Շաբաթ, 9 Օգոստոս 2014 - Փակման հաղորդագրութիւն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանական Ժողովին

 

 Զմմառ

ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈԻԹԻՒՆ

ԶՄՄԱՌՈՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԿՂԵՐԻ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ

 

(4-9 օգոստոս 2014 Զմմառ, Լիբանան)

 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան համար Երկուշաբթի 4 Օգոստոսէն մինչեւ Շաբաթ 9 Օգոստոս, յիշատակութեան արժանի և պատմական նշանակութիւն ունեցող օրեր եղան: Միաբանութեան պատրիարքական Փոխանորդ`Գերպծ. Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանին եւ Վարչութեան հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ, Զմմառու վանք ժամանած էին, հեռաւոր առաքելավայրեր ծառայող թեմակալ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ և ժողովրդապետներ, միասնաբար քննարկելու համար Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, թեմական և կանոնական հարցեր, հայ կաթողիկէ եկեղեցին յուզող հարցեր, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնէութեան և յատկապէս հայութեան իրավիճակը:

Երկուշաբթի 4 Օգոստոս 2014-ի յետ միջօրէին, Զմմառու Հայոց պատմական վանքի զանգերը ղօղանջեցին, առ ի պատրաստութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Միաբանութեան արտակարգ ժողովին: Զմմառու վանքի Ս. Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ Սուրբ և Անմահ Համապատարագ կատարելէ ետք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. և Գերերջ, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, իր հայրական խօսքը ուղղելով միաբան Հայրերուն, հոգեկան անհուն գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ Զմմառու Միաբանութիւնը այս օրերուն, հակառակ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող անկայուն կացութեան, Տիրամօր հովանիին ներքեւ կը գումարէ այս արտակարգ համաժողովը:

 

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը դարերու հոլովոյթին կազմած է մեծ ընտանիք մը, հիմնուած հոգեւոր և մշակութային ամուր արժէքներու վրայ,  որուն միաբան վարդապետները, իբրեւ հարազատ զաւակներ՝ ուխտած են բարձր պահել անոր հոգեւոր առաքելութեան դրօշը, և հաւատարիմ մնալ անոր հիմնադրին սկզբունքներուն:

 

Զմմառու Միաբանութիւնը կը նկատուի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իբր գլխաւոր առանցքներէն մին: Այս պատճառաւ յատուկ միաբանական այս համաժողովը պիտի սատարէ Միաբանութեան լաւագոյն կազմակերպման, ինչպէս՝ Թեմակալ եպիսկոպոսներու հետ կնքուելիք համաձայնագրի քննարկման ու վաւերացման: Առ այս՝ միաբան վարդապետները այս օրերուն, փորձեցին վերատեսնել սոյն համաձայնագիրը, աւելցնելով և կամ փոփոխութեան ենթարկելով կարգ մը կէտեր:

Առաքելական աշխատանքներուն մէջ Զմմառու միաբանները իրագործած են մեծ յառաջդիմութիւն իրենց հովուական և դաստիարակչական մարզէն ներս, ինչ որ մասնաւոր գնահատանքի արժանի է: Այս առթիւ՝ միաբանները ներկայացուցին նաեւ իրենց դիմագրաւած զանազան դժուարութիւնները: Աւելի՛ն, միաբան հայրեր անդրադարձան Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն միջեւ եղած փոխադարձ յարաբերութեան, ի մասնաւորի՝ թեմական առաջնորդներուն հետ:

 

Անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն վիճակին, յատկապէս՝ Սուրիոյ և Իրաքի մէջ կատարուող վայրագութիւններուն Քրիստոնեայ ժողովուրդին և շրջանակի մէջ գտնուող սրբավայրերու նկատմամբ, ժողովական Հայրերը իրենց խորին վշտակցութիւնը յայտնեցին անմարդկային արարքներուն համար, միաժամանակ զօրակցելով բռնի տեղահանուած քրիստոնեայ բնակչութեան, որոնց նկատմամբ հարկաւոր է գործնական քայլերու դիմել, իրենց ճակատագրին չձգել, այլ տէր ու պաշտպան կանգնիլ անոնց: Այսօր Եկեղեցւոյ դերը աւելի մեծ է քան երբեւէ:

 

Նշենք նաեւ շահեկան զեկոյցները նուիրուած՝ Զմմառու Ս. Միքայէլ և Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան, ինչպէս նաեւ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի նորընծայարաններուն, որոնք արժանացան ժողովական միաբաններուն բարձր գնահատանքին, քաջալերանքին և խրախուսանքին, որպէսզի տեսչութիւնը առաւել եւ հսկայական յառաջդիմութիւն արձանանագրէ:

 

Ժողովական Հայրերը խոր ցաւ յայտնեցին Հալէպի նորընծայարանի իրավիճակին մասին, որ տակաւին փակ կը մնայ երկրին մէջ տիրող պատերազմի պատճառաւ:

 

Միաբան հայրերը քննարկեցին կոչումներու տագնապին հարցը և Հայաստանէն ներս նորընծայարան մը ունենալու կարելիութիւնները: Այս առթիւ՝ Գերպծ. ՌաՓայէլ Արք. Միանասեան  իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Թեմէն ներս, շէնք մը տրամադրելու Զմմառու Միաբանութեան առաքելութեան և դպրեվանքին համար: 

 

Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան  Հայաստանի մէջ գրանցման գործընթացին անդրադառնալով, Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան զեկուցեց Հայրենի Իշխանութեան հետ իր այցելութեան ընթացքին  կատարուած բանակցութիւններու մասին: Ան ըսաւ թէ այս հարցը ժամանակի և համբերութեան կը կարօտի և մենք պիտի շարունակենք մեր այս սրբազան նպատակը իրագործելու համար: 

 

Միաբան Հայրեր իրենց գնահատանքը արտայայտեցի Միաբանութեան կայքէջին, «Լոյս Զուարթ» հեռուստացուցային յայտագրին, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ  հրատարակած՝ Մասիս, Աւետիք և Զուարթնոց պարբերաթերթերուն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն հոգեւոր և մշակութային ժառանգութեան հարստացման և տարածման:

 

Միաբանական այս համաժողովի միջոցաւ սկիզբ կ'առնէ նոր շրջան մը: Շրջան մը որ պիտի յատկանշուի աւելի եռանդուն և անկեղծ, եղբայրական յարաբերութիւններով և յարգանքով, թեմակալ եպիսկոպոսներուն, Առաջնորդներուն և Զմմառեան Միաբանութեան միջեւ: Կը յուսանք որ   Զմմառու միաբանական հոգին աւելի՛ եւս զօրանայ և նպաստէ հոգեւոր և առաքելական վերելքին, ի փառս և ի պատիւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Հայ ժողովուրդի պայծառութեան:

 

Ամենաբարին Աստուած յաւէ՜տ անսասան պահէ նուիրական և սուրբ այս հաստատութիւնը, բարեխօսութեամբ Սրբուհւոյ Աստուածածնին և Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանին «վասն պայծառութեան և աճման սրբոյ հաւատոյ Քրիստոսի, և ի պարծանս Ազգիս Հայոց»:

 

 

Դիւան Զմմառու Պատրիարաքական Կղերին Միաբանութեան

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ