Հինգշաբթի, 14 Փետրուար 2013 - Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրաժարականի լուրին արձագանքներ

Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրաժարելով իր պաշտօնէն յանկարծակի բերաւ ոչ միայն կաթողիկէ աշխարհը այլ եւ համայն միջազգային ընկերութիւնը։ Բազմաթիւ են մեկնաբանութիւններն ու տպաւորութիւնները։
- Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը գերապայծառ Ռիշար Սմիթ ըսաւ «սքանչելի ու ներշնչուած եղած են, անոր շրջաբերական թուղթերը, քարոզներն ու պատգամները։ Մեզի կը թողու պայծառ ուսուցումի մը ժառանգութիւնը»:
- Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը՝ վերապատուելի Օլավ Թվէյթ ըսաւ. «Սրբազան Հայրը հովիւի փափուկ սիրտ մը ունի, հմուտ մարդու սուր ոգի եւ իր բոլոր կատարած գործերուն ան միացած էր Աստուծոյ եւ ունէր յատուկ վստահութիւն»։
- Փարիզի առաջնորդը կարտինալ Վանդրուա ըսաւ. «Բենեդիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը իր մտքի խորութեամբ եւ պայծառութեամբ հանդիսացաւ եկեղեցւոյ պատմութեան ամենէն փայլուն ու համոզիչ Քահանայապետը։ Անոր երեք շրջաբերական թուղթերը ու Յիսուսի մասին երեք գիրքերը իսկական գանձեր են»:

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=664635


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ