Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2013 - Հաւատքի Տարի - Նորընծաներու եւ նուիրեալ անձերու ուխտագնացութիւնը Սուրբ Պետրոսի Դամբանին

Վատիկան

Հաւատքի տարուան առթիւ, 4- 7 յուլիս  տեղի կ'ունենայ նորընծաներու եւ նուիրեալ անձերու ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբանը։ Ձեռնարկին բնաբանն է «Քեզի կը վստահիմ»։

Կիրակի, 7 յուլիս 2013-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ, Սուրբ պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր հայրական օրհնութիւնը պիտի ջամբէ ներկաներուն։

Վերոյիշեալ նախաձեռնութեան կը մասնակցին աշխարհի 66 երկիրներէ ժանանած շուրջ 6000 երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք կը հետեւին իրենց կոչումին։ Դէպի Սուրբ Պետրոսի դամբան ուխտագնացութիւնը  առիթ կ'ընծայէ երիտասարդներուն տօնելու եւ մեծ ուրախութեամբ վկայելու եկեղեցւոյ նոր աւետարանացման ծառայութիւնը։
Ուխտագնացութեան ընթացքին մասնակցողները առիթը պիտի ունենան վկայելու իրենց հաւատքը եւ խորացնելու իրենց անձնական յարաբերութիւնը Քրիստոսի հետ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհին փոխանցելու իրենց  ուրախութիւնը, որուն աղբիւրն ու ծագումը կը գտնուին Աստուծոյ յաւերժական Սիրոյ մէջ:

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/07/03/%D5%B0%D5%A1%D6%82%D5%A1%D5%BF%D5%B8%D5%B5_%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%AB%D6%89_%D6%84%D5%A5%D5%A6%D5%AB_%D5%AF%D5%A8_%D5%BE%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B0%D5%AB%D5%B4_-_%D5%B6%D5%B8%D6%80%D5%A8%D5%B6%D5%AE%D5%A1%D5%B6%D5%A5%D6%80%D5%B8%D6%82_%D5%A5%D6%82_%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%AB%D6%80%D5%A5%D5%A1%D5%AC_%D5%A1%D5%B6%D5%B1%D5%A5%D6%80%D5%B8/arm-707169

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ