Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2012 - Ո՛վ աշխարհի քրիստոնեայ երիտասարդներ, առաքեալներ եղէ՛ք‏

Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը, 28-րդ Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրուան (JMJ) առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ, կը յորդորէ աշխարհի քրիստոնեայ երիտասարդները առաքեալներ ըլլալու։

Սրբազան Քահանայապետը այս պատգամը կ’ուղղէ յաջորդ Երիտասարդաց Համաշխարհային Օրուան մեծ դէպքին համար, որ տեղի պիտի ունենայ Պրազիլի Րիօ Տը Ճըներօ քաղաքին մէջ, 23-էն 28 յուլիս 2013, հետեւեալ թեմային տակ. «Գացէ՛ք, աշակերտեցէ՛ք բոլոր ազգերը» (Մատթ 28, 19)։

Բենեդիկտոս ԺԶ. կը քաջալերէ երիտասարդները պատրաստուելու այս մեծ դէպքին, խորհրդածելով անոր թեմային շուրջ, որ այլապէս «մեծ աւետարանչական առաքելութիւնն է, զոր Քրիստոսը յանձնեց ամբողջ Եկեղեցւոյ, եւ որ 2000 տարի յետոյ, ոչինչ կորսնցուց իր այժմէութենէն»։

Ան կը շեշտէ, թէ անհրաժեշտ է երիտասարդները աւետարանիչներ ըլլան, որովհետեւ «կարելի չէ ճշմարիտ հաւատացեալ ըլլալ առանց աւետարանելու», աւելցնելով որ «Աւետարանի հռչակումը Քրիստոսի հետ հանդիպման ուրախութեան արդիւնքն է, որ կը նպաստէ անհատին՝ ինքզինք մշակելու, մեծանալու եւ աւելի հարստանալու մարդկութեան մէջ»։ 

Ան կը նշէ նաեւ, որ «Նոր աւետարանացումը մեր նախաձեռնութիւնը չէ եւ կախեալ չէ մեր ձիրքերէն, այլ ան ապահով եւ խոնարհ պատասխանն է Աստուծոյ կոչին»։ Սրբազան հայրը կը հրաւիրէ երիտասարդները «ամրապնդուելու աղօթքին եւ խորհուրդներուն մէջ», աւելցնելով որ «ճշմարիտ աւետարանացումը կը ծնի աղօթքէն եւ կը փոխանցուի աղօթքով»։

Վերջապէս, Սրբազան քահանայապետը իր կոչը կ'ուղղէ աշխարհի տարբեր շրջաններու քրիստոնեայ երիտասարդներուն, «որոնք կը տառապին Քրիստոսի իրենց հաւատքը հռչակելու համար, կրօնական ազատութեան պակասին պատճառաւ» եւ անոնցմէ  շատեր, «որոնք իրենց կեանքը կը նուիրեն քրիստոնեայ հաւատքին համար», ամուր մնալու իրենց հաւատքին մէջ, զանոնք վստահեցնելով որ Քրիստոսը միշտ իրենց կողքին է։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ