Երկուշաբթի, 7 Փետրուար 2011 - Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի քահանայական Ա. տարեդարձը

 

Պէյրութ

 

Շաբաթ
, 5 փետրուար 2011, կէսօրուան ժամը 1-ին, տեղի ունեցաւ տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի քահանայական Ա. տարեդարձը, ներկայութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ հոգեւորականներու։

Ճաշկերոյթին աւարտին, Հոգեւոր տէրը տէր Աւետիքին մաղթեց քահանայական երկար եւ երջանիկ տարիներ, բեղուն առաքելութեամբ։ Տէր Աւետիքը իր կարգին երախտագիտութեամբ խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց հայրապետին, իր հայրական սիրոյն եւ համբերութեան համար, որ յաճախ ցուցաբերած է իր հանդէպ. ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հոգեւորականներուն, որոնք յաճախ զինք քաջալերած են եւ թիկունք կը կանգնին իր քահանայական կեանքին ընթացքին։

Յիշենք, որ տէր Աւետիքը ստանցնած է գաւազանակիրի ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ առաքելութիւններ կը կատարէ ինչպէս՝ ամէն չորեքշաբթի բանտարկեալներու այցելութիւնը, հոգեւոր զանազան ծառայութիւններ կատարելով, անոնց քարոզելով ու քաջալերելով, անոնց ընտանիքներուն տուները այցելելով։ Տէր Աւետիք նաեւ քրիստոնէական կը դասաւանդէ Զալքայի հայ կաթողիկէ Գէւորգ Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Նոյն ժամանակ, ան իր համալսարանական բարձրագոյն ուսումները կը կատարէ, մասնագիտանալով եկեղեցագիտական կանոնագիտութեան մէջ։  

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ