Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2012 - Աղօթքի մարաթոն ի պատրաստութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան


Վատիկան

Օգոստոս ամսուընէ սկսեալ Միջին Արեւելքի քրիտոնեաները աղօթքի մարաթոն մը կազմակերպած են ի պատրաստութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան (14-16 սեպտեմբեր)։

Լիբանանի Պքերքէ շրջանէն մինչեւ Պաղտատ` անցնելով Ղազզայի Սուրբ Ընտանիք ժողովրդապետութենէն, նոյնանման աղօթքներ պիտի արտասանուին, մարոնիթ, մէլքիթ, քաղտէացի, ասորի եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու մէջ, մասնակցութեամբ նաեւ քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալներուն` յայտարարած առաքելական ճամբորդութեան ընդհանուր համադրիչ հայր Մարուան Թապէդ, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։ Ան նաեւ մատնանշած միջին արեւելքի քրիտոնեաներու «աճող խանդավառութեան» Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան նկատմամբ։

http://www.radiovaticana.org/arm/Articolo.asp?c=607357


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ