Հինգշաբթի, 17 Ապրիլ 2008 - Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքի Այցը Հայաստան

Երեւան, Հայաստան
 

Երեքշաբթի՝ 8 Ապրիլ 2008-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ժամանեց Երեւան, ընկերակցութեամբ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերապայծառ Հ. Միքայէլ Թ.Ծ.Վ.Մուրատեանի:

Այցելութեան առաջին օրը, Հոգեւոր Տէրը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, իսկ երեկոյեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սբ. Գրիգոր Նարեկացի Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետական Եկեղեցւոյ մէջ եւ հանդիպում ունեցաւ հաւտացեալ ժողովուրդին հետ:

Ապրիլի 9-ին, Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին մէջ, Հոգեւոր Տէրը ճաշեց Արհի. Հայր Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեանի եւ Հայաստանի ու Վրաստանի բոլոր Հայ Կաթողիկէ հոգեւորականներուն հետ: Նոյն  օրը Հոգեւոր Տէրը ընկերակցութեամբ տեղի Առաջնորդին  եւ Գերպծ. Միքայէլ Մուրատեանի, մասնակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ՝ Տիար Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութեան, իսկ երեկոյեան՝ պաշտօնական հիւրասիրութեանը, որ տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ:

 



Յաջորդ օրը, Ամենապատիւ Տէր Ներսես Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց լուսահոգի Հայր Ներսէս Արք. Տէր-Ներսէսեանի գերեզմանը որ կը գտնուի  Փանիկ գիւղին մէջ, որտեղ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Այնուհետեւ այցելեց Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանը, Աշոցքի հիւանդանոցը եւ Կիւմրիի Հայ Քոյրերու կրթական կեդրոնը:

 

Ուրբաթ՝ 11 Ապրիլի առաւօտեան Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Հայաստանի մօտ Լիբանանի լիազոր դեսպան՝  Կապրիէլ Ժիարան: Այցելեց նաեւ Երեւանի մէջ գտնուող Մխիթարեան Հայրերու դպրոցը իսկ երեկոյեան Սուրբ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Մայր Թերէզայի Քոյրերու մանկատան մատուռին մէջ եւ հանդիպեցաւ Երեւանի Ներսէսեան դպրեվանքի աշակերտներուն հետ:

Նոյն օրը ուշ երեկոյեան Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը՝ Լիբանան:

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ