայնքի ներկայացուցիչներուն միջեւ,

Առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ Համայնքապետը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան փառապանծ մէկ էջին վկայութիւնը հանդիսացող Գանձասարի Եկեղեցւոյ մէջ, հանգստեան պաշտօն կը կատարէր եկեղեցւոյ քաջակորով Հոգեւոր Հովիւ Տէր Յովհաննէսին հետ ի յիշատակ սրբազան հողի ազատագրութեան ճանապարհին ինկած նահատակներու հոգիներուն,

Առաջին անգամն էր որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առիթը կը տրուէր ազատագրուած Արցախին ու անոր հերոս ժողովուրդին թեւ ու թիկունք կանգնելու իր ամբողջական յանձնառութեան շօշափելի վկայութիւնը տալու :

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետին անդրանիկ այցելութիւնը Արցախ արժանացաւ պաշտօնական ու ժողովրդային ամենաջերմ ընդունելութեան: Շուշի եւ Ստեփանակերտ կատարուած այս շատ կարճատեւ այցելութեան շարժառիթը՝ Շուշիի պատմա-մշակութային ժառանգութեան հետազօտութեան առաջին արդիւնքներուն եւ հեռանկարներուն նուիրուած գիտաժողովն ու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք անւան Շուշիի մշակութային հետազօտութեան եւ վերականգնման թանգարանի օծումը եւ անոր ճակատին զետեղուած յուշատախտակին բացումն էին: Սակայն այս այցելութիւնը չմնաց յայտարարուած շարժառիթի սեղմ սահմաններուն մէջ: Արդարեւ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը խորհըրդակցական եւ աշխատանքային հանդիպումներ ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Արկադի Ղուկասեանին, Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին, փոխ-վարչապետ Արարատ Դանիէլեանին, արտաքին գործոց եւ մշակոյթի, կրթութեան եւ սպորտի նախարարներ Գէորգի Պետրոսեանին եւ Կամօ Աթայեանին, ինչպէս նաեւ «Շուշիի Վերականգման Հիմնադրամ»ի նախագահ, Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանին եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը տեղեկացաւ ընդհանրապէս Արցախի իրավիճակին եւ մասնաւորաբար արցախեան տարածքներու վերականգման ու վերաբնակեցման գործընթացին եւ Արցախի ազգաբնակչութեան ընկերային-տնտեսական-կենցաղային պայմաններուն:

Այս իրողութեանց գիտակցութեամբ է որ Արցախի եւ Հայաստանի լրատուամիջոցները լայն արձագանգ տուին Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ի այցելութեան Արցախ:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ուղեկցող պատուիրակութիւնը, որոնք Երեւան ժամանած էին 7 Յուլիս 2006-ի առաւօտեան ժամերուն, միեւնոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 3.00-ին հասան ԼՂՀ Քաշաթաղի շրջանը, ուրկից դէպի Շուշի իրենց ճամբան շարունակեցին ԼՂՀ ոստիկանութեան ներկայացուցիչներու առաջնորդութեամբ: Ժամ մը ետք, Շուշի քաղաքին մօտ անոնք արժանացան ժողովրդային ու պաշտօնական ընդունելութեան: Արդարեւ, Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորած պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արարատ Դանիէլեանին, արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանին, կրթութեան, մշակոյթի եւ սպորտի նախարար Կամօ Աթայեանին, Շուշիի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի միջնորդութեամբ ստեղծուած «Շուշիի Վերականգնման Հիմնադրամ»ի նախագահ՝ Երեւանի քաղաքապետ Երուանդ Զախարեանին, մամուլի եւ պատկերասփիւռի թղթակիցներու, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բնակչութեան ու աշակերտութեան կողմէ, որոնք Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ողջունող եւ Անոր բարի գալուստ մաղթող, ինչպէս նաեւ Սբ. Գիրքէն քաղուած վկայութիւններով եւ ժողովուրդներու ու մարդու իրաւունքներու մասին արձանագրութիւններով ցուցանակներ կը կրէին.- «Ողջունում ենք Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը», «Ես եմ ճամբան, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը», «Ինչ որ անէք սրտանց որպէս Տիրոջը եւ ոչ թէ մարդկանց», «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդուն տուեց»:

Կէս ժամ ետք, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, շրջապատուած պաշտօնական անձնաւորութիւններով, մուտք գործեց Շուշիի շրջանային վարչակազմին շէնքը, որուն դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպում մը Շուշիի Վերականգնման Հիմնադրամի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Շուշիի վարչակազմի ղեկավարի բարի գալուստի խօսքէն ետք իր կարգին խօսք առնելով՝ «Շուշիի Վերականգնման Հիմնադրամ»ի նախագահ Երուանդ Զախարեան տեղեկացուց վերականգնման ծրագիրներու եւ անոնց իրագործումին համար ԼՂՀ իշխանութիւններուն հետ համախորհուրդ տարուող աշխատանքներու մասին:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, խօսք առնելով նախ փառք տըւաւ Աստուծոյ «ստրկատիրական ու բռնատիրական ամէն կապանքէ ազատագրուած հայկական Արցախի ժողովուրդը անձամբ ողջունելու հոգեկան երջանկութիւնը Իրեն պարգեւած ըլլալուն համար», ապա յարեց.- «Արցախի մեր ժողովուրդին հերոսավայել պայքարը, որ դեռ եւս կը շարունակուի բազմաթիւ ճակատներու վրայ միաժամանակ , անտարբեր չէր կրնար ձգել հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ համայն Հայութիւնը, որուն սիրտը տրոփեց եւ կը շարունակէ տրոփել Արցախահայութեան կեանքին կշռոյթով, իբրեւ մէկ Ազգի զաւակներ, իբրեւ մէկ մշակոյթի ժառանգորդներ: Այս իրողութեան վկայութիւնները բազմաթիւ են: Այս վկայութիւններէն մէկն է Մեր ներկայութիւնը այս պահուս այս պատմական ու սըրբազան հողին վրայ: Եկած ենք վկայութիւնը տալու Մեր քաջալերանքին ու զօրակցութեան ամէն նախաձեռնութեան, որուն նպատակը ազատագրուած Արցախի եւ մասնաւորաբար պատմական Շուշիի վերականգնումն է:

«Մեր այս պատրաստակամութեան հետ, Մենք՝ Մեր հետ բերած ենք ողջոյններն ու սէրը մեր Համայնքի աշխարհասփիւռ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ յաւերժական Մայրիներու երկրին մէջ 257 տարիներէ ի վեր հաստատուած Մեր Զմմառու սրբայուշ Վանքի հրաշագործ Տիրամօր օրհնութիւնը»: Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը եւ Հիմնադրամի նախագահը պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն:

Բարիգալուստի արարողութիւնը վերջ գտաւ յուշանուէրներու փոխանակումով Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Շուշի Հիմնադրամի նախագահին միջեւ:

Շուշիի Շրջանային Վարչակազմի կեդրոնէն, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը առաջնորդուեցաւ «Լավանդա» կառավարական հիւրատունը, ուր հազիւ տեղաւորուած՝ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. իր խորհրդականներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ նախագահական Պալատ, ուր դիմաւորուեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին, արտաքին գործոց եւ կրթութեան, մշակոյթի ու սպոռի նախարարներ Գէորգի Պետրոսեանին եւ Կամօ Աթայեանին կողմէ: Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հանդէպ ԼՂՀ իշխանութիւններուն կողմէ առաջին իսկ պահէն ցուցաբերուած դիմաւորութեան եւ հիւրընկալութեան ջերմութեամբ դրոշմուեցաւ նաեւ Նախ. Արկադի Ղուկասեանին հետ պաշտօնական հանդիպումը, որ տարբեր երկնակամարներու եւ հանգամանքներու ներքեւ, սակայն միեւնոյն ազգի եւ միեւնոյն մշակոյթի պատկանելիութեան զգացումով գործող, միեւնոյն մտահոգութիւններով տագնապող, միեւնոյն առաջադրանքներով եւ հեռանկարներով առաջնորդուող ղեկավարներու միջեւ սրտբաց զրոյցի մը առիթ հանդիսացաւ:

ԼՂՀ նախագահը, որ շրջապատուած էր Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանին կողմէ, ողջունեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը եւ Իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետի Ստեփանակերտ այցելութեան մէջ տեսնելով Հայութեան միասնականութեան մէկ արտայայտութիւնը: «Ուժեղ ենք երբոր միասին ենք» ըսաւ ան, միաժամանակ ուրախութիւնը յայտնելով որ պատուիրակութեան առաքելութեան առաջին հանգրուանը եղած է Ստեփանակերտը:«Ձեր այցելութիւնը մեծ ոգեւորութիւն կը պատճառէ մեզի: Վստահ եմ որ Ղարաբաղի մասին թերեւս մեզմէ աւելի գիտէք, բայց ուրախ եմ որ ուզած էք ձեր սեփական աչքերով տեսնել» յարեց ան:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, զոր կը շրջապատէին իրեն ուղեկցող պատուիրակութեան անդամներէն Արհի. Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեան, Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ.Կռանեան, Քոյր Արուսեակ Շաճոնեան, Տիարք Սարգիս Նաճարեան եւ Կրէկուար Գալուստ, իր կարգին յայտնեց իր շնորհակալութիւնը իրեն մատուցուած ջերմ ընդունելութեան համար ինչպէս նաեւ արտայայտեց իր անխառն ուրախութիւնը Արցախ գտնուելու պատեհութեան համար: Ան այս այցելութիւնը ներկայացուց իբրեւ վկայութիւնը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրաստակամութեան, իր միջոցներուն ներած չափով զօրավիգ կանգնելու Արցախին եւ արցախահայութեան:

Աւելի քան երկու ժամ տեւած զրոյցի ընթացքին, Նախ. Արկադի Ղուկասեան հանգամանօրէն պարզեց ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցութեանց ընթացքը եւ տարածքէն ներս տիրող քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային պայմանները: Ան շեշտեց մասնաւորաբար վերաբնակեցման կարեւորութիւնը եւ այս նպատակին համար կենսական ապրուստային պայմանները ստեղծելու հրամայականը: Նախ. Ղուկասեան կարեւորեց սփիւռքահայութեան դերը այդ ուղղութեամբ: Այնուհետեւ, արծարծըւած խնդիրներուն շուրջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց եւ կարծիքներու փոխանակում, որուն ընթացքին ԼՂՀ նախագահը կատարեց հետեւեալ հաստատումները.-
- Արցախը Հայութեան կեդրոնն է ներկայիս: Հոս է որ կը վճռուի մեր ճակատագիրը:
- Ճիշդ է որ ունինք բազմաթիւ խնդիրներ: Սակայն Հայութեան համար ամէնէն այժմէական խընդիրը Ղարաբաղի պաշտպանութեան խնդիրն է:
- Մենք ոչ միայն Ղարաբաղի, այլ համայն Հայ ժողովուրդին սահմաններն են որ կը պաշտպանենք:
- Առանց Ղարաբաղի ժողովուրդի կարծիքին որեւէ լուծում հնարաւոր չէ: Ահա թէ ինչու խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններուն Լեռնային Ղարաբաղի ուշ կամ կանուխ մասնակցութիւնը անխուսափելի է:
- Մեր ընտրանքը յստակ է եւ ետ դարձ չկայ անկէ:
- Մեզի համար ուրախութիւն է նկատել որ Ղարաբաղ վերադարձողներուն թիւը այսօր աւելի մեծ է քան մեկնողներունը: Մեր առաջնահերթ մտահոգութիւնը Արցախէն մեկնածներուն տունդարձը ապահովելն է: Այս նպատակով, պէտք է ընել այնպէս որ կեանքը հաճելի ըլլայ հոս եւ մարդիկ ուզեն ապրիլ հոս: Ասիկա առանձին չենք կրնար ընել: Պէտք ունինք սփիւռքին: Սփիւռքին օգնութիւնը չի համապատասխաներ իր կարողականութեան (potentiel): Ամէն մէկ սփիւռքահայ պէտք է դառնայ Ղարաբաղի դեսպան հոն ուր որ կը գտնուի:
- Ղարաբաղի անմիջական կարիքներէն մէկը արդիական հիւանդանոցի մը կառուցումն է: (Այս մասին, ԼՂՀ նախագահին փաստարկութիւնները այնքան յուզիչ ու տպաւորիչ էին որ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ցանկութիւն յայտնեց իր յաջորդ օրուան արդէն խիստ ծանրաբեռնուած յայտագրին մէջ անպայման նախատեսել հիւանդանոց այցելութիւն մը, սեփական աչքերով տեսնելու համար ցաւալի իրականութիւնը):
- Կ’ակնկալենք որ քրիստոնեայ աշխարհը ծանօթանայ մեր իրականութեան: Այս ուղղութեամբ կրնաք օգնել մեզի: Իսկ երբ կը խօսինք օգնութեան մասին, մեր ակնկալութիւնը միայն նիւթական չէ»: Ապա Նախ. Ղուկասեան եւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ունեցան առանձնազրոյց մը ի ներկայութեան միայն արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանին եւ Արհի. Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանին: Հարազատի անկեղծութեամբ յատկանշուած այս հանդիպումը վերջ գտաւ աւանդական յուշանուէրներու փոխանակումով:

ԼՂՀ նախագահին կողմէ ի պատիւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետին գլխաւորած պատուիրակութեան եւ Շուշիի Վերականգնման Հիմնադրամի նախագահին ու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ «Լավանդա» հիւրատան մէջ տրուած ընթրիքը ԼՂՀ նախագահին եւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ մէկտեղեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամները, Երեւանի քաղաքապետ Ե. Զախարեանը, ԼՂՀ Ազգ. Ժողովի նախագահ Ա. Ղուլեանը, փոխ վարչապետ Ա. Դանիէլեանը, պաշտպանութեան նախարար Զօր. Ս. Օհանեանը, Ա.Գ. նախարար Գ. Պետրոսեանը, ԿՄՍ նախարար Կ. Աթայեանը, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման նախարար Ա. Ծատուրեանը եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Է. Աղաբեկեանը:

Ամեն. Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Հոգեւոր Տիրոջ ԼՂՀ այցելութեան յայտագրի անմոռանալի պահերէն մէկը Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի «Կեդրոնական Պաշտպանական Շրջան»ի զօրամաս այցելութիւնը եղաւ: Այս այցելութեան նշանակալից բնոյթը զգացուցին մանաւանդ արցախեան, հայաստանեան եւ օտար մամուլի ու պատկերասփիւռի թղթակիցները իրենց մեծաթիւ ներկայութեամբ:

Ընդարձակ զօրանոցի մուտքին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ պաշտպանութեան նախարար Զօր. Սէյրան Օհանեանին կողմէ, որ զինք առաջնորդեց դէպի զօրանոց-ուսումնարանի հրապարակին վրայ կանգնեցուած Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանը: Խորհըրդայուշ այս քանդակը ոգեւորութեան ու ներշնչման աղբիւր է յաղթական բանակի նորագիրներուն համար, որոնցմէ խումբ մը այդ պահուն վարժութիւններ կը կատարէր հրապարակին վրայ: Գօտեպնդող էր շրջապատը: Համբուրելի էին վարժութիւն կատարող զինուորները, որոնք ժառանգորդն են Հայութեան հպարտութիւն պարգեւած ազատամարտիկներուն, որոնցմէ մէկն է Զօր. Սէյրան Օհանեանը: Արձանին առջեւ խոնարհելէ ետք, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը եւ իր հետեւորդները աղօթեցին Ազգային Հերոսի հոգւոյն հանգիստին համար:

Այնուհետեւ սկսաւ շրջագայութիւնը զօրամասին զանազան բաժանմունքները՝ մարզասրահը, զբօսասրահը, ննջարանները, ճաշասրահը, ասուլիսներու սրահը, ընթերցասրահը եւ նաե՛ւ հոգեւոր գրականութեամբ օժտուած աղօթասրահը, ուր հանդիպեցանք զօրամասի երիտասարդ հոգեւոր վարիչին, որ կը զբաղի զինուորներու հոգեւոր կրթութեամբ եւ մկրտութեան պատրաստութեամբ: Կարգապահութիւնը, մաքրութիւնը, բծախնդրութիւնը եւ առողջ մթնոլորտը ակներեւ էին ամէնուրեք: Ծանօթանալէ ետք բանակի հրամանատարին, պիտի զարմանայինք եթէ անոնք տարբեր ըլլային, որովհետեւ ան հաւատացողներէն է զինուորի հոգեմտաւոր պատրաստութեան եւ անոր համար կենցաղային լաւագոյն պայմանները ապահովելու կարեւորութեան: Խստապահանջ հրամանատարն է ան, բայց նաեւ հոգատար հայրը զինուորներուն:

Վարժութիւն կատարող զինւորներէն խումբ մը հրաւիրուեցաւ «հանգիստ վիճակ»ի մէջ զրուցելու Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ հետ, պատասխանելու Անոր հարցումներուն եւ լսելու Անոր յորդորը: «Ես չկամ. դուք ձեզ ազատ զգացէք» ըսաւ բանակին պետը զինուորներուն:

Անմոռանալի այս պահը լրումին հասաւ ընդունելութեամբ մը, որուն ընթացքին խօսքը ուղղելով «հերոսածին Արցախի թանկագին որդիներուն», Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յայտնապէս յուզումնախառն ոգեւորութեամբ մը ըսաւ.- «Փառք կու տանք Տիրոջ որ պատեհութիւնը պարգեւեց Մեզի անձամբ ողջունելու եւ օրհնելու ձեզ եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին ընդմէջէն բոլո՛ր այն արցախածին ազատամարտիկները՝ որոնց հերոսավայել պայքարին եւ անգերազանցելի մարտունակութեան կը պարտինք հին ու նոր նահատակներու արեամբ սրբագործուած հայապատկան այս հողին ազատագրութիւնը:

«Արցախը եւ արցախահայութիւնը հանդիսացան նորագոյն վկայութիւնը այն իրողութեան, որ ո՛չ մէկ բռնատիրութիւն ու բըռնամիջոց, ո՛չ մէկ ճնշող ու ճնշամիջոց կրնան խեղդել հայ ժողովուրդին ազատութեան եւ անկախութեան, խաղաղ ու բարգաւաճ կեանքի մը ձգտումը, զինք զրկել իր ազգային իրաւունքներէն եւ կասեցնել իր պահանջատիրական երթը:

«Յաւերժական Մայրիներու ազատութեանց խորհրդանիշ հողին վրայ շուրջ երեք դարերէ ի վեր հաստատուած մեր նստավայրին մէջ եւ հոն ուր գտնուելու առիթը ունեցանք վերջին 15 տարիներու ընթացքին, մեր սրտերը բաբախեցին արցախեան պայքարի ու պահանջատիրութեան կշռոյթով: «Դուք առանձին չեղաք օրհասական այդ պայքարին մէջ, ինչպէս որ առանձին չէք ձեր ինքնորոշման եւ անկախութեան անժխտելի իրաւունքի պահանջատիրութեան մէջ այսօր: Դուք ձեր թիկունքին ունեցաք եւ միշտ պիտի ունենաք զօրակցութիւնը համայն Հայութեան: Այս իրողութեան մէկ վկայութիւնն է Մեր ներկայութիւնը այս պահուս այստեղ: Այդ զօրակցութիւնը կրկնապատկեց ձեր մարտունակութինը:

«Դուք ձեր գլխուն վերեւ եւ հոգիներուն մէջ իբրեւ անխոցելի վահան ունեցաք պաշտպանութիւնը Ամենակալ Տիրոջ՝ բարեխօսութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր սուրբերուն, սկսեալ մեր Հաւատքի Հօր Գրիգոր Լուսաւորիչէն մինչեւ Երանելի նահատակ Մալոյեանը, մինչեւ Լիբանանի երկնամերձ մէկ բարձունքէն ձեզի նայող Զմմառու հրաշագործ Տիրամայրը:
«Ազատութիւնը եւ անկախութիւնը նուաճելէ ետք, հարկ է զանոնք պաշտպանել, պահպանել ու ամրացնել, ինչ որ կ’ենթադրէ զգօնութիւն, տոկունութիւն, զըրկանք եւ յարատեւ ու բազմաբնոյթ պայքար: Այդ պայքարին առանցքը դուք էք, սիրելիներ, երկրին ու ժողովուրդին անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պաշտպաններդ, որովհետեւ այդ անվտանգութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւորումը նախապայմանն է յառաջընթացին միւս բոլոր մարզերէն ներս՝ քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական կամ ընկերային: Իսկ ձեզ ու ձեր մարտունակութիւնը զօրացնողը միայն ձեր զէնքերը չեն, այլ ձեր հաւատքն ու կառչումը Արդարութեան, Իրաւունքին եւ այն բոլոր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն, որոնք ուղեկցած են մեզի մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան: Անոնք եղած են մեր գոյութեան ու գոյատեւումին երաշխաւորագիրը: Թող Աստուած ձեզ անվտանգ պահէ Ազգի ու Հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ»:

Հայոց պատմութեան ամբողջ խորհուրդը կար Յուշանուէրներու փոխանակումին մէջ, որ տեղի ունեցաւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ եւ Պաշտպանութեան նախարարին միջեւ, որովհետեւ անգամ մը եւս կողքի կողքի կանգնած էին խաչակիր ձեռքն ու զինակիր բազուկը, իբրեւ խորհրդանիշ Հայութեան հաւատքին եւ ուժին:

Արարողութիւնը հազիւ աւարտած, շտապի դահլիճի մուտքին՝ մամուլի, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի թղթակիցներու հարցումներու տարափ մըն է որ տեղաց Հայ Կաթողիկէ պատուիրակութեան անդամներուն վրայ, որոնք շարունակեցին հետապնդուիլ միեւնոյն թղթակիցներուն կողմէ մինչ կ’ուղղուէին Ղարաբաղի Պետական Համալսարան, ուր տեղի պիտի ունենային Շուշիի պատմա-մշակութային ժառանգութեան հետազօտութեան առաջին արդիւնքներուն ու հեռանկարներուն նուիրւած գիտաժողովը եւ ցուցահանդէսը՝ նախագահութեամբ Ամեն. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ ԼՂՀ Կրթութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարար Կամօ Աթայեանի եւ հովանաւորութեամբ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք» Հիմնադրամի:

Համալսարանի Հայագիտական Կեդրոնի մուտքին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը դիմաւորուեցաւ Կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ դասախօսներուն կողմէ, որոնց ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ նախ դէպի Համալսարանի շրջաբակին մէջ կանգնած Նահատակաց Յուշարձանը, որուն առջեւ կատարեց հանգըստեան պաշտօն: Ապա ցուցահանդէսին բացումը կատարելէ ետք, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը առաջնորդուեցաւ Կեդրոնին ասուլիսներու սրահը: Ան արդէն խճողուած էր ուսանողներով, դասախօսներով, մշակութասէր հասարակութեամբ եւ լրագրողներով երբ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը մուտք գործեց եւ տեղաւորուեցաւ ամպիոնին վրայ նախարար Աթայեանի կողքին: Այս վերջինը ողջունելէ ետք Ամեն. Հոգեւորը Տէրը, բացուած յայտարարեց գիտաժողովը եւ իր խօսքին մէջ վեր առաւ կատարւած հետազօտութիւններուն կարեւորութիւնը Շուշի քաղաքի պատմութեան, հիմնադրման, կատարւած յայտնաբերումներուն եւ անոր տարածքին գտնուող յուշարձաններու պատկանելիութեան ու ծագման ստուգումին համար: Ապա ան հրաւիրեց Ամեն. Հոգեւորը Տէրը փոխանցելու իր խօսքը:

Փառք տալէ ետք Աստուծոյ որ Իրեն պարգեւեց ազատագրուած հողը համբուրելու երջանկութիւնը եւ պատմական Շուշիի հայկական պատկանելիութեան վկայութիւնը տալու սահմանուած գիտական կարեւոր աշխատանքին առաջին արդիւնքը գնահատելու պատեհութիւնը, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Այս պահերը կը գօտեպնդեն մեզ ու կը զօրացընեն մեր հաւատքը հանդէպ աստուածաշնորհ Արդարութեան եւ Մարդու ու ժողովուրդներու Իրաւունքի յաղթանակին: Այդ յաղթանակին վկաներն ենք այսօր մենք եւ մեզի հետ այդ յաղթանակի մասին ուշ կամ կանուխ վկայելու եւ համապատասխան վարձատրութիւնը տալու կոչուած միջազգային ընտանիքը, որովհետեւ խաղաղութիւնը ու բարգաւաճութիւնը որոնց կը ձգտի համայն մարդկութիւնը՝ անհնարին են առանց Արդարութեան, Մարդու եւ ժողովուրդներու ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման: «Հայ ժողովուրդը հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ ցուցաբերած է ազատ ու անկախ ապրելու, իր ճակատագրին տէր կանգնելու, իր ապագան անկաշկանդ կերտելու ձգտումը եւ համապատասխան կեցուածքն ու վճռակամութիւնը: Այս ձգտումը յաճախ զինք հարկադրանքին առջեւ դրած է իր ինքնութեան, ազգային, մշակութային, կրօնական յատկանիշերու պահպանումին համար մարտեր մղելու, զոհեր տալու եւ բազմատեսակ զրկանքներ ու զոհողութիւններ յանձն առնելու: Այդ բոլորը սակայն ապարդիւն չեն եղած, այլ նուիրագործուած են մեր գոյապայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ արձանագրած յաղթանակներով: Իւրաքանչիւր ճակատամարտէն աւելի զօրացած դուրս եկած է մեր լուսաւորչեան հաւատքը, ազգուրաց ու կրօնուրաց չդառնալու մեր կամքը, մեր մշակոյթին կառչելու մեր հաստատակամութիւնը:

«Այս ճշմարտութիւնը հաստատող դրուագներով լեցուն է մեր պատմութիւնը, Տղմուտի ափին վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց մղուած ճակատամարտէն սկըսեալ մինչեւ Մեծ Եղեռնը ու Սարդարապատ:

«Իսկ այս ճշմարտութեան նորագոյն վկայութիւնը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, որուն յաղթական արդիւնքը ամրացնելու եւ իր արդար լրումին հասցնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի այսօր հայրենաբնակ թէ աշխարհատարած համայն Հայութիւնը՝ Երեւանէն մինչեւ սփիւռքի ամէնէն յետին անկիւնը: Այս է նպատակը նաեւ այս գիտաժողովին եւ Շուշիի մշակոյթին նուիրուած այս ցուցահանդէսին, որուն բացումը կը կատարենք այսօր: Շուշին Հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու վճռակամութեան խորհրդանիշն է: Իսկ այս գիտաժողովն ու անկէ բխած ցուցահանդէսը նորայայտ եւ շօշափելի փաստերով անգամ մը եւս պիտի բացայայտեն տարածքի հայկական պատկանելիութիւնը եւ զայն պիտի յուշեն ամէնազգի այցելուներուն, մշակութասէրներուն ու պատմագիրներուն, քաղաքական գործիչներուն ու դիւանագէտներուն:

«Այսօր, իր ազատագրութենէն 14 տարիներ ետք, Շուշին եւ անոր հետ ամբողջ արցախեան տարածքները ազատօրէն կը շնչեն: Բայց այսքանը բաւարար չէ: Անոնք պէտք է շնչեն լիաթոք: Իսկ լիաթոք կարենալ շնչելու համար պէտք է վերաբնակեցուին ու վերակենդանացուին՝ բնակչութեան համար կենսական կառոյցներու , կրթական ու մշակութային կեդրոններու վերականգնումով, արտադրողական ու արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու ստեղծումով:

«Այս աշխատանքին հետապնդումը համայն Հայութեան խնդիրն է անկասկած:

«Թող մեր ներկայութիւնը հոս, այս գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսին բացումը, Ռոպեր Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամին ներդրումը դառնան այս համազգային խնդրի լուծման աշխատանքին նոր թափ տուող ազդանշանը»:

Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ խօսքէն ետք, շատ հակիրճ զեցուկումներով՝ Համլետ Պետրոսեան, Սարհատ Պետրոսեան, Բակուր Կարապետեան, Դաւիթ Քերթմենճեան, Սլավա Սարգսեան, Աշոտ Յարութիւնեան եւ Հրաչեայ Յարութիւնեան յաջորդաբար ներկայացուցին 2005ի Շուշիի հնագիտական հետազօտութիւններուն հիմնական արդիւնքները, Շուշիի ճարտարապետական ժառանգութեան վաւերացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները, արխիւային նորայայտ նիւթեր Շուշիի վերաբերեալ, Շուշիի իսլամական յուշարձանները, Շուշիի պատմա-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վիճակը եւ հեռանկարները, Շուշիի պատմա-երկրագիտական թանգարանի գործունէութիւնը քաղաքի մշակոյթի հետազօտութեան եւ քարոզչութեան մարզէն ներս եւ Շուշիի վիմագրական ժառանգութիւնը:

Այս ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները կատարող գիտնականներու աշխատակազմին անունով, Համլետ Պետրոսեան՝ միեւնոյն երեկոյեան ի պատիւ Հայ Կաթողիկէ պատուիրակութեան տրուած ընթրիքի մը ընթացքին, վերոյիշեալ ուսումնասիրութիւնները ամփոփող հսկայածաւալ արխիւը նուիրեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ:

«Հայութեան սահմաններու պաշտպանութեան» նուիրուած քաղաքի մը եւ ժողովուրդի մը վայել չէր Ստեփանակերտի հիւանդանոցը, որուն խղճալի վիճակը հակապատկերն էր զօրանոցին, ուր այցելած էինք: Շրջեցանք հիւանդանոցին բոլոր բաժանմունքները: Կարելի չէր չհիանալ բժշկապետին ու բժշկական անձնակազմին կարողութեան ու նուիրուածութեան վրայ, տեսնելով անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող շատ համեստ միջոցները, անհրապոյր սենեակները, հնամաշ սարքաւորումները: Նախ. Ղուկասեան իրաւունք ունէր շեշտելու արդիական հիւանդանոցի մը կարիքը: Ինչպէ՞ս պատահած է որ չէ գտնուած ԼՂՀ համար այնքան կենսական այս հիւանդանոցին արմատական վերանորոգումը ստանձնող բարերար անձ մը կամ կազմակերպութիւն մը: Հիւանդանոցի մը կենսական կարեւորութեան գիտակցութեան պակա՞սն է արդեօք պատճառը: Միեւնոյն օրը, յետմիջօրէին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Գանձասար ժամանեց եւ դիմաւորուեցաւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ու թղթակիցներու կողմէ: Ան պահ մը կանգ առաւ հնադարեան տաճարին առջեւ, որ դիմադրած ու դիմացած է զինք տապալել փորձած բոլոր հարուածներուն ու փոթորիկներուն: Գանձասարի Յովհաննէս Մկրտիչ Եկեղեցին, իրաւամբ, համաշխարհային ճարտարապետութեան հրաշալիքներէն մէկն է: ԺԳ դարուն տաշուած մարգրիտ մը, որ իր փայլքն ու հմայքը չէ կորսնցուցած երբեք: Ան ներշնչած ու զօրացուցած պէտք է ըլլայ Արցախի ազատամարտիկները եւ անոնց մասնակից հոգեւորականները, որոնցմէ է վանահայրը՝ Տէր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննիսեանը, որ դիմաւորեց Հայ Կաթողիկէ պատւիրակութիւնը եւ անոր ծանօթացուց վանքն ու եկեղեցին:

Տէրունական Աղօթքն ու Տէր Ողորմեան, զորս յետ հանգստեան պաշտօնին Աւագ Խորանին դիմաց ձեռնատարած ու միաբերան երգեցին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, Տէր Յովհաննէսը եւ զիրենք շըրջապատող հոգեւորականներն ու աշխարհականները, այնքան յուզիչ եւ հոգեպարար հնչեցին որ հիացական արտայայտութիւններ խլեցին ներկայ ժողովուրդէն ու թղթակիցներէն: Պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն արձագանգը երգեհոնի մը նման կ’ընկերակցէր ձայներուն: Յուզումը, միանալով ծանրաբեռն յայտագրին, յոգնեցուցած էին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը, որ սակայն չուզեց բացակայիլ Ազգ. Ժողովի նախագահին կողմէ իրեն ի պատիւ տրուած ընթրիքէն, որուն ուշ երեկոյեան միացաւ նաեւ Նախ. Ղուկասեան:

Դժբախտաբար, սակայն, Կիրակի առաւօտեան առաջին ժամերուն յայտնուած անակնկալ անհանգստութեան մը պատճառով Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ի վիճակի չեղաւ մատուցանելու հանդիսաւոր Սբ. Պատարագը, որուն ներկայ գտնուելու համար բազմաթիւ ուխտաւորներ եկած էին Հայաստանէն ու Արցախէն: Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ.Կռանեան փոխարինեց Զինք:

Ամեն. Հոգեւոր Տէրը չկրցաւ նաեւ անձամբ ներկայ գտնուիլ եւ հովանաւորել Ռոպերթ Պօղոսեանի անուան Շուշիի պատմա-մշակութային հետազօտութեան եւ վերականգման թանգարանի հիմնաւորման եւ օծման արարողութիւնը, զոր կատարեց Ահրի. Տ. Նշան Արք. Գարակէօզեան, առընթերակայութեամբ Գերյ. Հ. Անդրանիկ Ծ.Վ. Կռանեանի եւ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնոյեանի: Եկեղեցական արարողութեան յաջորդեց թանգարանի վայրի բացման հանդիսութիւնը՝ որուն ներկայ եղան մասնաւորաբար նախարարներ Կամօ Աթայեան եւ Գէորգի Պետրոսեան, ԼՂՀ Շուշիի Շրջվարչակազմի ղեկավար Վլատիմիր Կասեան, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի եւ մամուլի թղթակիցներ:

Այս առթիւ, յանուն Ամեն. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին արտասանած խօսքին մէջ, Արհի. Տ. Նշան Արք. Գարաքէհէեան ըսաւ.- «Կառոյցը որ պիտի բարձրանայ այս վայրին վրայ՝ իր շեմէն ներս մուտք գործող ամէնազգի մարդոց, ըլլան անոնք պարզ զբօսաշրջիկ, մտաւորական, պատմագէտ, դիւանագէտ, քաղաքական ու հասարակական գործիչ թէ պետական ղեկավար, ան ցոյց պիտի տայ այս հողատարածքին հայկականութիւնը, այդ հայկականութեան դրոշմը կրող բազմադարեան մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան փաստերը: «Անկէ պիտի ճառագայթէ պատմական ճշմարտութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հիմնասիւներէն մէկը ըլլալով՝ անժամանցելի է ու յաւերժական: Պատմական ճըշմարտութիւնը միա՛յն հայ ժողովուրդին կը վերապահէ այս հողատարածքին կարգավիճակն ու ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքը: Այդ իրաւունքին վրայ չեն կրնար ազդել ճնշումները ուրկից ալ որ գան անոնք: Այդ իրաւունքը անսակարկելի է: Մեզի կը մընայ մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուած այդ իրաւունքին տէր կանգնիլ: Ասիկա կ’ենթադրէ յարատեւ պայքար ներքին ու արտաքին բոլոր ճակատներուն վրայ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական, տնտեսական ու ընկերային: Պայքար մը որուն նպատակը եղած է ու կը մնայ երաշխաւորել մեր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ հոգեմտաւոր անկաշկանդ զարգացումը:

«Այդ պայքարը արցախահայութեան կողքին մղելու կոչուած է համայն Հայութիւնը, որովհետեւ իր անկախութեան, ինքնավարութեան եւ իրաւունքին ձեռք բերման գծով Արցախի ցարդ արձանագրած նուաճումներէն նահանջ ենթադրող որեւէ քայլ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ հայ ժողովուրդին ազգային անվտանգութիւնը: Ահա թէ ինչու Արցախի հզօրացումը եւ իբրեւ անկախ Հանրապետութիւն միջազգային ճանաչումը առաջադրանքն է հայրենաբնակ թէ սփիւռքատարած հայ ժողովուրդին:

«Համազգային այս առաջադրանքին մէկ արտայայտութիւնը դառնալու կոչուած է Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամին նպաստով ցարդ կատարուած գիտական աշխատանքն ու թանգարանը որ պիտի կառուցուի»:

Անակնկալ անհանգստութիւնը ստիպեց Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ընդմիջելու իր Արցախ այցելութեան յայտագիրը: Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ բժշկական նախնական խնամքը ստանալէ ետք, Ան յատուկ բժշկական կառքով փոխադրուեցաւ Երեւան, Նորք-Մարաշի հիւանդանոցը, ուր մնաց վեց օր բժիշկներու հսկողութեան տակ: Ապա փոխադրուեցաւ Քանաքեռի Հայ Կաթողիկէ Կեդրոնը՝ հանգստանալու համար:

Նորքի հիւանդանոցը գտնուած օրերուն, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ընդունեց այցելութիւնները Արցախի եւ Հայաստանի պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու, որոնք եկան հետաքրքրուելու Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակով եւ իրենց բարեմաղթանքները ներկայացընելու Անոր: Այցելուներու շարքին էին մասնաւորաբար ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, որ կը ներկայացնէր Նախ. Արկադի Ղուկասեանը, ԼՂՀ կառավարութեան անդամներ, Հայաստանի մօտ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դեսպանները, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ֆաուզի Սալլուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան եւ Տիկինը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան եւ Տիկինը, Կովկասի լատիններու Առաջնորդ Արհի. Ճիուզեբբէ Պազոթթօ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Արշակ Սրբազան, Սի.Առ.Էս.ի Կովկասի շրջանի տնօրէն Ռիչըրտ Հոֆման եւ Հայաստանի Տնօրէնուհի Սոնա Համալեան, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:

Յետ ապաքինումին, բազմաթիւ առիթներով Ամեն. Հոգեւոր Տէրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՂՀ եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ երկու հիւանդանոցներու տնօրէնութեանց ու անձնակազմերուն Իրեն հանդէպ իրենց ցուցաբերած յարգանքին ու հոգատարութեան համար:

Մինչ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը կը դարմանուէր եւ առողջական վիճակը կը բարելաւէր, Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպանը, Պրն. Կապրիէլ Ճէարա Երկուշաբթի, 10 Յուլիս 2006-ին նախապէս ծրագրուած ճաշկերոյթով մը պատուեց Հայ Կաթողիկէ պատուիրակութիւնը: Ճաշկերոյթին մասնակցեցան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի դեսպանները, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը՝ Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանին Տիկինը, նախարարութեան արաբական երկիրներու բաժնի վարիչը՝ Արտեմ Ազնաւորեան: Այս առթիւ արտասանած բաժակաճառին մէջ, դեսպան Ժէարա առողջութիւն մաղթեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ: «Գիտենք թէ Ան ինչքան կը սիրէ Լիբանանը, Հայաստանը եւ Ղարաբաղը: Իսկ այն որ կը սիրէ Լիբանանը, կը սիրէ նաեւ Հայաստանը եւ այն որ կը սիրէ Հայաստանը կը սիրէ նաեւ Լիբանանը» ըսաւ դեսպանը, դրուատելով Լիբանանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն բարեկամութիւնը եւ մաղթելով որ «Արդարութեան եւ Ազատութեան արեւը ծագի նաեւ Ղարաբաղի վրայ»:

Միեւնոյն օրուան յետմիջօրէին, պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ծաղկաձոր, ուր ներկայ գտնուեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերուն կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի բացման հանդիսութեան: Հայրենի առողջարար բնութեան ծոցին մէջ հաստատուած այս ճամբարը ամէն տարի, ամառը, երեք հանգրուանով կը համախմբէ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած եւ առաւելաբար կարիքաւոր շուրջ 800 մանուկներ ու պատանիներ, որոնք «Հայաստանի Տիրամօր» հովանիին ներքեւ եւ հայ քոյրերու հոգատարութեամբ կը կազդուրուին եւ կը ստանան քրիստոնէական դաստիարակութիւն: Տօնական մթնոլորտի մը ներքեւ, ճամբարականները ծաղիկներով, հայկական երգով ու պարով դիմաւորեցին պատուիրակութեան անդամները: «Տիրամայր Հայաստանի» Պօղոսեան Կրթական Համալիրին երգչախումբին ելոյթը գագաթնակէտին հասցուց դիմաւորութեան պարգեւած յուզումնախառն ուրախութիւնը: Արհեստավարժներու վայել մակարդակ ցուցաբերեցին թէ՛ մենակատարները եւ թէ՛ երգչախումբը: Ասիկա պատահական չէր անշուշտ, այլ արդիւնքը գեղարուեստական ղեկավար, Հայաստանի Կամերային անսամպլի ղեկավար Ռոպերթ Մորգէյեանի ծայր աստիճան բծախնդիր աշխատանքին, ուր միախառնուած էին երաժշտագիտութիւնն ու մանկավարժութիւնը, որովհետեւ խումբի անդամներուն միջին տարիքը 13-14 էր: Երգչախումբը իր կատարումներով բառին իսկական առումով առինքնեց մեզ եւ ընդարձակ սրահը լեցնող աւելի քան 200 ճամբարականները, որոնց լրջութիւնը եւս ուշագրաւ էր: Երգացանկը ճոխ էր ու բազմաժանր, շարականներէն մինչեւ սփիրիչիուըլ, անցնելով անմահանուն Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, Տիգրան Մանսուրեանէն, Պրահըմսի Լիտըր Ուայսի շարքէն եւ հայկական ժողովրդային երգերու շարանէն, զորս մշակած էր տաղանդաւոր խմբավարը: Ուրախութիւնը եւ յուզումը ծափահարութիւններուն հետ արցունքներ խլեցին ներկաներէն:

Մեր շնորհաւորութիւններն ու համբոյրները բաւարար չէին վարձատրելու ու գնահատելու համար անզուգական խմբավարը, երգչախումբին անդամները եւ բոլորէն առաջ անձնուէր Քոյրերը Անարատ Յղութեան եւ յատկապէս Քոյր Արուսեակը, որոնց գործունէութեան մասին յաջորդ օրը Հայաստանի Նախագահին կողմէ արտասանուած դրուատիքը հպարտութեամբ լեցուց մեզ:

Հայ Կաթողիկէ պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Արհի. Տ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի, 12 Յուլիս 2006, Չորեքշաբթի կէսօրին այցելութիւն տուին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սբ. Էջմիածնի մէջ: Արհի. Տ. Նշան Արք. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին փոխանցեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյնները եւ շնորհակալութիւնը եւ Անոր տեղեկացուց պատուիրակութեան արցախեան առաքելութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակով եւ անգամ մը եւս քաջառողջութիւն մաղթեց Անոր: Ան իր կարգին մանրամասնութիւններ փոխանցեց Պոլիս կատարած իր այցելութեան եւ այս այցելութեան թրքական հանրային կարծիքէն ներս յառաջացուցած փոթորկալի արձագանգի մասին: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հինգշաբթի, 13 Յուլիս 2006-ին ընդունեց Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ ուղեկցող պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Արհի. Տ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի: Ան հետաքրքրուեցաւ Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ առողջական վիճակով եւ ապաքինում մաղթեց Անոր: Պատուիրակութեան անդամները անոր տեղեկացուցին Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ իրականացուող մարդասիրական, ընկերային եւ կրթական ծրագիրներու ընթացքին եւ հեռանկարներուն մասին:

Կիրակի, 16 Յուլիս 2006-ին, Քանաքեռի Հայ Կաթողիկէ Կեդրոնի Եկեղեցին նեղ կու գար հաւատացեալներուն առջեւ որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու ժողովրդապետ Հ. Պետրոս Վրդ. Եսայեանի կողմէ մատուցուած հանդիսաւոր Սբ. Պատարագին եւ այս առթիւ լսելու Գերերջանիկ Տ.Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին պատգամը, ուր Ան շեշտեց հաւատքին կարեւորութիւնը, ուժն ու ներգործութիւնը հաւատացեալի կեանքին մէջ: Սբ. Պատարագին յաջորդող պահերը յիշատակելի եղան հաւատացեալներուն համար, որոնք Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ ընդունուեցան Ամեն. Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ, ստացան Անոր օրհնութիւնը եւ քաջառողջութիւն մաղթեցին Անոր:

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը իր առաքելութիւնը աւարտեց այցելութիւններ տալով Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարան, Ան. Յղ. Հայ Քոյրերու «Տիրամայր Հայաստանի» Կեդրոն-Պօղոսեան Կրթահամալիր, Հայկական Քարիթաս եւ Աշոցքի հիւանդանոցը, որ իսկական օրհնութիւն մըն է շրջանի 150 հազար բնակիչներուն համար. ովասիս մը, որուն մասին կը խոստանանք անդրադառնալ առանձին:

Հակառակ դեռ եւս հանգիստի եւ ապաքինման կարօտ վիճակին, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը քաջ գիտնալով հանդերձ որ Երեւանէն Պէյրութ երկարող ճանապարհը չափազանց յոգնեցուցիչ եւ մինչեւ իսկ արկածալի է, քանի որ Պէյրութի օդակայանը 12 Յուլիսէն ի վեր փակ էր հրէական ռըմբակոծումներուն պատճառով, ուզեց Հալէպի ճամբով վերադառնալ իր նստավայրը, Լիբանանին պարտադրուած ողբերգական այս օրերուն իր ժողովուրդին մօտ ըլլալու համար:

... Հալէպի մէջ Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի ասպնջականութիւնը մէկ գիշեր վայելելէ ետք, դէպի Պէյրութ ճամբայ ելանք: Հալէպէն Պէյրութ ճանապարհին վրայ սրտի ճմլումով տեսանք պատերազմէն խուճապահար փախչողներու կարաւանները, գաղթական ընտանիքները, միայն շիշ մը ջուր շալկած մանուկները...:

Դէպի Պէյրութ մեկնող ինքնաշարժներու գրեթէ չհանդիպեցանք: Թերեւս միակ վերադարձողներն էինք, զօրացած՝ այս փոթորիկն ալ յաղթահարելու յոյսով եւ Լիբանանի ապագային հանդէպ անխախտ հաւատքով:


ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ