Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2012 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մուսա Լերան Հերոսամարտի Դիւցազներուն Հրամայականը…


Այնճար


Սիրելի՛ ընթերցող, սեպտեմբեր 12-16 Այնճարի մէջ կը տօնենք Մուսա լերան հերոսամարտին 97-ամեակը եւ մեր հայաւանին հիմնադրութեան 73-ամեայ տարեդարձը:
24 դեկտեմբեր 2002-էն ի վեր կը գտնուիմ Այնճար` պաշտօնավարելով իբրեւ ժողովրդապետ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ համայնքին: Իսկ Մուսա լերան վեց գիւղերը այցելեցի 19 նոյեմբեր 2010-ին:
Քեպուսիէ, Վագըֆ, Խտըրպեկ, Եողուն-Օլուք, Հաճի-Հապիպլի եւ Պիթիաս գիւղերուն անուններուն թերեւս շատ չհամակրեցայ եւ գուցէ այսօր ալ նոյն զգացումին մէջ եմ, բայց պատմական իրողութիւնը, թէ անոնց մէջ իմ հայութիւնս ապրեցաւ դարեր` անոնց ընծայելով հայադրո՜շմ նուիրականութիւնն իր միւռոնո՛վ, քրտինքո՛վ, արիւնո՛վ ու կենցաղո՛վ, հմայեց իմ հոգեմտաւոր էութիւնս:
Ճիշդ է, թէ միօրեայ ուխտագնացութիւնն էր մուսատաղեան լոկ, որ, սակայն, «եապանճօ» տրուպիս համար դարձաւ առիթը վերյուշումէն աւելի յուզումնախառն վերապրումին 1915-ի այն պատմական դէպքերուն եւ դէմքերուն, որոնց ծանօթ էի գիրքէն ու մամուլէն:
Եթէ պատմական դէպքերը կը յարուցանեն պատմական դէմքերը, ապա նաեւ հերոսները կը գոյացնեն հերոսամարտերը: Յայտնի ու անյայտ հերոսներու ներկայութեամբ, ինչպէս ալ ծանօթ եւ անծանօթ հերոսամարտերու առկայութեամբ միայն կ՛երաշխաւորուին դիւցազները ծնած եւ դիւցազնամարտերը սնած ժողովուրդին վերելքն ու գոյատեւումը:
Մուսա լերան հերոսամարտը, որ ժամանակակից «հայոց պատմութեան» անցելապանծ ու փառապատում էջերէն մին է, վախի եւ մահի յուսահատական ճակատամարտը չէր, ո՛չ ալ` խրոխտ ինքնահաւանութեան ու անտեղի սնապարծութեան արիւնալի դրսեւորումը, այլ միայն ու միայն քաջութեան եւ կեանքի, ընտանիքի ու արժանապատուութեան, ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական պատկանելիութեան դիւցազնամարտն էր, եւ այն` անդորր ու խաղաղասէր, ժիրաժիր եւ աշխատասէր մուսալեռցի ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան պարտադրանքով` գազանակերպ ոսոխին բռնակալութեան դէմ:
Ֆրանսացի ծովակալը, որ հանդիսացած էր ինքնավար եւ արագաշարժ ազատարարը 4080 մուսալեռցիներուն, ապագային պիտի հաստատէր, թէ` «Մուսա լերան գիւղացիները իրենց հայրենակիցներուն սովորական կրաւորականութիւնը չունին: Ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն եւ նոյնիսկ ունին գործիքներ իրենց փամփուշտները «նորոգելու»: Բայց կացութիւնը ծանր է: Պաշիպոզուքներու հրոսախումբեր լեռը կը պաշարեն, երթալով` կը յառաջանան, կ՛առեւանգեն երեխաներն ու կիները եւ կը տանին դէպի ներսերը: Անասնականութեան ահռելի տեսարաններ կը դրոշմուին այդ եղերական տեղահանութիւններու իւրաքանչիւր հանգրուանին: Շուտով կ՛ըմբռնեմ, որ պէտք է այդ դժբախտները այլուր փոխադրել: Ժամանակը ստիպողական է, եւ ինչ որ ալ իրենք ըսեն, պէտք է բոլորը փոխադրել» (Տարթիժ տը Ֆուռնիէ):
Այս պարագային` փոխադրութիւնն ինքնին խիզախութիւն էր, որովհետեւ, օրինակի համար, «կային խեղճ մանկիկներ` անձեռոցներու մէջ փաթթուած, զորս ձեռքէ ձեռք կ՛անցընէին ալիքներու ընկրկումին մէջ, փոքրիկ մովսէսներ իրապէս` ջուրերէն ազատած, որոնք միայն չափահասութեան տարիքին պիտի իմանան, թէ ի՛նչ վտանգներէ անցած են» (Տ. տը Ֆ.)…
Փոխադրութենէն առաջ, սակայն, «Մուսա Լերան բարձրավայրերուն վրայ հաստատուած հայերը թուրքերու կողմէ ջարդուելու սպառնալիքին տակ» ըլլալով եւ լաւագոյնս գիտնալով, թէ տնահանութեան ու հողալքումի «արձակուած հրամանին հնազանդիլ` կը նշանակէր անձնասպանութիւն», ինչպէս ալ` «միայն ապստամբութիւնն էր, որ ապրելու պատեհութիւն կու տար» (Փոլ Շաք), կազմակերպուեցաւ ինքնապաշտպանութեան հերոսական դիմադրութիւնը 700 կտրիճներով, որոնք, սակայն, ունէին 40 ռազմական հրազէններ, 300 որսի հրացաններ եւ թշնամիէն գրաւուած 8 մոսիններ  լոկ:
Քանակի եւ արտաքին որակի ռազմագիտական տեսանկիւնէն` շատ անհաւասար էր պատերազմը. մուսալեռցին պաշարողներուն խուժանը կը հաշուէր 7000 զինուոր: «Մէկի դէմ տասը` գործին ելքը ապահով կը թուի: Թիւի առաւելութեան վստահած` գիշեր ատեն թուրքերը հանգիստ կերպով կը քնանան»:
«Տասի դէմ` մէկ, պաշարուածները բնաւ չեն քնանար» (Փ. Շ.), որովհետեւ ոչ միայն գիտակցական ներքին որակով օժտուած` բոլորովին վստահ էին իրենց ինքնապաշտպան մարտնչումին անհրաժեշտութեան եւ նուիրականութեան, այլ նաեւ իրենց արեան հեղումին ու պարտութեան տրամաբանութեան ի հեճուկս` համոզուած էին «այն թաքուն հաւատքով, որ պէտք է արդարութիւնը գայ ու զիրենք փրկէ», ինչպէս ալ` «այն կամքով, որ պէտք է յաջողին անկարելին իրականացնել» (Վազգէն Ա. կաթողիկոս):
Այո՛, Մուսա լերան հերոսամարտով` հայերս անգամ մըն ալ փաստեցինք, թէ խաչով, արիւնով ու միասնականութեամբ «կարելի է հնարաւորին սահմանէն անդին անցնիլ` դէպի գերագոյն կարելիութիւններու աշխարհը եւ ատով ալ` դէպի յաւիտենականութիւն, դէպի անմահութիւն»:
Այս իրողութիւններով եւ խորհրդածութիւններով ծանրաբեռնուած, Այնճարէն Մուսա լեռ ուխտագնացս, որ Մուսա լեռէն Այնճար վերադարձողն էի եւ մեր հայաւանին գոյատեւումին խղճամիտ պահանջկոտն ու յարատեւ սատարողը` կը յանգիմ ռումանահայ մտաւորականին եւ ապա 1955-1994 տարիներուն Ամենայն Հայոցի 1940-ին կատարած սա ուղիղ եզրակացութեան. «Ազգ մը չ՛ապրիր միայն իր նիւթական բարիքներով, չ՛ապրիր միայն իր մտքի եւ զգացումի արտայայտութիւններով, ինչպէս են արուեստներն ու գրականութիւնը, չ՛ապրիր միայն հանճարեղ անհատներու գործերով, այլ կ՛ապրի նաեւ իր պատուի եւ արժանապատուութեան զգացումներով, իր «մենք»-ի գիտակցութեամբ եւ զոհաբերութեան ոգիով, իր ազատ եւ հպարտ ապրելու կամքով, մէկ խօսքով` իր բարոյական նկարագրով»:
Կերտուի՛նք այդ «բարոյական նկարագրով» եւ զայն փոխանցե՛նք մեր նոր սերունդին` ի գին ամէն տեսակ զոհաբերումի: Ա՛յս է անյետսկոչելի հրամայականը Մուսա լերան հերոսամարտին դիւցազներուն։

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ