Չորեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2007 - Վերամուտ Ս. Կուսին Աւետման Ժողովրդապետական Տարուան

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

Կիրակի 7 Հոկտեմբեր 2007ին, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդատեդական տարուայ վերամուտի Ս.Պատարագը որուն ներկայ էր Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքը: Պատարագը մատուցեց Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան որուն առընթերակայ էին հայր Ղեւոնդ վրդ. Քէնտիրճեան եւ հայր Գէորգ վրդ. Նորատունկեան:
Հայր Վարդան օրուան քարոզը փոխանցեց հաւատացեալներուն մէջբերելով Ս. Պօղոս Առաքեալին նամակէն ուղղուած Կորնթացիներուն «Քննեցէ՛ք դուք ձեզ եւ տեսէք եթէ հաւատքի մէջ էք.… Այսուհետեւ, եղբայրնե՛ր, ողջ եղէ՛ք, հաստատ մնացէ՛ք, մխիթարուեցէ՛ք, աշխատեցէ՛ք ձեր կատարելութեան, միաբան եղէ՛ք, խաղաղութեամբ ապրեցէ՛ք եւ Աստուած սիրոյ եւ խաղաղութեան ձեզի հետ պիտի ըլլայ» (2 Կոր. 13, 5-13): Ան ըսաւ թէ Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետութիւնը Մերեմեան ժողովրդապետութիւն է: Ապա Հայր Վարդան բարի ճանապարհ մաղթեց Հայր Գէորգ Նորատունկեանին որ պիտի մեկնի Մոսքուա ծառայելու համար այնտեղի հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն: Բարի ճանապարհ մաղթեց նաեւ Հայր Ղեւոնդ Քէնտիրճեանին որ պիտի մեկնի Հռոմ իր կազմաւորման աւարտաճարին մասին խորհրդածութիւններ յառաջ բերելու:
Հոկտեմբեր 7ը վերամուտ էր նաեւ ՀԿՄ պատանեկանի ԱշրաՖիէի մասնաճիւղին եւ նախքան Ս.Պատարագի մասնակցիլը յատուկ արարողութեամբ կազմի անդամները կատարեցին իրենց երդումները ստանցնելով իրենց նոր պաշտօնները, ներկայութեամբ հոգեւոր վարիչ՝ հայր Վարդան Գազանճեանին եւ հայր Ղեւոնդ Քէնտիրճեանի ինչպէս նաեւ ՀԿՄ պատանեկաին ծնողականի եւ ՀԿՄ երիտասարդականի ներկայացուցիչներուն:  

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ