Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014 - Արամ Ա. կաթողիկոսը այցելեց Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանը

Վատիկան

Չորեքշաբթի 05 յունիս 2014, կեսօրուայ ժամը 12-ին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի պատուոյ հիւրը եղաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, որ պաշտօնական եռօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Վատիկան 3-5 յունիս 2014:  

Վեհափառ Հայրապետին ընկերակցած էին գերաշնորհ տէր Կոմիտաս արքեպիսկոպոս Օհանեան, Օշական արքեպիսկոպոս Չօլոյեան, Սեպուհ արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Մուշեղ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, Նարեկ արքեպիսկոպոս Ալեէմէզեան, Խորէն եպիսկոպոս Տողրամաճեան, Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, Բաբգէն եպիսկոսպոս Չարեան, Շահէ եպիսկոսպոս Փանոսեան եւ հոգեշնորհ տէր Մեսրոպ վարդապետ Սարգիսեան։

Մինջեւ ժամանումը Վեհափառ Հայրապետին, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի փոխտեսուչ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահ՝ զանազան գաղութներէն ժամանած շուրջ 80 ազգայիններու եւ բարերարներու պատուիրակութեան ներկայացուց սուրբ Նիկողայոս Դոլենդինացիի նուիրուած 1606-ին կառուցուած եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր զանազան մասերը:

Վեհափառ Հայրապետը եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, ու նախագահեց այս այցելութեան առթիւ վարժարանին կողմէ պատրաստուած միասնական աղօթքին: Սոյն աղօթքին մասնակցեցան նաեւ միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց ընդհանուր քարտուղար՝ Պրայըն եպիսկոպոս Ֆարել, գերյարգելի Անտրէա Փալմիերի եւ սոյն ժողովին արեւելեան եկեղեցիներու պատասխանատու հայր Գաբրիէլ Քուիք:

Աղօթքի վերջաւորութեան, Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի մեծաւոր հայր՝ Գէորգ թ. ծ. վ. Նորատունկեան իր գորովագին ողջոյնի խօսքը ուղղեց Վեհափառ հայրապետին եւ ներկաներուն: Մեծաւոր հօր խօսքէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս, իր սրտագին մաղթանքը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց վարժարանի տեսչութեան ու ժառանգաւորներուն այդ ջերմ ընդունելութեան համար:

Վերջին օրհնութենէն ետք, Վեհափառը, վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ անմահացուց իր այցելութիւնը հետեւեալ տողերով. «Թող Աստուած այս հոգեւոր տունը պահէ միշտ անսասան իր առաքելութեան ճամբուն վրայ»: 

Արարողութենէն ետք, Արամ Ա. վեհափառը եւ իրեն ընկերակցող առաջնորդ սրբազանները տեսչութեան կողմէ հրաւիրուեցան վարժարանի մէջ պատրաստուած ագապին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ