Երկուշաբթի, 19 Մարտ 2012 - Միջ-դպրոցական «Հրանդ Տինք» շարադրութեան Բ. Մրցանքի նշանակի տուչութիւն եւ մրցանակաբաշխութիւն

 

Պուրճ Համուտ

Առաջին տարուան յաջող ու գնահատելի փորձառութենէն ետք, կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեղեկատուական-ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին, ուրբաթ, 16 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական Հրանդ Տինք շարադրութեան Բ. մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար Վարդան Ադամեանին, կրթական պատասխանատուներու, մրցանքի դատական կազմի անդամներուն, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Մրցանակաբաշխութեան բարի գալուստի խօսքը կազմակերպիչ աշակերտական խմբակին անունով արտասանեց Մեղրի Չէօլմէքեան, որ ըսաւ. «Վստահ ենք, որ Տինքին նուիրուած մրցումը բազմաթիւ այլ նախաձեռնութիւններու շարքին հատիկներէն մէկը պիտի հանդիսանայ, որ աշակերտութեան մտքին մէջ պիտի ցանէ սէրը` հայրենիքին, նուիրումը` դատին եւ զոհաբերութիւնը` ազգային գաղափարին: Վստահաբար այդ հատիկները վաղը արեւի շողերուն տակ պիտի զօրացնեն իրենց արմատները»:
Չէօլմէքեան հաստատեց, որ Հայ դատի պայքարին մէջ իւրաքանչիւր աշակերտ ունի իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Ան նաեւ ընթերցեց «Ակօս» թերթի խմբագրութեան շնորհաւորական ուղերձը:
Ապա ներկաները դիտեցին Տինքին վկայութիւնները փոխանցող խմբակին պատրաստած տեսաերիզը, որմէ ետք ջութակով Սեւան Ղարիպեան նուագեց «Ալ այլուղս» եւ «Քէլէ քէլէ» ստեղծագործութիւնները:  
Շարադրութեան մրցանքին մասին տեսաերիզի ցուցադրութիւնէն ետք, օրուան պատգամը փոխանցեց դատական կազմի անդամ պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, որ հաստատեց, թէ «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցանքը առիթ է փնտռելու ազգային արմատներն ու ժառանգութիւնը: Անցնող շաբաթներուն աշակերտական խմբակին կազմակերպած Հայ դատի նուիրուած աշակերտական միօրեայ սեմինարն ու շարադրութեան մրցանքը գնահատելով,  Պրն. Դանիէլեան ըսաւ, որ Տինքին երթը շարունակող նմանօրինակ ձեռնարկներ օգտակար են եւ հայ մարդու տիպարին կազմաւորման նպաստող քաջալերական քայլեր են:
Պրն. Ժիրայր Դանիէլեան հաստատեց, որ դատական կազմը իր աշխատանքներուն մէջ երբեք դժուարութիւն չունեցաւ, քանի որ նմանօրինակ գործ մը հաճելի է եւ արդիւնաւէտ: Ան հաստատեց, որ այս նոր սերունդէն պիտի գան նոր տինքեր, ապագայի լրագրողներ եւ խմբագիրներ, որպէսզի Տինքին հետապնդած մեր բոլորին արդար դատը լուծուի:
Պրն. Դանիէլեանի պատգամին յաջորդեց «Ակօս»ի հայերէն բաժինի խմբագիր պրն. Սարգիս Սերոբեանի խմբակի ատենապետ Լորի Եթերեանի հետ ունեցած հարցազրոյցէն հատուածներու ցուցադրութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ այնքան ատեն որ նմանօրինակ երիտասարդ գրողներ գոյութիւն ունին, ապա պիտի շարունակուի արդարութեան եւ իրաւունքներու պահանջատիրութիւնը: Ան հաստատեց, որ սփիւռքի մէջ հայկական վարժարանները իրենց կրթական ծրագիրներուն կողքին ունին ազգային շունչ եւ հայու նկարագիր կերտելու մեծ պարտականութիւնը: Արժեւորելով վարժարանաի աշակերտական խմբակին գործունէութիւնը, պրն. Գալուստ վստահեցուց, որ մրցանքը երկրորդ տարին ըլլալով իր նպատակին ծառայած է, որովհետեւ աշակերտները անգամ մը եւս հաւաքուեցան ու խօսեցան հայութեան դատը յուզող հարցերուն շուրջ:
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնի խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ մասնակիցներու հաստատագիրներու յանձնումը, մրցանքի նշանակի տուչութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցանքին առաջին հանդիսացաւ Հայ աւետարանական քոլեճէն Շուշան Քէշիշեան, որ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղար պրն. Վարդան Ադամեանի ձեռամբ ստացաւ «Հրանդ Տինք»ի մրցանքին նշանակը: Նշենք, որ նշանակը անցնող տարի կը գտնուէր Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանին մէջ: Մրցանքին երկրորդ դիրքը գրաւեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն Դանիէլ Աւետիքեան, իսկ երրորդը՝ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն Վանա Ճենանեան։ Մրցանակիրները ստացան վերջին տարիներուն լոյս տեսած գիրքերու հաւաքածոներ։ Յայտնենք, որ այս տարի մրցանակակիրները Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստէն նաեւ ստացան աստիճանական կարգով նիւթական պարգեւներ:
Տնօրէնութիւնը այս առիթով կը շնորհաւորէ մրցանակակիրները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ մասնակից վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, նուիրուած գիրքերու հեղինակներուն, դատական կազմի անդամներուն եւ վարժարանի աշակերտական խմբակին, որոնք հաւաքական ճիգերով յաջողութեամբ պսակեցին այս նախաձեռնութիւնը:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ