Ուրբաթ, 20 Մարտ 2015 - Գերյարգելի Եղիայանի խօսքը 9 մարտի հանդիսութեան

 

Պէյրութ

Ստորեւ, 9 մարտ 2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին «Էն. Տի. Եուհամալսարանի մէջ Լիբանան, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի  ձեռնարկին ընթացքին Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ հայր Գէորգ   Ծայրագոյն վարդապետ Եղիայեանի արտասանած խօսքը.

«Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան անունով կ'ողջունեմ ձեզ,

1915-ին ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն անունով կ'ողջունեմ ձեզ,

6 մայիսին Դամասկոսի, Թրիփոլիի եւ Պէյրութի մէջ թրքական կախաղաններ բարձրացուած նահատակներուն անունով կ'ողջունեմ ձեզ,

Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պաշտպանող լիբանանեան բանակին նահատակներուն անունով կ'ողջունեմ ձեզ,

Լիբանանեան իսլամական եւ քրիստոնէական ազգային դիմադրութեան նահատակներուն անունով կ'ողջունեմ ձեզ:

Կ՛ողջունեմ ձեզ արցունքոտ աչքերով, վշտահար սրտով եւ ընդվզած էութեամբ` հարց տալով ձեզի հետ, թէ ո՞ւր են ՄԱԿ-ի ուխտն ու բանաձեւերը: Ո՞ւր է միջազգային արդարութիւնը: Ո՞ւր են մարդկային սկզբունքները եւ ժողովուրդներուն իրաւունքները: Ո՞ւր է Աստուծոյ արդարութիւնը:

Յարգելինե՛ր, արդեօք այսօր մենք իրաւունք չունի՞նք սաղմոսներու ընդմէջէն աղաղակելու`

«Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները, ո՛վ Տէր,

Մինչեւ ե՞րբ ամբարիշտները պիտի հրճուին.

Մինչեւ ե՞րբ պիտի բարբանջեն, անպատկառութեամբ պիտի խօսին,

Ու պիտի պարծենան` բոլոր անօրէնութիւն գործողները:

Ո՛վ Տէր, անոնք քու ժողովուրդդ կը ճզմեն,

Եւ քու ժառանգութիւնդ կը տառապեցնեն.

Այրին ու գաղթականը կը սպաննեն,

Որբերը կը մեռցնեն» (Սղ. 94.3,4,5,6):

Այո՛, մինչեւ ե՞րբ աշխարհը, երկիրներն ու պետութիւնները պիտի ուրանան այդ դժոխային ողբերգութիւնը, ճիւաղային ջարդերը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով մենք կազմակերպեցինք այս ոգեկոչումը, որպէսզի համալսարանական այս ազատ եւ համախմբող ամպիոնէն յայտարարենք`

1915-ի սովին տոկացած Լեռնալիբանանի բարձունքներէն, թրքական եւ օսմանեան դաւադրութիւններուն ենթարկուած, կախաղաններու սիւներ վկայած Լիբանանէն, հայութիւնը եւ ապա անիրաւուած այլ ժողովուրդներ, ինչպէս` պաղեստինցիները, իրաքցիներն ու սուրիացիները դիմաւորած Լիբանանէն կը յայտարարենք եւ ամբողջ աշխարհին կոչ կ՛ուղղենք անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն, աղէտին եւ անոր Հայ սուրբ դատին:

Մենք աշխարհէն կը պահանջենք մեր արդար իրաւունքները, որոնք ցայսօր կը մնան բռնաբարուած` Թուրքիոյ եւ թրքական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ:

Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ իր գործած ոճիրը, կը շարունակէ նենգափոխել պատմութիւնը` թմրեցնելով իր քաղաքացիներուն, ժողովուրդներուն եւ իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմավարական շահերը հետապնդող պետութիւններուն խիղճը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, ինչպէս անցեալին կատարած ենք եւ ապագային պիտի կատարենք, որոշած ենք լուռ չմնալ, այլ յիշել եւ պահանջել` ճանաչումը, հատուցումը եւ հողերու վերադարձը:

Նախ եւ առաջ կը պահանջենք Թուրքիոյ պետութենէն ճանչնալ Երիտթուրքերուն` Էնվերի, Թալէաթի եւ Ճեմալի գործած Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն հոգիներուն եւ մարդկութեան հանգիստին համար, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեամբ էր, որ մարդկութեան դէմ ոճիր գործուեցաւ եւ նոյն մարդկութիւնն է, որ տակաւին կը ցեղասպանուի, այդ սպանդները ըլլան հիթլերական թէ նացիական, իսրայէլեան թէ սիոնական, ՏԱՀԵՇ-ական թէ հաւատադրժողական:

Երկրորդ` կը պահանջենք հատուցում` մեր եկեղեցական կալուածներուն, դպրոցներուն, պալատներուն, մշակութային թէ այլ հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ հողային բոլոր կալուածներուն, որոնք դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած են, վերածուած են ախոռներու, զինուորական կեդրոններու, կառավարական շէնքերու, պղծուած է անոնց սրբութիւնն ու արժանապատուութիւնը, քանդուած են եւ վերածուած քարակոյտերու:

Երրորդ` մենք կը պահանջենք մեր հողերը` անոնց խորհրդանիշ Արարատով եւ Կիլիկիոյ դալար դաշտերով:

Այս պահանջներով մենք կը տառապինք Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Տիւ ու գիշեր այս մտահոգութեամբ լեցուած ենք եւ կ՛ուզենք կրօնի ու աշխարհի ոճրագործներէն մեր բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրանալ:

Այս նպատակով Լիբանանի մէջ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը փափաքեցաւ ձեր ներկայութեամբ ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը` արթնցնելու համար ձեր խիղճը եւ շրջանի երկիրներուն ու պետութիւններուն կամքը:

Այս ոգեկոչումը կը կատարենք Լիբանանի մէջ արդարութեան արեւը պայծառ պահելու եւ ազատ ու պատասխանատու խօսքը Արեւելքի մէջ վառ պահելու նպատակով:

Այս անիրաւ Արեւելքը, իր զաւակներուն, իր փառքը կերտած, քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթը հիմնած քաղաքացիներուն հաշուոյն այս ոճրագործ Արեւելքը ապերախտ գտնուեցաւ Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած շնորհներուն, սկզբունքներուն, մարդկայնութեան եւ հոգեւոր խորհուրդին նկատմամբ:

Այս Արեւելքը ապերախտ գտնուեցաւ նաեւ իր բնութեան շնորհած բարիքներուն նկատմամբ եւ իր անմտութեամբ, տգիտութեամբ ու ճահճացումով զանոնք վերածեց զէնքի եւ զինամթերքի, որ կ՛օգտագործուի եղբայրասպան կռիւներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր ուխտավայրերը, մզկիթներն ու եկեղեցիները պղծելու նպատակով: Արեւելքի աւանդները կը փճանան, ուխտատեղիները կը հրկիզուին, հնութիւնները կը քանդուին, գիրքերն ու գրականութիւնը կուլ կը տրուին հրդեհներէն, որպէսզի անոր թշնամիները ազատ, անկախ եւ արժանապատիւ կեանք ապրին, մինչ ինք ապրի յետամնացութեան, դաւադրութիւններու, յեղաշրջումներու եւ բորբոսած ու կեղծ գարնանային յեղափոխութիւններու հանգրուան մը, որուն ընթացքին մէկ կողմէ կը յայտարարուի հաւատադրժողական էմիրութիւն մը, իսկ միւս կողմէ` ոճրային ժիհատ մը:

Ցաւալի այս իրականութիւնը զգետնելու համար այսօր կ՛ընդվզինք չարիքին եւ անիրաւութեան դէմ եւ մեր ձայնը կը բարձրացնենք ու ոճրագործներուն եւ իրաւունքները ոտնակոխողներուն կ՛ըսենք. «Բա՛ւ է այսքան խաբեբայութիւն, դաւաճանութիւն եւ կեղծիք»:

Արեւելքցին, ըլլայ ան հրեայ, քրիստոնեայ, իսլամ թէ անհաւատ, որ կորսուած է ստոր դաւադրութիւններու եւ անձնական նեղ շահերու մէջ, ինչպէս նաեւ յանձնուած է արդարութիւնն ու իրաւունքը ուրանալու անիծուած կեցուածքներուն, արեւելքցի արարածն է, որ այսօր եւ ընդմիշտ կոչ կ՛ուղղէ վերադառնալու սիրոյ զգացումին, տիպար քաղաքացիութեան ճշմարտութեան, գիտակցութեան փարոսին, մարդկային եւ աստուածային գիտելիքներուն, որպէսզի Արեւելքը եւ անոր զաւակները վայելեն ապահովութիւնը, կայունութիւնը, հանգստութիւնը, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Կեցցէ՛ք, կեցցէ՛ Հայ դատը եւ կեցցէ՛ Լիբանանը»:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ