Ուրբաթ, 31 Օգոստոս 2012 - Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած հանդէս Զմմառու վանքին մէջ


Զմմառ

Զմմառու երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ Սուրբ Միքայէլ զոյգ ընծայարաններու ժառանգաւորները իրենց միամսեայ հայագիտական դասընթացքները աւարտելով հանդէս մը կազմակերպեցին յատուկ կղերական դասին համար: Հանդէսը նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետին: Ներկայ էին Զմմառու մեծաւոր գերպծ. Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, վարչական ու վանաբնակ վարդապետներ, Պէյրութէն ժամանած գերպծ. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդապետ եւ փոխ ժողովրդապետ հայրեր, հայեցի դաստիարակութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան եւ ուսուցչուհի՝ Տիկ. Թամար Եալմանեան:

 

Օրուան բեմավար եղբ. Էմմանուէլ Սատօն հրաւիրեց եղբ. Գրիգոր Պոյաճեանը, որպէսզի կատարէ բացման խօսքը: Ապա եղբ. Ղազար երգեց Կոմիտաս Վարդապետին «Քելէ Քելէն»: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Կոմիտաս վարդապետին կեանքն ու գործերը նկարագրող տեսաերիզ մը, պատրաստուած երեք ժառանգաւորներու կողմէ, եղբ. Տիգրան Փիլիպոսեան, եղբ. Կարօ Գլընճեան եւ եղբ. Գէորգ Ներսէսեան: Ապա, եղբ. Արամ Սատօ դաշնամուրի վրայ նուագեց կաքաւի երգը: Օրուան բանախօսն էր եղբ. Ղազար Պետրոսեան: Իր խօսքին մէջ, ան անդրադարձաւ Կոմիտաս վարդապետի յատկութիւններուն: Եզրափակեց իր խօսքը շեշտելով թէ այսօրուայ ժառանգաւորները պարտին հետեւիլ անոր օրինակին, ըլլալ տիպար եւ օրինակելի կղերականներ, զօրացնել ինչպէս հոգեւոր, նոյնպէս մշակութային ու ազգային կեանքը: Բանախօսութենէն ետք, եղբ. Պարգեւ Փաշայեան մեներգեց Կոմիտասի «Ուրախ լեռ»ը:

Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ ընծայարանի տեսուչ՝ հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան, որ շեշտեց հայերէն լեզուի կարեւորութիւնը: Ան ըսաւ թէ այս յատուկ դասընթացքը համախմբեց Զմմառու, Հալէպի եւ Հռոմի ժառանգաւորները, որպէսզի անոնք միասնաբար ապրին, միասնաբար աղօթեն ու սորվին: Այսպէս, անոնք կը պատրաստուին ապագայի իրենց առաքելական կեանքին ընթացքին միասնաբար գործելու: Ուստի, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դաստիարակներուն, ըլլան անոնք կղերական կամ աշխարհական, որոնք օգտակար դարձան այս միամսեայ ծրագրի յաջողութեան: Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին, որ ծիսագիտական յատուկ դասընթացքով մը ճոխացուց ժառանգաւորներուն գիտելիքները, հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանին, որ թղթակցութեան մասին չորս դասախօսութիւններով սորվեցուց անոնց ճշգրիտ եւ առարկայօրէն լուրեր փոխանցելու գիտական միջոցները, Պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին ու Տիկ. Թամար Եալմանեանին, որոնք արդի ձեւերով զարգացուցին ու բարելաւեցին ժառանգաւորներուն հայերէն լեզուն: Իր խօսքին աւարտին, ան հրաւիրեց վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանը իր սրտի խօսքը փոխանցելու ներկաներուն: Գերապայծառը յատուկէն շեշտեց մշակութային կեանքին կարեւորութիւնը, շեշտակի անդրադառնալով ընծայարանի եւ ժառանգաւորներուն ներկայութեան կարեւորութեան մասին վանքէն ներս: Ան քաջալերեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց ընծայարանի տեսչութեան այս գեղեցիկ կազմակերպութեան համար:
 
Մեծաւոր Հօր խօսքէն ետք, ժառանգաւորները երեք ձայնով երգեցին Կոմիտասի «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականը: Հուսկ, արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան պահպանիչով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:


 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ